25.7 C
Yerevan

Ինքնաքննա­դա­տության Հրա­մա­յա­կա­նը

Երբ հանրա­յին կերպով, կազմա­կերպութեան մը որդեգրած քաղա­քա­կա­նութիւնը քննարկե­լու եւ գնահատելու/քննադատելու առիթ չստեղծուիր՝ այդ կազմա­կերպութիւնը կրնայ դառնալ կրաւո­րա­կան կամ լճա­ցած։

Արա Խանջյան

Վերջերս, «Ասպարէզ»ի ընթերցող մը կարճ յօդուա­ծով մը կը քննա­դա­տէ «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը, որովհե­տեւ թերթին մէջ տպուած էր յօդուած մը, որուն միայն երկու պարբե­րութիւննե­րուն մէջ, Հայաստա­նի վերա­բե­րեալ ՀՅԴի որդեգրած ուղղութե­նէն տարբեր կարծիք արտա­յայտուած էր եւ ան կը պահանջէ, որ այլեւս «Ասպարէզ»ը ՀՅԴի ուղղութե­նէն տարբեր միտքեր արտա­յայտող յօդուածներ չտպէ։

Արդեօք Դաշնակցութիւնը պէ՞տք է առիթ տայ դաշնակցա­կան մամուլին մէջ հրա­տա­րա­կե­լու յօդուածներ, որոնք Դաշնակցութեան որդեգրած ուղղութե­նէն տարբեր միտքեր կ՛արտայայտեն։ Իմ կարծի­քով՝ այո։

21րդ դարուն, ինչպէ՞ս կարե­լի է Դաշնակցութեան շուրջ հաւա­քել անկախ մտա­ծող մտաւո­րա­կաններ, եթէ այդ մտաւո­րա­կաննե­րը իրաւունք պիտի չունե­նան ազա­տօ­րէն մտա­ծե­լու եւ երբեմն ալ Դաշնակցութեան ուղղութե­նէն դուրս ելլե­լու եւ, ինչու չէ, երբեմն ալ ՀՅԴի որդեգրած քաղա­քա­կա­նութիւնը վերլուծե­լու ու քննա­դա­տե­լու։

Երբ թոյլ չտանք, որ մեր կարծի­քէն դուրս ուրիշ կարծիքներ ներկա­յա­ցուին մեր մամուլին մէջ, մտաւո­րա­կաննե­րէն ոմանք մեզմէ կրնան հեռա­նալ, որուն պատճա­ռով կրնանք դառնալ աւե­լի անհանդուրժող ու գործադրել աւե­լի խիստ գրաքննութիւն։ Այս պատճառ կը դառնայ, որ ուրիշ մտաւո­րա­կաններ ալ հեռա­նան մեզմէ։ Այլ խօսքով՝ կը մտնենք անա­ռակ շրջա­նա­կի մը մէջ, (vicious cycle) աւե­լիով կորսնցնե­լով մեր շուրջի անկախ մտա­ծող մտաւո­րա­կաննե­րը եւ կամաց կամաց նմա­նե­լով աղանդի մը։

Երբ հանրա­յին կերպով, կազմա­կերպութեան մը որդեգրած քաղա­քա­կա­նութիւնը քննարկե­լու եւ գնահատելու/քննադատելու առիթ չստեղծուիր՝ այդ կազմա­կերպութիւնը կրնայ դառնալ կրաւո­րա­կան կամ լճա­ցած։

Դաշնակցութեան համար ամէ­նէն դիւրին քայլը գրաքննութեան ենթարկելն է յօդուածնե­րը, որոնք կը տպուին դաշնակցա­կան մամուլին մէջ։ Սակայն, եթէ կ՛ուզենք, զօրա­նալ եւ աւե­լի մեծ թիւով մտաւո­րա­կաններ ու ժողո­վուրդ մեր շուրջը հաւա­քել՝ պէտք է որդեգրենք դժուար ճամբան եւ ունե­նանք ինքնավստա­հութիւնը մեր մամուլը տրա­մադրե­լու անկախ մտա­ծող մտաւո­րա­կաննե­րու, որոնք երբեմն ալ ՀՅԴի որդեգրած ուղիէն տարբեր կարծիքներ կրնան արտա­յայտել։ Անշուշտ, այդ յօդուածնե­րը պէտք է ըլլան հիմնաւո­րուած, քաղա­քա­վար, պատշաճ եւ ոչ-անձնա­կա­նա­ցուած։ Դաշնակցա­կան մտաւո­րա­կաննե­րը կրնան անդրա­դառնալ այդ յօդուածնե­րուն եւ նոյն հարթա­կին վրայ կրնան քննարկել ու աւե­լի լաւ կերպով բացատրել հանրութեան Դաշնակցութեան որդեգրած քաղա­քա­կան ուղղութիւննե­րը։ Այդ քննարկումնե­րէն կրնան մէջտեղ գալ աւե­լի արդիւնաւոր ու բարե­լաւուած քաղա­քա­կան ուղղութիւններ, դրա­կա­նօ­րէն նպաստե­լով ՀՅԴի գործունէութեան։

Յուսամ «Ասպարէզ»ը կը շարունա­կէ տեղ տալ գրողնե­րու, որոնք երբեմն ՀՅԴի քաղա­քա­կա­նութե­նէն տարբեր միտքեր կը շօշա­փեն։

Աղբյուրը՝

https://asbarez.am/%d5%b0%d5%b5%d5%a4%d5%ab-%d5%b8%d6%80%d5%a4%d5%a5%d5%a3%d6%80%d5%a1%d5%ae-%d5%b8%d6%82%d5%b2%d5%b2%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%a5%d5%b6%d5%a7%d5%b6-%d5%bf%d5%a1%d6%80%d5%a2%d5%a5%d6%80-%d5%b4%d5%ab%d5%bf/?fbclid=IwAR0zBIH6-InjMRq7DTJ1kM1sc7c8BTcIj2W4W2Gi8ciUSQp7nmMQQCt1aFA

Առնչվող Հոդվածներ