Սփիւռք

Թրքական Կայսերապաշտութեան Հաշուեյարդարը

2020 թուականի վերջաւորութեան Արցախի գոյամարտի մէջ մեր ձախողութիւնները իրականութեան մէջ կատարելապէս ուրիշ և աւելի բանական բացատրութիւն ունին ու աւելի պարզ պատճառ:

Հրազդան Սարգիսի Զէյթլեան

Արցախի գոյամարտին 2020-ի վերջաւորութեան մեր ձախողութիւնները բացատրել փորձող երկու սխալական մօտեցումներ լայն տարածում գտան հայկական քաղաքական մամուլին մէջ և ընկերային ցանցերուն վրայ, հակառակ իրենց պարզունակ և կրկնաբանական տրամաբանութեան:

Առաջինը, որ թէև հազիւ թէ համոզեց Հայաստանի Յունիսեան ընտրութիւններու քուէարկածներէն քիչ մը աւելի քան մէկուկէս առ հարիւրը միայն, կը շարունակուի առաջ քշուիլ Լևոն Տէր Պետրոսեանի և ՀԱԿի կողմէ և այն է որ ձախողեցանք քանի որ չհետապնդեցինք հարցի լուծման աւելի «լուրջ», աւելի «ռացիոնալ» մօտեցում ինչպէս իրենք կը սիրեն ըսել (երևի հայերէն «բանական» բառը չգործածելով աւելի հաւատալի կը դառնայ իրենց տեսակէտը): Ըստ ասոնց, աւելի ռացիոնալ մօտեցում մը եղած պիտի ըլլար նախկին ԼՂԻՄի շուրջ մեր ինիսունական թուականներուն ազատագրած պատմական հայապատկան հողերը արագ վերադարձնելը «փոխզիջումներով», վաստկելու համար ապագային Ատըրպէյճանի սահմաններուն մէջ տակաւին Արցախեան ինքնորոշման քուէարկութիւն անցկացնելու իրաւունքին խոստումը, ազերի «գաղթկաններուն վերադարձէն» ետք…: Պարզապէս զաւեշտական է այս մօտեցումը, ներառեալ քանի որ հակառակորդ կողմերէն միայն մե՛նք է որ միշտ «փոխզիջումներով» զբաղցուեցանք իսկ «Ատըրպէյճան» միայն ու միայն մերժե՛ց ՈՐԵՒԷ «փոխզիջում»:

Երկրորդ մօտեցումը, մանրավաճառուած Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ որ իր մատչելիութեամբը համոզեց ձախողութենէն խոնջած մեծամասնութիւնը, այն է որ մենք ձախողեցանք 2020-ի վերջաւորութեան քանի որ ըստ իրեն ամէն ինչ սխալ ըրած էինք մինչև 2018, և բաւարար ժամանակ չէր եղած 2018-էն 2020 սխալները շտկել…:

2020 թուականի վերջաւորութեան Արցախի գոյամարտի մէջ մեր ձախողութիւնները իրականութեան մէջ կատարելապէս ուրիշ և աւելի բանական բացատրութիւն ունին ու աւելի պարզ պատճառ:

Փետրուար 1988-ին Արցախեան Շարժումը սկսաւ Ստեփանակերտի մէջ ո՛չ տեղական ինքնավարման պահանջով (Արցախը խորհրդային լուծի տակ ԼՂԻՄ «ինքնավար» մարզ մըն էր արդէն ըստ կարգավիճակի սահմանումին), այլ Արցախի Ատըրպէյճանէն անկախացումին և Հայաստանին միացումին պահանջով: Արցախեան Շարժումը շուտով վերածուեցաւ հայկական աննախադէպօրէն մասսայական ազգային շարժումի մը թէ՛ Արցախի և թէ՛ Հայաստանի մէջ. շարժումի մը որու հիմնական առաջատար նպատակը խորհրդային իշխանութեան կողմէ թրքական ժողովուրդներու սիրաշահման զոհաբերուած Արցախին Ատըրպէյճանի բռնակցման պատմական անարդարութեան և Արցախի Հայաստանէն մասնատումին սրբագրումն էր: Ազգային արդարութեան վերահաստատման հզօր այդ շարժումը դարձաւ առանց որևէ չափազանցումի ա՛յն կայծը որմէ սկսաւ ապազգային խորհրդային կառուցուածքին փլուզման խառոյկը և խորհրդային իշխանութեան փոշիացումը, երբ մէկը միւսին ետևէ խորհրդային լուծի տակ ազգ-հանրապետութիւնները ներառեալ Ռուսիան ոտքի կանգնեցան անկախութիւն հռչակելով:

Արցախը Ատըրպէյճանին կցումը 1923-ին Ստալին բռնապետի ֆիաթով խորհրդային իշխանութեան կողմէ թրքական կայսերապաշտութեանը սիրաշահելու և դրամատիրական Արևմուտքի դէմ դարձնելու դաւ մըն էր որ յաջողելու ո՛չ մէկ գրաւական ունէր և որ լմա՛ն ձախողեցաւ երբ Թուրքիա դարձաւ և մնաց ՆԱԹՕ-ի անդամ՝ ցայսօր:

Քանի որ Արցախը խլուած էր Հայաստանէն թրքական կայսերապաշտութեան սիրաշահման համար հիմնականօրէն (ուրիշ պատճառ գոյութիւն չունէր Հայ մեծամասնութեամբ պատմականօրէն հայապտկան այս շրջաններուն Հայաստանէն պոկումին), ապա ուրեմն՝ Արցախի խլումը անուղղակի արգասիքն էր և ըստ արդիւնքի բաղկացուցիչ մասը հայութեան թիւի բռնութեամբ նուազեցման, Հայաստանի մասնատումին և տկարացումին օսմանեան, իթթիհատական, քեմալական թէ յետքեմալական թրքական պետութեան շարունակական կայսերապաշտական քաղաքականութեան պատմական չարիքին:

Ուրիշ խօսքով, Արցախի անկախացման դատը մասնիկն էր Հայ ժողովուրդի դիմադրութեան՝ թրքական կայսերապաշտական պետական քաղաքականութեան որ 19-րդ դարու վերջէն սկսեալ կը նպատակադրէ ուղղակի և անուղղակի միջոցներով Հայութեան ջնջումը, և Մեծ Եղեռնէն ետք վերապրած Հայաստանի մասնատումը և շարունակական տկարացումը:

Արցախի 1990-ական թուականներու ազատամարտիկներո ՛ւն համար Արցախի դատը մասնիկն էր մասնատուած Հայաստանի վերաամբողջացման, հայութեան ազգահաւաքին և հայապատկան բռնագրաւուած հողերու ազատման արդա՛ր ազգային ազատագրական պայքարին: Արցախի դատի լուծումը առանձին կարելի չէր դիտել ընդհանրապէս Հայ Դատի պատմական լուծումէն: Այս իմաստով Արցախեան գոյամարտը բնակա՛ն շարունակութիւնն էր 1970/80-ական թուականներու Հայ Դատի լուծումը պահանջող սփիւռքեան հայ մարտիկներու պայքարին, պայքար մը որ իր կարգին պատմական Հայ յեղափոխական շարժմանը վերանորոգումն էր:

Արցախեան պայքարը ուրեմն բնաշրջական եղափոխութիւնն ի՛սկ էր պատմական Հայ Յեղափոխութեան որ սկսած էր Արցախեան Շարժման սկիզբէն ուղիղ մէկ դար առաջ, 1880-ական թուականներու վերջաւորութեան:

Եւ երբ յատկապէս Արցախի ազատամարտիկներու աննկո՛ւն առաջատարութեամբ (ճակատներէն ազդելով հայկական պետական մարտավարութեան ուղղութեան վրայ), նորանկախ Հայաստանի նորըստեղծ բանակի մասնակցութեամբ հայութիւնը յաղթեց 1992-էն 1994-ին, կը թուէր թէ Արցախի և Հայաստանի վերամիացման պատմական ժամը հասած էր:

Յարակարծականօրէն, և անբնականօրէն յաղթական կողմին համար, Հայաստանի նորանկախ պետականութեան անդրանիկ ղեկավարութիւնը Լևոն Տէր Պետրոսեանի հիմնականօրէն սխալական բայց տիրապետող մօտեցումներով, այդ ճի՛շտ մոմենտին, չյայտարարեց Հայաստանի և Արցախի միացումը և անհասկնալիօրէն, հակառակ մեր յաղթանակին, որոշեց ենթարկուիլ մեր շահերը չբաժնող և մեր շահերուն հակասող , իրե՛նց շահերէն մղուած օտար պետութիւններու նենգ և անձնասէր խրատներուն, մինչև իսկ Արցախի անկախութիւնը չճանչցաւ բան մը որ անհեթեթութեան գագաթնակէտն էր և է ՛ տակաւին:

Օտար, տարբեր պետութիւններու շահերը ընդհանրապէս թրքամէտ էին 1994-ին և ե՛ն տակաւին, մի՛շտ կը նախընտրեն Հայաստան գործածել իբրև ճնշման լծակ՝ աւելի մեծ Թուրքիան և թրքական աշխարհը պահելու համար իրենց ծիրին մէջ կամ սիրաշահելու իրենց ազդեցութեան շրջանակին մէջ: Անսալ օտար պետութիւններու չանկեղծ յորդորներուն և չճանչնալ Արցախի անկախութիւնը ինիսունականներու մեր յաղթանակներէն ետք սխալ մըն էր որ պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ իբրև ամէնէն ծանրակշիռ սայթագում եւ սխալ մը որ յանգեցաւ մեր վերջին ձախողութիւններուն:

Եթէ ատենին Արցախը Հայաստանի մաս հռչակուած ըլլար, Արցախի վրայ յարձակում Հայաստանի սահմաններուն վրայ յարձակում պիտի ըլլար, սկզբունքով կիրարման մէջ դնելով Հայաստանի պաշտպանողական դաշինքները. դաշինքներ որ չգործադրուեցան 2020-ին ըստ յայտարարութեանց որովհետեւ Արցախը Հայաստանի մաս չէր, պաշտօնապէս նոյնիսկ Հայաստանի համար:

Տէր Պետրոսեանի համար ռացիոնալ փոխզիջումներով կարելի էր և կարելի է լուծել Արցախի դատը: Խորհրդային ապազգային մշակոյթի ուղեղալուացման և ժողովուրդներու եղբայրութեան առասպելին հաւատացած համայնավար միջազգայնական հօր մը ազդեցութեան տակ դաստեարակուած այս մարդը հակառակ իր պատմաբանական ուսումին չկրցաւ ըմբռնել տարրականը՝ թրքական ցեղապաշտութեան անզիջող կուսակրօնութեան եօթը հարիւր տարիներու այլամերժականութիւնը և այս ցեղապաշտութեան հիմնականօրէն քանդիչ դերը Արցախեան դատի հոլովոյթին վրայ:

Հակառակ ակադեմիկոսի իր մտաւորական ենթադրելի պաշարին որ զինք պատրաստած պետք է որ ըլլար տեսնելու տարբեր պետութիւններու բարդ հակասութեանց մառախուղին ընդմէջէն Հայաստանի՛ ռազմավարական շահերու յստակ առաջնահերթութիւնը, Տէր Պետրոսեան կատարելապէս խափուեցաւ և Հայաստանը մխրճեց փոխան Արցախի անկախութեան ճանաչմամբ ամրագրուած, Արցախի միացման ռազմավարութեան, «փոխզիջողական» բանակցութիւններու երկար գործընթացի մը մէջ, ուր ամէն քայլափոխի օտար պետութիւնները Ատըրպէյճանի ամբողջականութեան հանկերգը նուագեցին, կէտեր արձանագրելով Թուրքիոյ և Ատըրպէյճանի հետ, ի վնաս մեզի և ի շահ իրենց: Հայաստանը մնաց աւազախռուած Արցախի ապագայ կարգավիճակի անյստակ «սթաթուսի» որոշման յետաձգման հոլովոյթի մը մէջ. Հայաստանը կրկնեց ու կրկնեց ինքնորոշման մարդկային իրաւունքի ճշմարտակութիւնը բոլորին խուլ ականջներուն: Ատըրպէյճանը պաշտպանուած անուղղակիօրէն օտար պետութիւններու կողմէ և իր դաշնակից Թուրքիոյ զօրաւոր ուղղակի աջակցութեամբ, պարզապէս մերժեց ՈՐԵՒԷ «փոխզիջում» և օրն ի բուն պատրաստուեցաւ՝ գերարդիական պատերազմի:

Ուրիշ խօսքով, Տէր Պետրոսեան մեր յաղթանակէն անմիջապէս ետք չորս  թանկագին տարիներ մսխեց ինքնորոշման սկզբունքին շուրջ բանակցութիւններով առանց որեւէ յաջողութեան, ինքնիշխանութիւնը Արցախը սկզբունքով ունէր խորհրդային ԼՂԻՄի օրերէն արդէն իսկ, երբ մեր հարցը՝ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ ՍԿՍԵԼՈՎ ՄԵԶՄԷ, ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌԶԱԿՈՒՄ և ՄԻԱՑՈ՛ՒՄ:

Ինքնորոշման սկզբունքի կիրարումը սահմաններու ամբողջականութեան սկզբունքի ծիրին մէջ միայն կրնար յանգիլ լաւագոյն պայմաններու տակ ինքնավարութեան որ Արցախի ԼՂԻՄեան անցեա՛լն էր, Ատըրպէյճանի սահմաններուն մէջ և ատըրպէյճանական ճնշող լուծի տակ: Հայաստանը երբեք պէտք չէր որ ընդունէր իրերամերժ այս երկու սկզբունքներու բոլորակային անելը, և յստակօրէն կեդրոնանար ինքնորոշման սկզբունքին վրայ հիմնուած անկախացումի իրականութեան վրայ – ասիկա կարելի էր ընել յստակօրէն մերժելով սահմաններու ամբողջականութեան սկզբունքը ԼՂԻՄ-ի Խորհրդարանի 20 Փետրուար 1988-ի Հայաստանի հետ միաւորման որոշման հիման վրայ: Ինքնորոշումի այս որոշումը անկախացման և Հայաստանի հետ միացումի ժողովրդավարական անժխտելի որոշում էր:

Տէր Պետրոսեանի զոյգ սկզբունքներու նկատառման մօտեցումը այնքան անյաջող դարձաւ որ ի վերջոյ իր ամէնէն մօտիկ գործընկերները իրեն կից տուին և զինք ճամբու դրին: Սակայն, հակառակ իր հրաժարականին, հայկական պետութեան առաջին ղեկավարին և իր կողմնակի անձնաւորութիւն Ժիրայր Լիպարիտեանի մօտեցումները դժբախտաբար դարձան չխոստովանուած տոկմա իր յաջորդներուն համար ևը՛ս:

Ընդհանրապէս, երբ նոր պետութիւններ իրենց անդրանիկ ռազմավարական մօտեցումները կը բանաձևեն և կը դնեն պետական գործադրութեան, գնացքը կը շարժի այդ որոշ ուղղութեամբ և միայն հզօր յեղափոխութիւն մը կրնայ հիմնականօրէն փոխել գնացքի ուղղութիւնը: Մեր պարագային, մէկը միւսին ետևէն ներպալատական փոփոխութիւններով իշխանութիւն ստանձնած Քոչարեան և Սարգսեան շարունակեցին զանազան պզտլիկ տարբերութիւններով Տէր Պետրոսեանի նոյն հիմնականօրէն սխալական մօտեցումը:

2018-ի Տէր Պետրոսեանի գաղափարական սանուկ Փաշինեանի թաւշեայ շարժումն ալ դժբախտաբար փաստօրէն ո՛չ մէկ շօշափելի փոփոխութիւն բերաւ Հայաստանի հիմնականօրէն Տէր Պետրոսեանական Արցախեան քաղաքականութեան մէջ, որ մնաց եզերուած ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկելիութեան բանավէճով, սահմաններու ամբողջականութեան սկզբունքին ծիրին մէջ:

Հակառակ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքի իր չարաշահումին քանի որ ինքնավար Արցախը Ատըրպէյճանի սահմաններէն ներս կը գտնուէր, թրքական դրդումով, Ատըրպէյճանը տիպականօրէն ա լա թուրքա հետաքրքրուած չէր որևէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքնով՝ ընդհանրապէս: Ո՛չ ինքնավարութեան սկզբունքով (տես ԼՂԻՄ-ի լուծարումը Ատըրպէյճանի կողմէ 1991-ին), ո՛չ ալ նոյնիսկ սահմաններու անձեռմխելիութեան սկզբունքով (տե՛ս 2021-ին Հայաստանի սահմանները փոխելու իր բռնի փորձերը այս օրերուս): Սումկայթէն Գէտաշէն և Հատրութէն Սև Լիճ, Ատըրպէյճանը հետաքրքրուած էր և է միայն ու միա՛յն հայութեան վտարումով և հայկական հողերու բռնի խլումով:

Հայաստանը առաջին օրէն իսկ, ինիսունական թուականներէն պէտք է որ յայտարարեր ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՕՐԷՆ որ հարցը ինքնավարութեան հարց չէր, նախկին ԼՂԻՄը ինքնավար էր Արցախեան շարժման սկիզբէն առաջ, հարցը Արցախի ԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄՆ ԷՐ և ՎԵՐԱՄԻԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ հետ իբրև թրքական կայսերապաշտութեան Հայաստանի և հայութեան քանդումին ի դէմ ՀԱՅ ԴԱՏԻ լուծման հոլովոյթի ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՐԸ:

Մեր պետական ղեկավարութեան սխալը ռացիոնալիզմի պակասը կամ սխալները շտկելու ժամանակ չունենալը չէր… Մեր պետական ղեկավարութեան սխալը եղաւ և է ա՛յն որ Ատըրպէյճանի հայաջնջման փորձը չդիտեց իբրև թրքական ֆաշականութեան նորովի դրսևորումը Արցախեան գոյամարտի սկիզբէն մինչև այսօր, նոյնիսկ քարասունչորս օրերու մեր ձախողութիւնէն ետք, ձախողութիւն մը ի դիմաց թուրք բանակի և սպայակոյտի լայնամասշտաբային ղեկավարային մասնակցութեան Ատըրպէյճանի Արցախի վրայ յարձակման մէջ:

Մեր պետական ղեկավարութեան սխալը՝ երևակայելու անկարողութիւնը եղաւ. չկրցան մտքով տեսնել որ թշնամին Ատըրպէյճանը չէր միայն, և չկրցան կանխատեսել որ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին դէմ հանդիման պիտի գտնուէինք թրքական կայսերապաշտութեան ամբողջ միջոցներուն միաժամանակ կատարեալ շղթայազերծման:

Մինչեւ իսկ 15 Յունիսի Շուշիի Թուրք Ատըրպէյճանական դաշինքի հռչակագիրէն ետք, տակաւին յիմարներ կան մեր պետական ղեկավարութեան մէջ որ չեն անդրադառնար որ մեր վերապրումի պայքարը Արցախի մէջ պայքա՛րն է թրքական կայսերապաշտութիւն դէմ և խաղաղութիւն և ապահովութիւն գոյութիւն չունի և չի կրնար ունենալ հայութեան համար՝ այնքան ատեն որ վերջնական հաշուեյարդարի չէ ենթարկուած թրքական կայսերապաշտութիւնը:

Պատմութիւնը ցոյց տուաւ որ ինքնավարութեան ու սահմանային անձեռնմխելիութեան սկզբունքներու սուտ մրցակցութեան շուրջ երկարաձգուող բանակցութիւնները թատրոն էին պարզապէս. Թուրքիա և Ատըրպէյճանը լծուած էին հիմնականօրէն պատերազմի պատրաստութեան և ռազմական ամբողջարկութեան: Երբ Թուրքիոյ և Ատըրպէյճանի պատերազմական  պատրաստութիւնները հասան ա՛յն մակարդակին երբ պատերազմի ընթացքին յաղթական արդիւնք հասնելու կարելիութիւնը ընդունելի հաշւոյթ դարձաւ իրենց համար, ժամանակը հասած էր և Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութեամբ և ղեկավարութեամբ Ատըրպէյճան յարձակեցաւ:

2020-ի վերջին մարտերուն կարևորագո՛յն ուսանելի դասը այն է որ թրքական կայսերապաշտութիւնը երբեք չէ դադրած գործադրելէ՝ եղեռնի շարունակութիւնը: Այս պատճառով Հայ Դատի հետապնդումը ողջ հայութեան պետական և ոչ պետական ուժերուն միակ իրատես ուղղութիւնն է այսօ՛ր երբ Թուրքիոյ և Ատըրպէյճանի դրսեւորած շարունակուող նպատակը Հայաստանը խղճալի ճամբարի մը վերածելն է: Հայութեան ուղղակի և անուղղակի շարունակուող եղեռնը դադրեցնելու ՄԻԱ՛Կ միջոցը թրքական կայսերապաշտութեան վերջնական ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐՆ է:

2020-ի վերջին ազերի թուրքերուն ի գործ դրած բարբարոսութիւնները փաստեցին որ Մեծ Եղեռնը պատմական անցած հանգրուան չէ, ա՛յլ թրքական կայսերապաշտութեան շարունակուող քաղաքականութիւն մինչև մեր վերջը իբրև պետական ազգ:

Հայ Դատի հետապնդումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը/Արցախի դատը «իրարմէ անկախ» ՉԵ՛Ն… ՆՈ՜ՅՆ պայքարն է՝ կասեցնելու, այսօ՛ր՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈ՛Ղ ԵՂԵՌՆԸ Արցախի մէջ:

Արցախի դատը մասնիկն է թրքական կայսերապաշտական դաւերով մասնատուած և տկարացուած Հայաստանի վերամբողջացման և Արցախի դատի լուծումը առանձին կարելի չէ դիտել:

Ազգաջնջման շարունակուող երկդարեան ոճիրով Մասնատուած Հայաստանի վերամիացման և եղեռնային այս ոճիրի արդարահատոյցը կարելի չէ իրագործել առանց թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարին:

Ի՞նչ կրնայ նշանակել Թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարը. թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարը պատմական ա՛յն հանգրուանն է երբ Թուրքիա կամաւոր կ՛ընդունի երկու դար երկարող հայութեան ազգաջնջումի իր մեղքը, կը համաձայնի նիւթական և հողային հատուցման և կը հիմնագրէ իր այս պարտաւորութիւնները և վերջնականապէս կը վանէ կայսերապաշտական ծաւալապաշտութիւնը ի վնաս Հայութեան իր պետական ռազմավարութենէն: Առանց այս հաշուեյարդարին, չկայ Հայ Դատի և Հայ Դատի Արցախեան էջին վերջնական լուծում: Առանց այդ հաշուեյարդարին Թրքական կայսերապաշտութիւնը միշտ ալ պիտի շարունակէ փորձել՝ խորտակել Հայաստանը, Արցախը և ընդհանրապէս Հայութիւնը:

Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ուղին հիմա որպէսզի պատճառենք թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարը:

Նախ՝ Հայ յառաջդիմական ուժերը պէտք է յաջողին համոզել ռուսական քաղաքական միտքը որ թրքական դէպի արեւելք տարածումը նոյնքան վտանգաւոր է Հայաստանի ԵՒ Ռուսիոյ համար, անկախ ժամանակաւոր մարտավարական հարցական առաւելութիւնէ մը (ան ալ թերևս) այս հանգրուանին, ռուս-թրքական գործակցութիւններով արևմտեան պլոքին մէջ մակերեսային հակասութիւն ստեղծելու խաղով:

Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական միտումներուն մէջ տակաւին գոյութիւն ունին նախկին ստալինեան քաղաքականութեան ցախաւել մնացորդ ա՛յն մօտեցումը որ կը տեսնէ շահ՝ Ռուսիոյ համար, Արցախեան դատի օգտագործմանը մէջ՝ թրքական աշխարհը «սիրաշահելու» արևմտեան ծիրէն դուրս, Արևմուտքէն անկախ «գործընկերութիւն» ստեղծելով Թուրքիոյ և Ռուսիոյ միջեւ շրջանային հարցերու լուծման մէջ (Արցախ, Սուրիա, Լիպիա): Ասիկա երէկի ստալինեան կատարելապէս ձախողած սովետական քաղաքականութեան այսօրուան վիժուկն է: Այս իրականութեան մէջ բոլորովին անիրապաշտ և սխալ քաղաքականութիւնը քանի՞ անգամ պիտի ձախողի որպէզի Ռուսիա անդրադառնայ որ հոտ երկարժամկէտ շահ չկայ իրեն համար: Ստալինեան ներշնչումով թրքական աշխարհը Արևմուտքէն անջատելու սին փորձը ի վնաս Արցախի, ռազմավարական տեսակէտէ սխալ էր և սխալ է, քանի որ թրքական դէպի արևելք տարածումը միայն ու միայն Ռուսիոյ տկարացման կրնայ տանիլ (տե՛ս թրքական հակառուս քաղաքականութիւնը Ուքրանիոյ մէջ):

Վերջապէս՝ Ռուսիա ինքնին կառուցուած է թուրանական արևելեան հրոսակացեղախումբերու ձիւնաթաղման մէջ: Արդեօ՞ք Ռուսիա պիտի ուզէ վերադառնալ մոսկովեան պետութեան մը իրավիճակին՝ շրջապատուած թուրանական արևելեան պետութիւններու վոհմակներով:

Հայ յառաջդիմական ուժերը հսկա՛ գործը ունին հիմա՛ համոզելու Քրէմլինը որ ստալինեան ներշնչումով Թուրքիոյ սիրաշահման յոյսերով քաղաքականութիւնները ձախողած են մի՛շտ անցեալին և պիտի ձախողի՛ն ՄԻ՛ՇՏ:

Թրքական կայսերապաշտութեան միջամտութիւնը Արցախեան գոյամարտին մէջ չպէտք է որ յաջողի, այլապէս յաջորդ արարը պիտի ըլլայ Սիւնիքի կտրատումը,  Սիւնիքի ընդմէջէն թուրանական հողային կապի հաստատումը:

Ժամանակն է որ դիմագրաւենք և հակադարձենք այս կայսերապաշտութեանը՝ արձանագրելով մեր սահմանադրութեա՛ն մէջ իբրև անփոփոխելի հիմնայօդուած որ Արցախը էր, է և պիտի ըլլայ մինչև վերջ Հայաստան: Հայաստանի նոր խորհրդարանը պէտք է վերամշակէ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ հայահաւաքի և հողահաւաքհ հայկական արևելութեան ռազմավարութիւնները: Հայկական արևելութեան հիմնարար այս սկզբունքներուն հիման վրայ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ պէտք է վիմագրուի որ Հայաստան չի կրնար ընդունիլ Թուրքիոյ և Ատըրպէյճանի սահմանային ամբողջականութիւնը այնքան ատեն որ Թուրքիայ չէ ընդունած Հայութեան ազգաջնջումի իր ոճիրը, Մեծ Եղեռնը և պատրաստակամութիւն չէ յայտնած հատուցման և հայապատկան գողցուած հողերու վերադարձին, և այնքան ատեն որ Արցախը իբրև Հայաստանի անբաժան մաս չէ ճանչցուած Ատըրպէյճանի կողմէ:

Ի պատասխան Ալիևի յայտարարութեան թէ ինք լուծած է Արցախի հարցը վերջնականօրէն, Հայաստանի նոր խորհրդարանը Արցախը Հայաստանի անբաժանելի մաս պէտք է հռչակէ անմիջապէս որպէսզի որևէ Հայաստանի կառավարութիւն օրէնքով ստիպուած ըլլայ ըստ այնմ գործել: Հայաստանի բանակը իր վէրքերը լիզելու ժամանակ չունի՝ պատրաստուի՛նք պատմական Արցախի մնացորդացի պաշտպանութեան:

Արցախեան Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը Հայաստանի կողմէ այլեւս անժամանցելի է եւ հրատապ: Մեր դաշնակից Ռուսաստանի նախագահը ի՛նք ընդունեց 9 Նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագրի օրերուն որ երբեք չէր հասկցած ինչու Հայաստանը այդ քայլը ցարդ չէր առած…: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Ժան-Իվ Լը Տրիանը նոյն Նոյեմբերի վերջաւորութեան Հայաստանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանաչում չունենալը մատնանշեց չարափաստօրէն արդարացնելու համար որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը պէտք չէ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:

Հիմի էլ լռենք եւ չառնե՞նք այս քայլը երբ Ատըրպէյճանի նախագահ աւազակը Սիւնիքի եւ Երեւանի ազերիական հող ըլլալու մասին կը ճառաբանէ:

Հայաստանի յառաջդիմական քաղաքական ուժերուն կ՛իյնայ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ այս ճանաչման օրէնսդրութեան անցման ապահովումը:

9 Նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագիրը խաղաղաբեր համաձայնութիւն չէ և չի կրնար ըլլալ այնքան ատեն որ Արցախը անկախ չէ Ատըրպէյճանէն: Զինադադարը կրկներեւոյթ է լոկ, օդացոլութիւն, միրաժ։ Չորս տարիէն ԵԹԷ ՈՉ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ, Ատըրպէյճանը պիտի պահանջէ որ Ռուս զինուորները հեռանան «Ատըրպէյճանի տարածքներէն» և օգտագործելով թրքական կայսերապաշտութեան լման կարողականութիւնը և բոլոր լծակները պիտի յարձակի լիքիուիտացնելու Արցախը: Ջայլամի բնազդ է կարծել այլապէս: Միակ իրապաշտ մարտավարութիւնը օրն ի բուն պատրաստուիլն է՝ պատերազմի եկող յաջորդ փուլին:

Խաղաղութիւն գոյութիւն երբեք չի կրնար ունենալ այնքան ատեն որ թուրքը հայեր կը խողխողէ հայապատկան հողերու վրայ:

Մասնագէտներ, ակադեմականներ եւ այլք կը խօսին Արցախեան «առաջին» կամ «երկրորդ» պատերազմներուն մասին իբրեւ սկսուած եւ վերջացած պատերազմ«ներ»: Արցախեան պատերազմը դադրած չէ, չէ վերջացած եւ չի կրնար վերջանալ այնքան ատեն որ Հայ ազգի պատմական իրաւունքը չէ վերահաստատուած Արցախի մէջ:

Հրադադարը հանգրուան մըն է պարզապէս: Պատերազմը առանց մեր յաղթանակին աւարտած չի կրնար ըլլալ:

Փաստօրէն զինադադար անգամ գոյութիւն չունի. աւելի ճիշդը զինադադարը յարգողը մենք ենք միայն, խեղճօրէն, ի գին ամէն ինչի: Թշնամին զինուած խուժումներով օր ըստ օրէ կը մտնէ Հայաստան, սահմանային շրջանները, քիչ մը ամէնուր, անպատիժ, մինչև իսկ… առանց հակահարուածի: Մեր պետութիւնը ՄԵՐ սահմանները պաշտպանելու համար կը դիմէ ՕՏԱՐ երկիրներու որոնց համար ատըրպէյճանական զինուած խուժումները անկարևոր «սահմանային դէպքեր» են լոկ: Ասիկա պետական մօտեցում չէ: Որևէ խուժում Հայաստանի սահմաններէն ներս պէտք է ստանայ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾ և արդար ռազմավարական նախահարուած այլուր:

Թշնամին տակաւին կը պահէ պատերազմական հայ գերիներ հակառակ համաձայնագրի գերիներու վերադարձման պայմաններուն և նոր գերիներ կը գերեվարէ: Հայ գերիներու վերադարձը մուրալը պետական մօտեցում չէ: Ականաքարտէսներու վաճառումը գերիներու վերադարձին համար տկարացնելով մեր պաշտպանողական կարողութիւնը դարձեալ սխալ մօտեցում է: Գերիները կը փոխանակուին. ա՛յդ է գերիներու հարցը լուծելու միջոցը: Մենք ալ ազերի գերիներ պէտք ունինք, և իրենց մեր երկիրը խուժող զինուորները այդ փոխանակելի գերիները պէտք է որ ըլլան:

Թշնամին երբեք հոգեբանական կացութեան մէջ պէտք չէ որ ըլլայ որ կարծէ թէ իր յաջողութիւններով Արցախի հարցը «լուծած» է վերջնականապէս, և եթէ է, այդ տպաւորութիւնը պէտք է վերացուի: Ընդհակառակը, Արցախի դատը պէտք է վերածուի իրեն համար այնպիսի վտանգաւոր և հսկայ «գլխացաւի» մը որ թշնամին ի՛նքը ուզէ որ Արցախը անջատուի:

Արցախի գրաւեալ շրջաններուն մէջ թշնամին հանգիստ չպէտք է մնայ Հատրութէն Շուշի, քանի որ մե՛նք հանգիստ չենք՝ արտաքսուած մեր հողերէն: Թշնամին պէտք չէ զգայ «յաղթական», «անպատիժ», քոմբրոմիսով անհետաքրքիր: Եթէ չկայ ելք ու ճար ապա ուրեմն ժամանակն է՝ անհամաչափ, յեղափոխական և ի հարկին արտապետական պայքարի:

«Ատըրպէյճանը» էր, է և պիտի մնայ թրքական կայսերապաշտութեան սիրաշահման նուէր արուեստական պետութիւն մը, հիմնուած հայկական բնակչութեան ոչնչացման ոճիրին սկզբնական մեղքին վրայ և որ կը համախմբէ, թայֆայական օպսքուրանթիսթ բռնապետութեան մը տակ, իրարու անհաւատարիմ շարք մը ցեղային և կրօնական խմբաւորումներ և որու միակ հարստութիւնը և գերարդիական զէնքեր գնել կարենալու միակ ազդակը՝ քարիւղի արդիւնաբերութիւնն է (արդիւնաբերութիւն մը որ պատմականօրէն կը պարտի հայ գործարարներու հանճարին և ջանքերուն): Յաջորդ տասնամեակներուն, երբ մարդկութիւնը անդին կ՛անցնի ածխաջրածինական ուժանիւթի գործածութենէն մէկ կողմէ, և գոյութիւն ունեցող պաշարներու սպառումով միւս կողմէ, քարիւղը պիտի դադրի՛ ռազմավարական առաւելութիւն ըլլալէ: Քարիւղի շահերու պակսումով, ժամանակի ընթացքին, իր նիւթական միջոցներու նուազումով պիտի տկարանայ նոյնիսկ Ատըրպէյճանի ռազմավարական դաշնակցութիւնը թուրանական միւս պետութիւններուն և մինչև իսկ Թուրքիոյ հետ, և ապագային նուազ հարուստ Ատըրպէյճան մը հաւանաբար ի վիճակի պիտի չըլլայ գերարդիական նմանաչափ զինամատակարարումը շարունակել Իսրայէլէն:

Սատարենք «Ատըրպէյճանի» ցեղային և կրօնական ընկճուած խմբաւորումներուն քաղաքական ինքնահաստատման, որ անոնք հատու ներքին կիցերով խախտեն «Ատըրպէյճան» խրճիթի խարխուլ հիմերը:

Արցախի հանդէպ յաջողութիւն արձանագրելու համար Ատըրպէյճանը ինքզինք վերածեց վասսալ նահանգ մը Էրտոկանեան Թուրքիոյ և բան մը որ իր իսկ պետական շահերուն անյարիր է և ստիպուեցաւ ընդունիլ օտար ռուսական բանակը որ կը պաշտպանէ Արցախը Ատըրպէյճանէն – եւ ասիկա յիմար Ալիևին «յաղթանակն» է որու համար մսխեց քարիւղի օրըստօրէ պակսող շահերը:

Թրքական կայսերապաշտութիւնը չենք կրնար հաշուեյարդարի ենթարկել լոկ պայքարելով Արցախի մէջ այս կայսերապաշտութեան դէմ: Թրքական կայսերապաշտութիւնը նահանջի մղելու համար ուրիշ ելք ու ճար չունինք բացի ընդարձակելէ պայքարը:

Ժամանակը մեզի հետ է:

Թուրքիան չի կրնար երկարժամկէտ մնալ էրտոկանեան արկածախնդրական մենատիրութեան տակ քանի որ իր իսկ շահերը կը պահանջեն որ ան նահանջէ ռիսկերով յղի համաթուրանական միթի երկրպագումէն:

Թուրքիա ամէն ինչ կ՛ընէ ինքզինք ներկայացնելու համար իբրև համածին ազգ պետութիւն մը, երբ իրականութեան մէջ ոչի’նչ է բացի ՝ փոքր կայսրութիւն մը ուր շարք մը ժողովուրդներ կ՛ապրին թուրք իշխանաւոր ցեղախումբի լուծին տակ, և որու երկարժամանակ վերապրումի հեռանկարը ըստ իր ներկայ կայսերապաշտ ղեկավարութեան «թուրք» արուեստական կոչումին մէջ ձուլումն է ներքին ժողովուրդներուն և համաթուրանական ընթլայնումը:

Մենք պէտք է քաջալերենք և սատարենք Թուրքիոյ մէջ ապրող ինքնուրոյն ժողովուրդներուն և կրօնական փոքրամասնութիւններուն ինքնութեան վերելքին ու անոնց իրաւունքներուն ինքնահաստատմանը:  

Յատկապէս ճիգեր ներդնենք մեր ՔԻՒՐՏ եղբայրներու ղեկավարներուն քով քովի բերելու: Թելադրենք որ իրենց ուժը իենց միութեան մէջ տեսնեն: Օգնենք որ այս հսկայ ժողովուրդը ցեղախումբի և վարձկանութեան մտայնութենէն ձերբազատուելով որոշէ դառնալ ԱԶԳ եւ ունենայ ՀԱՅՐԵՆԻՔ հո’ն ուր մեծ թիւերով է՝ անկախանալով Թուրքիայէն:

Թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարին ամէնէն իրատես ուղին ԱՆԿԱԽ ՔՐՏԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ստեղծումն է: Օգնենք մեր քիւրտ եղբայրներու ազգացման դատին: Հայաստանը չի կրնար չըլլալ, բնականաբար է’ և պէտք է որ ըլլայ՝ Թուրքիոյ մէջ քրտական պետութեան արդար գաղափարին ներշնչման փարոսը:

Իրաքի և Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար շրջաններու հաստատմամբ , այլևս պարզապէս ժամանակի հարց է որ Թուրքիոյ քրտական մասսաները ուզեն առնուազն նոյնը ընել Թուրքիոյ մէջ: Ռազմավարական պայմանները վերջապէս դարձած են բարենպաստ, և Թուրքիայ ժամանակառումբին պատռոյգը մեր Քիւրտ եղբայրներն են որ պիտի վառեն.

Թրքական կայսերապաշտութիւնը մեզմէ լաւ գիտէ որ ռազմավարական կացութիւնը վերջապէս դարձած է փոփոխական և վտանգաւոր իրեն համար. ասոր համար է արդէն որ կատաղած շան պէս կայսերապաշտական Թուրքիան յարձակեցաւ Սուրիա տկարացնելու և կասեցնելու համար քրտական շրջանային կառավարման կառոյցը, օժանդակեց Ատըրպէյճանին Արցախի մէջ, կը պահէ Կիպրոսի կէսը գրաւուած, կը սպառնայ Յունաստանին, միջամուխ է Լիպիական քաղաքացիական պատերազմին մէջ և հիմա ներկայութիւն է Աֆղանիստանի մէջ:

Ապրիլ 2021-ին Հայաստանը հաստատեց հիւպատոսարան քրտական էրպիլ քաղաքին մէջ: վերջապէ՛ս. բայց ո՞ւր են Հայկական Բանակի խորհրդականները Րօճաւայի մէջ, ի դիմաց թրքական բանակին և թրքական վարձկաններուն: Սուրիոյ Հայ գաղութի ֆիզիքական պաշտպանութիւնը և Թուրքիոյ կողմէ Սուրիացի վարձկաններու կազմակերպումը և փոխադրութիւնը Ատըրէյճան Արցախի դէմ պատերազմին մէջ գործածութեան համար հայկական պետութեան պաշտպանողական ներկայութիւնը Րօճաւայի մէջ անհրաժեշտ կը դարձնեն:

Թուրքիա և Ատըրպէյճան ռազմափորձեր ըրին միասին Կարսի մէջ այս տարուայ Ապրիլին, hայկական յատուկ ջոկատայիններն ալ ռազմափորձեր պէտք է ընեն ուրեմն՝ Րօճաւայի մէջ:

Ստեղծենք հայկական պետական յատուկ տարատեսակ կառոյցներ, ուսումնասիրական եւ այլք, ակադեմական ամպիոններ շարունակական համագումարներով, համակրական կրուբներ, արտապետական կազմակերպութիւններ ուղղակի գործողութեան համար, ևայլն: Այս բոլորը՝ ուսումնասիրելու և օգնելու համար Թուրքիոյ մէջ թրքական լուծի տակ ապրող ժողովուրդները՝ ՎԵՐԱՊՐԱԾ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (ներարեալ կորսուած հայերը), մեր եղբայր ՔԻՒՐՏԵՐԸ, մեր եղբայր ԵԶԻՏԻՆԵՐԸ, մեր եղբայր ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ, ԼԱԶԵՐԸ, ԱԼԵՒԻՆԵՐԸ, ՐՕՄԱՆԵՐԸ, ՉԵՐՔԷԶՆԵՐԸ:

Այս տարի Յունաստան Կիպրոս Եգիպտոս զինուորական համագործակցութեան պատմական համաձայնագիր կնգեցին – անընդունելի՛օրէն բացակայ էր Հայաստանը:

Մեր լօզունքը թող ըլլայ՝ «թրքական կայսերապաշտական չարիքի զոհեր միացէ՛ք»: ՀԱՅԱՍՏԱՆ, մեր ՔԻՒՐՏ եղբայրները, ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ, ՅՈՅՆ ԿԻՊՐՈՍ, ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԼԻՊԻԱ, ԵԳԻՊՏՈՍ, ՄԱԻ (UAE), և այլք: Ըլլանք ղեկավար ազդակ, ձգտինք միագրել այս ուժերը թրքական ակրէսիաները դիմակայող պաշտպանողական դաշնագրութեան մէջ:

Ռազմավարական ներկայ հանգրուանը կատարելապէս աննախադէպ առիթ մը կը ստեղծէ միացնելու շարք մը պետութիւններ և ուժեր որ հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կերպով կը զգան իրենց մորթին վրայ համաթուրանական չարիքի Էրտոկանեան հանգրուանի աւերները: Հայաստանը և հայութեան յառաջդիմական և յեղափոխական քաղաքական ուժերը ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԵՐ պէտք է ստանձնեն ռազմավարական դաշնագրութեան մը ստեղծման մէջ վերջնականապէս թաղելու համար համաթուրանական ցեղապաշտութիւնը:

Նոյեմբեր 9-1Օ-ի տխրահռչակ համաձայնագիրը Արցախեան «երկրորդ» պատերազմի աւարտը չէ, այլ անյաջող հանգրուան մը լոկ: Ոչ մէկ համաձայնագիր կրնայ բաժնել Հայաստանի մաս Արցախը Հայաստանէն եթէ մենք պատրաստ ենք՝ անկոտրում մարտունակութեան:  Եթէ մենք պատրաստ ենք դիմակայել վերջնականապէս թրքական կայսերապաշտութիւնը Արցախի մէջ ե՛ւ Արևմտահայաստանի մէջ:

Անզիչող մարտունակութի’ւնը միակ ուղին է որ կը տանի յաջողութեան՝ ուժերու հանդէպ որոնց նպատակը հայութեան կատարեալ բնաջնջումն է:

Խաղաղութիւն անկարելի է առանց թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարին:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *