19.3 C
Yerevan

Արցախն Առանց Հայե­րի

Մաս 2‑րդ

Յստակ է միայն, որ Արցա­խի հայա­թա­փումը արգելք չհանդի­սա­ցաւ հայ-ազրպէյճա­նա­կան բանակցութիւննե­րու դադա­րեցման: Ոչ ալ Արցա­խի հայա­թա­փումով ռուսա­կան զինուո­րա­կան ներկա­յութիւնը աւարտե­ցաւ հոն:

Խ. Տէր Ղուկա­սեան

Հարցազրոյցը, որ նախա­գահ Շահրա­մեան տուած է Արցա­խի Հեռուստա­տե­սութեան Ընկե­րութեան եւ ոչ թէ Հայաստա­նի մէջ ամե­նէն աւե­լի տարա­ծուած Հ1-ին, ինչպէս դիտորդներ նկա­տե­ցին փորձե­լով տարբեր մեկնա­բա­նութիւններ տալ երեւոյթին, լուռ կը մնայ Սեպտեմբեր 19‑ի նախորդած իրա­դարձութիւննե­րուն մասին: Եւ մինչեւ այսօր կան օդին մէջ կախուած հարցումներ սկսե­լով իր նախորդին՝ Արա­յիկ Յարութիւնեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նէն հասնե­լով Արցա­խի Ազգա­յին Ժողո­վի նախա­գա­հի փոփո­խութիւնը ի դէմս փոքրա­մասնա­կան խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխա­նեա­նի այդ պաշտօ­նին ստանձման, Շահրա­մեա­նի ընտրութեան եւ անմի­ջա­պէս յետոյ ազրպէյճա­նա­կան գռո­հին ու աղէ­տին: ՀՀ Ազգա­յին Ժողո­վի նախա­գահ Ալեն Սիմո­նեա­նը օրին շնորհաւո­րած էր Դաւիթ Իշխա­նեա­նին, բայց Շահրա­մեան ոչ մէկ շնորհաւո­րութիւն ստա­ցաւ ՀՀ իշխա­նութիւննե­րէն, ինչ որ առ նուազն տարօ­րի­նակ է: Դէպքե­րու յաջորդա­կա­նութիւնը պատեհ առիթ ընծա­յեց Փաշի­նեա­նա­կան վարչա­կարգին ինչպէս միշտ պատա­հա­ծէն իր ձեռքե­րը լուա­լու, եւ ընդդի­մութեան վրայ նետե­լու ամէն յանցանք: Յանկարծա­կի հայա­թա­փութեան շոքը վստա­հա­բար այնքան զօրաւոր է, որ ոչ միայն կարծես տակաւին հայութիւնը ընդհանրա­պէս չէ անդրա­դարձած անոր ձգե­լիք խորա­գոյն հոգե­խո­ցին ազգա­յին հաւա­քա­կան յիշո­ղութեան մէջ, այլ՝ բռնի տեղա­հա­նուած արցախցի­նե­րուն վիճա­կի անմի­ջա­կան հոգե­րուն թէ Ազրպէյճա­նա­կան նորա­գոյն յարձա­կումի մը անմի­ջա­կան մտա­հո­գութիւնը այնքան հրա­մա­յա­կան են, որ մոռա­ցութեան մատնած են Սեպտեմբեր 19‑ի անմի­ջա­կան նախօ­րէի դէպքե­րու պատճառնե­րուն մասին էական հարցումներ: Կը մնայ որ այդ հարցումնե­րուն բացա­յայտումնե­րը հաւա­նա­բար բացատրեն նաեւ արցախցի­նե­րու ներկա­յի թէ ապա­գա­յի ամէն ձեւի հարցա­կաննե­րու անպա­տասխան մնա­լը, ինչպէս օրի­նակ Ազգա­յին Ժողո­վի նիստ, աքսո­րեալ կառա­վա­րութիւն, կարգա­վի­ճակ…

Յստակ է միայն, որ Արցա­խի հայա­թա­փումը արգելք չհանդի­սա­ցաւ հայ-ազրպէյճա­նա­կան բանակցութիւննե­րու դադա­րեցման: Ոչ ալ Արցա­խի հայա­թա­փումով ռուսա­կան զինուո­րա­կան ներկա­յութիւնը աւարտե­ցաւ հոն:

Այսպէս, Հոկտեմբեր 30-ին ԱԺ‑ի մէջ 2024թ․ պետա­կան պիւտճէի նախագծի քննարկման ժամա­նակ, Փաշի­նեան տեղե­կա­ցուց որ արդէն համա­ձայնութիւն գոյա­ցած է երեք սկզբունքնե­րու շուրջ՝ տարածքա­յին ամբողջա­կա­նութեան փոխա­դարձ ճանա­չում թուա­յին ճշգրտութեամբ, սահմա­նա­զերծում համա­ձայն Ալմա­թիի Հռչա­կարգրին, եւ տարա­ծաշրջա­նա­յին հաղորդակցութեան միջոցնե­րու բացում ինքնիշխա­նութեան իրաւա­զօ­րութեան հիման վրայ: Այս վերջին կէտով, Փաշի­նեան յաւե­լեալ բացատրութիւն տուած է. «Այս սկզբունքի վերա­բե­րեալ մեր դիրքո­րո­շումնե­րը մենք վերջերս ամփո­փե­ցինք՝ «Խաղա­ղության խաչմե­րուկ» նախագծին ամբողջա­կան և հայե­ցա­կարգա­յին տեսք տալով»։ Այսինքն՝ Արցա­խը Հայաստան չէ, իսկ Հայաստա­նը իր ապա­գան կը տեսնէ տարա­ծաշրջա­նին մէջ կառուցուե­լիք «խաղա­ղութեան խաչմերուկ»ի ծրագրին ընդմէ­ջէն:

Զուգա­հե­ռա­բար, ըստ նոյն օրուայ, Հոկտեմբեր 30, ռուսա­կան պաշտպա­նութեան ամե­նօ­րեայ տեղե­կագրին, «Ռուսա­կան խաղա­ղա­պահ զօրա­խումբը կը շարունա­կէ խնդիրնե­րու կատա­րումը Ղարա­բա­ղի տարածքին մէջ: … Անընդմէջ համա­գործակցութիւն կը պահպա­նուի Պաքուի հետ‘ ուղղուած արիւնա­հե­ղութիւն չարտօ­նե­լուն, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապա­հովման եւ բնակչութեան նկատմամբ միջազգա­յին օրէնքի արժե­չա­փե­րու պահպանման: … Ճանա­պարհա­յին ուղղութիւննե­րով երթեւե­կի անվտանգութեան ապա­հովման նպա­տա­կով վեց դիրք տեղա­կա­յուած է, երկուքը‘ ազրպէյճա­նա­կան կողմին հետ միա­սին»: Այսինքն՝ թէկուզ եւ Սեպտեմբեր 19-էն Արցա­խի մէջ ռուս խաղա­ղա­պահնե­րու 24 դիտա­կէ­տեր փակուած են, այնուա­մե­նայնիւ ռուսա­կան զինուո­րա­կան ներկա­յութիւնը կը շարունա­կուի Պաքուի հետ համա­ձայնա­բար, առանց խաղէն դուրս մնա­ցած Հայաստա­նին կարծի­քը հարցնե­լու: Ինչպէս 1895-ին Ցարա­կան Կայսրութեան արտա­քին գործ նախա­րար դարձած Լոփա­նո­վը կ’ըսէր «Հայաստա­նը մեզ պէտք է առանց հայե­րու, թող այդ կեղտոտ գործը մեզ համար ընեն թուրքե­րը», այսօր ալ կարծես Ռուսիոյ Արցա­խը պէտք է առանց արցախցի­նե­րուն, այդ կեղտոտ գործը իրենց համար արդէն ըրին ազրպէյճանցի­նե­րը…

Այդ մէկը կը խանգա­րէ՞ Փաշի­նեա­նա­կան վարչա­կարգին: Հարցումը կրնայ վիրաւո­րա­կան թուիլ, ընդվզում առա­ջացնել թերեւս, բայց իրո­ղութիւն է որ հակա­ռակ փոխա­դարձ ամբաստա­նութիւննե­րուն, Փաշի­նեա­նա­կան եւ Փութի­նեան վարչա­կարգե­րը խորքին մէջ կարծես լուռ համա­խո­հութեան հասած էին Արցա­խը Ազրպէյճա­նի մաս համա­րե­լու հարցով: Ըսենք՝ երկուքին շահե­րը համընկած էին: Հետեւա­բար, հիմա որ այդ հարցը իրո­ղա­պէս դուրս բերուած է օրա­կարգէն, չկայ Մինսքի Խումբ, եւ հազիւ թէ յղում կը կատա­րուի արդէն բազմիցս խախտուած Եռա­կողմա­նի Համա­ձայնագրին, կը մնայ «Խաղա­ղութեան խաչմերուկ»ի ծրա­գի­րը եւ անոր իրա­կա­նացման շահագրգռութիւնը: Կասկած չկայ որ երկու վարչա­կարգե­րը իրա­րու հանդէպ ունին քաղա­քա­գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան խոր հակակրանք, որուն հրա­պա­րա­կա­յին արտա­յայտութիւննե­րուն մէջ ակտիւօ­րէն դերա­կա­տար եղան եւ են ե՛ւ մէկ կողմի, ե՛ւ միւս կողմի առաւել թէ նուազ ներկա­յա­ցուցիչ դէմքեր: Այդ հակակրանքը վստա­հա­բար չի՛ դիւրացներ Հայաստա­նի եւ Ռուսիոյ քաղա­քա­կան մօտե­ցումը՝ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան համա­ձայնութիւննե­րու կամ շահե­րու համա­խո­հութիւն գոյացնե­լու համար: Սակայն, անպայմա­նօ­րէն արգելք ալ չի հանդի­սա­նար աշխարհատնտե­սա­կան մօտե­ցումով կապի­տալ ներդրումնե­րու շահագրգռութիւննե­րու կարե­լիութեան եւ մինչեւ իսկ առկա­յութեան:

Ռուսա­կան դրա­մագլուխ ներդրումնե­րու շահագրգռութիւն տարա­ծաշրջա­նին մէջ առանց որ այդ մէկը պայմա­նաւո­րուի ռուսա­կան զինուո­րա­կան ներկա­յութեամբ, Գիւմրիի խարիսխին կամ ՀԱՊԿ-ին… «Բոլոր կարե­լի աշխարհնե­րուն լաւա­գոյնը», պիտի ըսէր Վոլթէ­րի Քանտիտ վէպի կերպարնե­րէն՝ Փանկլո­սի հայաստա­նեան տարբե­րակ մը Թաւշեայ շրջա­նա­կէն կամ անոնց օրգա­նա­կան մտաւո­րա­կաննե­րու ցանկէն: Մոռնա­լով որ այդ շահագրգռութիւնը կրնայ եւ առա­ջա­նալ Ազրպէյճա­նի որո­շումով՝ առանց Սիւնի­քի Հայաստան, Էրի­վան դարձած Երեւան, եւ Կովկա­սի մէջ ռուսա­կան ներկա­յութեամբ մը, որ Արցա­խը առանց արցախցի­նե­րու ընդունե­լէ յետոյ, կրնայ եւ Լոփա­նո­վեան ցինիզմը գրե­թէ բառա­ցիօ­րէն վերա­կենդա­նացնել:

Աւարտե­լու համար նշենք, որ այս զգուշա­ցումը հակա­ռուսա­կա­նութեան հրահրման նպա­տա­կաուղղուած չէ, նուազ՝ Փաշի­նեա­նա­կան ուղե­գի­ծի արդա­րացման: Ընդհա­կա­ռա­կը, կասկած չկայ, որ Փաշի­նեա­նա­կան վարչա­կարգի արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան օրա­կարգին Ռուսիոյ հետ յարա­բե­րութիւննե­րու կարգաւո­րումը աղի­տա­լի կերպով ձախո­ղած է: Բայց այդ ալ չէ հիմնա­կա­նը, որովհե­տեւ ի՛նչ ալ ըլլայ Քառա­սունչորսօ­րեայ Պատե­րազմի պարտութեան ներկայ շարունակման գործընթա­ցին աւարտը, ամբողջ սերունդի մը համար, եւ թերեւս աւե­լի, Հայաստան «հայրենիք-պետութիւն»ը համա­ձայն Փաշի­նեա­նի վերջին սոփեստութեան, կրնայ մատնուիլ մոռա­ցութեան եւ միջազգա­յին օրա­կարգին վրայ նուա­զա­գոյն հետաքրքրութիւն ներկա­յացնող, ձեւա­կա­նօ­րէն գերիշխան բայց իրո­ղա­պէս ենթիշխան երկիր-հողա­տա­րածքնե­րու ցանկին, առանց որեւէ դերա­կա­տա­րութեան հաւակնութեան, անկախ թէ երկրի վարչա­պե­տը քանի լուսանկա­րի մէջ կ’երեւայ, կամ մէկ նախա­գա­հը ինչ պաղպա­ղակ կ’ուտէ, իսկ միւսը որ լսա­րա­նին կողմէ ծափա­հա­րուե­լու համար դաշնակ կը նուա­գէ… Ատոր պատճառնե­րէն մէկը պիտի ըլլայ նաեւ այն որ անկա­խութե­նէն ի վեր, եւ թերեւս անկէ առաջ՝ խորհրդա­յին տարի­նե­րուն իսկ, Ռուսիոյ հետ յարա­բե­րութիւննե­րու մասին քաղա­քա­կան բանա­վէ­ճը երբեք չհա­տեց 19-րդ դարէն ի վեր հայ-ռուսա­կան յարա­բե­րութիւննե­րու քլի­շէ պատումնե­րու սահմա­նը՝ աւե­լի մասնա­գի­տա­կա­նօ­րէն անդրա­դառնա­լու համար անոր բարդ ենթա­խորքին: Իսկ այդ քլի­շէ­նե­րուն վերջի­նը, «հաւա­քա­կան Արեւմուտք» ընդդէմ Ռուսիոյ Կովկա­սի մէջ ներկա­յութեան, աւե­լի շատ շփոթ պատճա­ռող պատումն է, որ եւ կարծես պայմա­նաւո­րած ու կաշկանդած է ռուս-հայկա­կան յարա­բե­րութիւննե­րու Հայաստա­նի համար կենսա­կան ու մնա­յուն բանա­վէ­ճը:

Վերջ

Աղբյուրը՝ Horizonweekly.ce կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ