19.3 C
Yerevan

Արցախն Առանց Հայե­րի

(Մաս 1‑ին)

Հարիւր հազար եւ աւե­լի արցախցի­նե­րու բռնի տեղա­հա­նումը Հայաստան, իշխա­նութիւննե­րուն համար ստեղծեց տիլե­մա­ներ որոնց մասին երբեք չէր մտա­ծուած Երեւա­նի մէջ:

Խ. Տէր Ղուկա­սեան

Նիկոլ Փաշի­նեա­նը Փրա­կա­յի մէջ Արցա­խը ճանչցաւ Ազրպէյճա­նի 86600 քառ. քմ. տարածքին մէջ: Արձա­նագրուած իրո­ղութիւն է պատմութեան համար: Այնպէս ինչպէս այս իշխա­նութիւննե­րու բառամթերքէն պատմա­կան հայկա­կան հողա­տա­րա­ծութեան հայե­րէն անուա­նա­կոչման բացա­ռումը եւ անոր պաշտօ­նա­կան փոխա­նա­կումը Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղով: Ընդհուպ մինչեւ հրա­պա­րա­կա­յին ներո­ղամտութեան հայցումը Արցա­խի սխալմամբ գործածման պարա­գա­յին… Փաշի­նեան չի՛ ժխտեր այդ մէկը: Ընդհա­կա­ռա­կը, առիթ չի՛ փախցներ հաստա­տե­լու որ, այո՛, այդպէս է: Կարծես հպարտ ըլլայ ըրա­ծին համար որպէս իրա­գործում: Կամ ալ, ինչպէս անոր դաւա­ճա­նութեան վստա­հութիւնն ունե­ցողնե­րը կը հաւա­տան, Արցա­խը Ազրպէյճա­նի մաս կազմե­լու ընդունումը իրեն համար իսկա­պէս հպարտա­ռիթ իրա­գործում մը ըլլայ, քանի որ միշտ ալ հաւա­տա­ցած է «Արցա­խը տանք, հանգիստ ապրինք» վարկա­ծին: Իսկ ատե­նին «Արցա­խը Հայաստան է, եւ վե՛րջ»ի նման յուզումնա­լից պոռթկումներ իր ամբո­խա­հա­ճո­յի բնազդին պատա­հա­կան, ոչ մտա­ծուած, ազդե­ցութեան տակ միայն ըրած ըլլա­լու է, եւ սխա­լած:

Կասկա­ծե­լի է, սակայն, որ «Արցա­խը տանք, հանգիստ ապրինք»ի տրա­մա­բա­նութեան մէջ ընդգրկուած ըլլար բնակչութեան բռնի տեղա­հա­նումը Հայաստան, էթնիկ զտումի ցեղասպա­նա­կան ծրագրի իրա­կա­նա­ցումը այնպէս ինչպէս զգուշա­ցուցած էր իրաւա­գէտ, Քրէա­կան Միջազգա­յին Ատեա­նի առա­ջին դատա­խազ Լուիս Մորե­նօ Օքամփօ Օգոստո­սի սկզբնաւո­րութեան Արցա­խի այն ժամա­նա­կուայ ամբողջա­կան շրջա­փակման հետեւանքնե­րուն մասին իր պատրաստած զեկոյցին մէջ: Ընդհա­կա­ռա­կը, եթէ Ազրպէյճա­նի կազմին մէջ Արցա­խի խաղաղ «ինտեգրումը» տեղի ունե­նար, ոչ միայն պիտի արդա­րա­ցուէր «տարա­ծաշրջա­նա­յին խաղաղ դարաշրջան»ի փաշի­նեա­նա­կան առա­ջարկը որպէս պետա­կան մարդու տեսլա­կան, այլ նաեւ պիտի հաստա­տուէր իր եւ Թաւշեայ Յեղա­փո­խութեան հէքիա­թա­գիրնե­րուն համո­զումը, որ ժողովրդա­վա­րութեան հայկա­կան «բրենդ»ը հզօր է այնքան որ կրնայ Շուշիի մէջ մուղա­մա­հունչ թէյա­սե­ղա­նով իրա­րու մօտ բերել երբեմնի թշնա­մի­նե­րը… Դժբախտա­բար, Ալիեւը դուրս չեկաւ այն քաղա­քա­կիրթ պետա­կան այրը որուն հետ Փաշի­նեան Արցա­խի բանակցութիւննե­րը զէրօ կէտէն սկսե­լու եւ բարե­յա­ջող աւարտին հասցնե­լու հաւակնութիւնը ունէր:

Հարիւր հազար եւ աւե­լի արցախցի­նե­րու բռնի տեղա­հա­նումը Հայաստան, իշխա­նութիւննե­րուն համար ստեղծեց տիլե­մա­ներ որոնց մասին երբեք չէր մտա­ծուած Երեւա­նի մէջ: Եւ ոչ միայն անոնց մարդա­սի­րա­կան օժանդա­կութեան հարցե­րով, որ յարա­բե­րա­բար լուծե­լի խնդիր է, ի մասնաւո­րի երբ Արցա­խը ազրպէյճա­նա­կան կազմին մէջ տեսնե­լու միջո­ցաւ միջազգա­յին օրա­կարգին վրա­յէն մէկ տագնապ հանե­լով շահագրգռուած շատ պետութիւններ պատրաստ են ընդա­ռա­ջե­լու Երեւա­նի թախանձանգին դիմումնե­րուն, եւ օժանդա­կութեան տրա­մադրե­լու: ԱՄՆ‑ի թէ Եւրո­պա­կան Միութեան երկի­նե­րու մէջ սփիւռքեան զօրա­շարժը, հայկա­կան «լոպպի»ն բաւա­կան կ’օգնէ, բայց ծանօթ է որ Հայաստա­նի քաղա­քա­կան վերնա­խաւը, ի մասնաւո­րի օրուայ իշխա­նութիւննե­րը, այդ մէկը յիշե­լու ընդհանրա­պէս դժկամ են… Արցա­խի բռնի արտա­գաղթի տիլե­մա­նե­րը Հայաստա­նի ներքին թէ արտա­քին, թերեւս նաեւ համա­հայկա­կան ‑եթէ այդ հարցով ակտիւա­նայ Սփիւռքի հետ Գործե­րու Յանձնա­կա­տա­րը, գոնէ իր գոյութեան մասին յուշե­լու համար…-, ոլորտնե­րուն մէջ աւե­լի խորքա­յին են, սկսե­լով արցախցի­նե­րու կարգա­վի­ճա­կէն մինչեւ տեղի ունե­ցա­ծին բնութագրումը որպէս պետա­կան ոճիր եւ ընդգրկումը արտա­քին օրա­կարգին վրայ, այնպի­սի պահու մը երբ «խաղա­ղութեան համա­ձայնագրի» մասին Փաշի­նեա­նը յառա­ջընթա­ցի յայտա­րա­րութիւն կատա­րած է:

Պատմութեան դառն հեգնանքն այն է, որ եթէ քանի մը ամիս առաջ Արցա­խի «ինտեգրումը» Ազրպէյճա­նի կազմին մէջ կրնար Պաքուի համար խնդիր ըլլալ, այսօր բռնի արտա­գաղթած արցախցի­նե­րու «ինտեգրումը» Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան քաղա­քա­ցիա­կան հասա­րա­կութեան մէջ Երեւա­նի համար մարտահրաւէ­րի վերա­ծուած է: Ինչ կը վերա­բե­րի պատա­հա­ծին քաղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան տալուն եւ հարցը, կոնկրետ՝ տեղի ունե­ցած ցեղասպա­նա­կան արարքը, միջազգա­յին օրա­կարգին վրայ հետապնդե­լու այլընտրանքին, հաւա­նա­բար այդ մէկը առկա­խուի սպա­սե­լով «խաղա­ղութեան համա­ձայնագրի» ճակա­տագրին: Ամէն պարա­գա­յի, դեռեւս Սումկայթի օրե­րէն, հայկա­կան դիւա­նա­գի­տութիւնը այնքան ալ ճիգ չէ ըրած «ցեղասպա­նութիւն» յղացքին, եւ հայ ժողո­վուրդի պատմա­կան աղի­տա­լի փորձութեան, տալու ռազմա­վա­րա­կան գործօ­նի հասկա­ցո­ղութիւն:
Այս բոլո­րը Արցա­խի յանձնումի պատասխա­նատւութեան հասցէա­տի­րոջ կրկին անգամ յիշեցման կարգով չէ: Արդէն ըսուե­ցաւ. Փաշի­նեանն է ընդունել Արցա­խը Ազրպէյճա­նի կազմին մէջ, եւ այդ պատմութեան համար արձա­նագրուած փաստ է: Հետեւա­բար, իմաստ չունի հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն մէջբե­րել Ռուսիոյ նախա­գահ Վլա­տի­միր Փութի­նին, որ, իր կարգին, առիթ չի փախցներ հրա­պա­րա­կա­յին կերպով յիշեցնե­լու թէ Արցա­խի ճակա­տա­գի­րը որո­շո­ղը հենց ինքն Փաշի­նեանն է եղած: Կարծես թէ Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կին մասին իր երբեմնի անո­րոշ յայտա­րա­րութիւննե­րը կրնան մոռցնել տալ, որ Ռուսիա ոչ միայն երբե՛ք չէ ճանչցած Արցա­խի անկա­խութիւնը, այլ դեռեւս հակա­մարտութեան սկիզբէն ի վեր ան դոյզն նշանն անգամ չէ տուած հայկա­կան հողա­տա­րածքը Ազրպէյճա­նի կազմէն դուրս տեսնե­լու պատրաստա­կա­մութեան: Թէկուզ եւ կայսե­րա­կան իր մարտա­վա­րա­կան հաշիւնե­րու անցո­ղա­կի տրա­մա­բա­նութեամբ, ինչպէս եղած է, ի մէջ այլոց, Աբխա­զիոյ կամ Հարաւա­յին Օսե­թիոյ պարա­գա­յին: Առանց տակաւին նշե­լու, որ Ազրպէյճա­նի դարպասման իր ճիգե­րու յաջո­ղութեամբ պսա­կումէն, այսինքն՝ երկու երկիրնե­րու միջեւ ռազմա­վա­րա­կան համա­գործակցութեան ստո­րագրումէն, յետոյ Ազրպէյճա­նի տարածքա­յին ամբողջա­կա­նութեան մասին Փութի­նի եւ իր կամա­կա­տարնե­րու բազմիցս կատա­րած յայտա­րա­րութիւննե­րու մէջ Արցա­խը հո՛ն տեսնե­լու բացա­յայտ թէ տողա­տակ հրա­պա­րա­կա­յին յուշումնե­րը:

Փաշի­նեա­նա­կան վարչա­կարգի մանթրա­նե­րէն է ռուս խաղա­ղա­պահնե­րը թէ, ընդհանրա­պէս, Ռուսիան մեղադրել հայկա­կան կողմի հետեւո­ղա­կան պարտութիւննե­րուն եւ ձախո­ղութիւննե­րուն համար: Ի մասնաւո­րի երբ ներքին թէ արտա­քին լսա­րաններ կան ուր նման աւրուած ձայնապնա­կա­յին կրկնութիւնը հաճե­լի երաժշտութեամբ կ’ունկդրուի: Այս թէզը ջրե­լու նպա­տա­կով Փաշի­նեա­նին մատնա­ցոյց ընող Փութի­նի ու իր շրջա­պա­տի յայտա­րա­րութիւննե­րով հանդէս եկողնե­րը միայն իրենք իրենց կը խաբեն եթէ կը կարծեն որ Մոսկուա­յի համար ընդունե­լի պիտի ըլլայ յետ-Փաշի­նեա­նա­կան որեւէ ազգա­յին իշխա­նութիւն, որ նուազ կախեալ ըլլայ Ռուսիա­յէն: Կամ՝ բացա­յայտօ­րէն ռուսա­մէտ իշխա­նութիւն մը պիտի կարե­նայ Մոսկուա­յին համո­զել, որ աւե­լի հայանպաստ քաղա­քա­կա­նութիւն վարէ, կամ մի գուցէ արցախցի­նե­րուն զանգուա­ծա­յին վերա­դարձին զօրակցի եւ կրկին օրա­կարգի դնէ Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կը: Ռուսա­կան կայսե­րա­կան քաղա­քա­կա­նութիւնն ու մեծ կապի­տա­լի շահագրգռուա­ծութիւնը Հայաստա­նը ընդհանրա­պէս դիտարկած են որպէս Ռուսիա­յէն բացարձա­կա­պէս կախեալ երկիր ու պետութիւն:

Արցա­խի հայա­թա­փումէն ի վեր առա­ջին անգամ ըլլա­լով իր տուած հարցազրոյցին մէջ, որուն մանրաասնե­րը հաղորդած է Infocom Թելեկրա­մա­յին հարթա­կը 28 Հոկտեմբեր 2023-ին, նախա­գահ Սամուէլ Շահրա­մեա­նը բացա­յայտօ­րէն ըսաւ. «Ռուսա­կան կողմը, կարե­լի է ասել, գտնւում էր դիտորդի կարգա­վի­ճա­կում, և մենք մեր հարցե­րը պէտք է ունակ լինէինք մենակ կարգաւո­րե­լու․ ռազմա­կան գործո­ղութիւննե­րի սկսուե­լուց ժամեր անց ես հասկա­ցել եմ, որ մենք մենակ ենք Ադրբե­ջա­նի այդ յարձակման դէմ»: Բացի այն իրո­ղութե­նէն որ հայա­թա­փուած Արցա­խի Նախա­գահն է որ հրա­պա­րա­կա­յին կերպով կը բացա­յայտէ ռուս խաղա­ղա­պահնե­րու չմի­ջամտութիւնը, այսինքն՝ Մոսկուա­յի լուռ համա­ձայնութիւնը ազրպէյճա­նա­կան վերջին, եւ վերջնա­կան, գռո­հին Արցա­խը կցե­լու, մնա­ցեա­լը հազիւ թէ անակնկալ ըլլայ: Պէտք չէ մոռա­ցութեան տալ այն փաստը, որ երբ ազրպէյճանցի զինուած ուժե­րը կը փակէին Բերձո­րի անցքը անոնց կ’ուղեկցէին ռուս զինուորներ, ինչպէս օրին սոցիա­լա­կան հարթակնե­րու վրայ տարա­ծուած վաւե­րա­կան արձա­նագրութիւն մը կասկած չձգեց: Բայց այդ իրո­ղութիւնը երբեք լուրջ հակազդե­ցութեան առիթ չտուաւ, հակա­ռակ որ յստակ խախտում մըն էր Նոյեմբեր 9‑ի Եռա­կողմա­նի Համա­ձայնութեան: Հայրե­նի քաղա­քա­կան բեմին վրայ իշխա­նութիւնն ու ընդդի­մութիւնը առի­թը կորսնցուցին եթէ ոչ կեցուածքներ մօտեցնե­լու, ապա գոնէ իրա­դարձութիւնն ու անոր թելադրած հետեւանքնե­րուն պատշաճ միասնա­կան գնա­հա­տա­կան տալու: Ըստ երեւոյթին, իշխա­նութիւննե­րուն համար աւե­լի կարեւոր էր բաւա­րա­րուիլ ռուսա­կան մեղսակցութեան փաստով եւ ոչինչ ընել, իսկ ընդդի­մութիւնը, ինչպէս առհա­սա­րակ, շատ զգոյշ գտնուե­ցաւ այդ փաստը մատնա­ցոյց ընե­լու պահուն, չըսե­լու համար որ լուռ կերպով նսե­մա­ցուց անոր պատգա­մը, հաւա­նա­բար ի մտի ունե­նա­լով Ռուսիոյ հետ բախում մը շրջանցե­լու անհրա­ժեշտութիւնը տարբեր հաշիւնե­րով:

[շարունա­կե­լի]

Աղբյուրը՝

https://horizonweekly.ca/en/%d5%a1%d6%80%d6%81%d5%a1%d5%ad%d5%a8-%d5%a1%d5%bc%d5%a1%d5%b6%d6%81-%d5%a1%d6%80%d6%81%d5%a1%d5%ad%d6%81%d5%ab%d5%b6%d5%a5%d6%80%d5%b8%d6%82-%d5%bc%d5%b8%d6%82%d5%bd%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6-%d5%b6/?fbclid=IwAR3LTr4qmi_o0Z4cVrB8CcM4F1T0x4aG-Vi-N3XsIjN4R-5_3jZGK8DVCyA

Առնչվող Հոդվածներ