Նամակ Երկրէն

ՈՐՏԵ՞Ղ Է ՁԵՐ ՈՒ ՄԵՐ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Այսօր, նախկին իշխանաւորներէն շատ շատերը, որոնք բոլորն ալ մեծ հարստութեան տէր մարդիկ են, դատական-իրաւական հետապնդումի տակ են: Ասոնց շարքին են՝ նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը, իր որդին Սեդրակ Քոչարեանը, նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանը, իր եղբայրներն ու անոնց զաւակները, Սերժ Սարգսեանի փեսայ, վատիկանի մօտ նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանը, նախկին փոխ-վարչապետ Արմէն Գէորգեանը, նախկին ֆինանսներու նախարար Գագիկ Խաչատրեանը եւ անոր երկու զաւակները, բնապահպանութեան նախկին նախարարը՝ ծանօթ Բուլգի ծաղրանունով, նախկին տրանսպորտի նախարար եւ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանը կամ Չորնի Գագոն: Հետապնդման տակ է Սիւնիքի նախկին մարզպետ՝ հանրածանօթ Լիսկան, ԴԱՀԿի նախկին ղեկավար՝ Միհրան Պօղոսեանը կամ Կատրինի Միհրանը, օլիգարխ Գագիկ Ծառուկեանի ընկերութիւններու տնօրէն Ս. Առուստամեանը, գործարար Սամվել Մայրապետեանը: Իրաւապահ մարմիններու քննութեան տակ յայտնուած են նախկին նախարարներ ու փոխնախարարներ, պատգամաւորներ, քաղաքապետեր ու գիւղապետեր, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալներուն հետ գործակցած անհատ մարդիկ՝ յայտնի եւ անյայտ առաւ-փախաւներ:

Ոմանք ձերբակալուած ու բանտարկուած են: Ոմանց դէմ դատական գործ բացուած է եւ դատը կ’ընթանայ ըստ հայկական դատական համակարգի տխուր աւանդոյթներուն: Ասոնցմէ շատեր փախած են Ռուսաստան ու պահուըտած՝ ռուսական չինովնիկներու փէշերուն տակ: Ուրիշներու ուր ըլլալը յայտնի չէ, պարզապէս «անհետացած» են…

Ասոնցմէ նոյնիսկ մէկ հոգի դեռ չյայտարարեց, որ մեղաւոր է եւ կ’ընդունի իր սխալը, իր յանցանքը: Բոլորն ալ իրենք զիրենք քաղաքական բանտարկեալներ կամ քաղաքական հալածեալներ յայտարարած են: Իսկ մի քանի նախկին իշխանական կուսակցութիւններ, կամ անոնց ղեկավարները, որոնք այս մարդոց գործընկերները եղած են իշխանութեան մէջ եւ այլուր, ասոնց պաշտպանները դարձած են:

Այս օլիգարխներն են նաեւ Հայաստանի այսօրուան «ընդդիմութիւնը» ղեկավարողներն ու կազմակերպողները: Կան այլ երիտասարդ եւ նոր ուժեր, դժբախտաբար սակայն ասոնք չունին նիւթական եւ այլ հնարաւորութիւններ, որպէսզի կարողանան թերթեր հրատարակել, հեռուստաալիք ֆինանսաւորել, հաւաքներ կազմակերպել, ռատիոներ ունենալ, եւայլն: Ուստի, այս նոր եւ փոքր ուժերը այդքան ալ ազդեցութիւն չունին, գոնէ այսօր:

Իսկ ընդդիմադիրներու վերապահուած բեմին վրայ՝ մեծաւ մասամբ վերոնշեալ նախկին գող-աւազակ իշխանութիւններն են, եւ իրենց արբանեակները: Այս մարդոց նիւթական հնարաւորութիւնները աւելի շատ են, քան Հայաստանի պետական պիւտճէն: Այս մարդիկը Հայաստանի մէջ ունին թերթեր, ռատիոներ, հեռուստաալիքներ, ֆէյք գրողներ, վարձու խմբագիրներ, վարձու քարոզիչներ, առցանց սուտ տեղեկութիւն տարածողներ, առցանց մեդիա: Ունին նաեւ սփիւռքեան իրենց ենթականեր, որոնք թութակի պէս կը կրկնեն Հայաստանի իրենց շէֆերուն ուղարկած պատգամները: Այս մարդոց կը պատկանին Հայաստանի բիզնէսներուն առիւծի բաժինը, եւ անոնք, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը փորձեն իրենց աշխատողները ծառայ դարձնել իրենց քաղաքական նպատակներուն: Այս մարդիկը ունին անսահման հնարաւորութիւն, մեր ու ձեր երեւակայածէն շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւն: Եւ հիմա, իրենց նիւթական հսկայ միջոցները, իրենց մեդիան, իրենց ֆէյքերը, իրենց վարձկանները, իրենց օֆշորային հաշիւները կը գործածեն միայն մէկ նպատակի՝ ի գին ամէն ինչի տապալել ժողովուրդի կողմէ արդար եւ ազատ, ժողովրդավար եւ թափանցիկ քուէով ընտրուած իշխանութիւնները: Ինչո՞ւ… Արցախի՞ համար, ժողովրդավարութեա՞ն համար, արդարութեա՞ն համար, ազգային արժէքներու՞ համար…

Իսկապէ՞ս: Ինչո՞ւ համար:

Մարդիկ, որոնք 30 տարի թքած ունեցած են ժողովրդավարութեան վրայ եւ ամէն անգամ միայն կեղծուած ընտրութիւններով իշխանութեան եկած են, Մարդիկ, որոնք բացայայտ պատրաստակամութիւն յայտնած են Արցախի խնդրի լուծման մատրիտեան եւ լավրովեան խայտառակ պայմանագրերը ստորագրելու,Մարդիկ, որոնք արդարութիւնը «սիրած» են այնքա՜ն, որ կոռուպցիան եւ թալանը մտցուցած են նոյնիսկ դատական համակարգի մէջ, Մարդիկ, որոնք ամէն օր բռնաբարած են ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ իրաւունքն ու կեղեքած են ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ ճակտի քրտինքը,Հիմա եկած են եւ ընդդիմութիւն դարձած՝ կ’ուզեն իշխանութիւն տապալել, որպէսզի արդարութիւ՞ն հաստատեն, ժողովրդավարութիւ՞ն կիրարեն, Արցա՞խը փրկեն…Իրա՞ւ: Հիմա կ’ուզէք, որ հաւատա՞նք այս մարդոց եւ անոնց ծառայած քաղաքական ուժերուն եւ անոնց սփիւռքեան մունետիկներուն: Լաւ, էլի… Այս մարդիկ միայն մէկ խնդիր ունին: Տապալել ժողովուրդի ընտրած իշխանութիւնը, լաւ կամ վատ, որպէսզի փրկեն իրենց կաշին, փրկեն իրենց մաշկը, որպէսզի ազատին դատական հետապնդումներէ, որպէսզի կարենան խոյս տալ արդարութենէն: Այս մարդոց միակ մտահոգութիւնը այսօր այս է: Ուրիշ մտահոգութիւն չունին, չեն ալ ունեցած:

Իսկ անոնք, որոնք դժգոհ են այսօրուան իշխանութիւններէն, կամ ունին գաղափարական եւ այլ տարակարծութիւններ, նախկին գող աւազակ իշխանաւորներու սարքած ծուղակներուն մէջ պէտք չէ իյնան: Այլ թող նային թէ ի՞նչ կ’ըսեն այն միւս, փոքր հնարաւորութիւն ունեցող, ոչ շատ յայտնի եւ իսկակա՛ն ընդդիմադիրները: Անոնց մէջ կան շատ լուրջ եւ արդար մտահոգութիւն արտայայտողներ եւ քննադատութիւն կատարողներ: Անոնց մէջ կան շատ խելոք առաջարկութիւններ ներկայացնողներ:

Մեր փրկութիւնը ուժեղ իշխանութեան եւ նոյնքան ազդեցիկ եւ ուժեղ ընդդիմութեան մէջ է: Նախկին իշխանաւորներն ու իրենց լծակից կուսակցութիւնները ձախողեցան թէ՛ անցեալին, երբ իշխանութիւն էին, եւ թէ՛ այսօր, երբ կը փորձեն ընդդիմադիրի պատմուճան հագնիլ: Անոնք ոչ թէ պատմութեան աղբամանը, կամ քաղաքական գերեզմանոց պէտք է ուղարկուին, այլ պէտք է կանգնին հայ ժողովուրդի արդարադատութեան դիմաց:

Ուրեմն, սիրելի մօտիկ ու հեռաւոր բարեկամներ, ձեր փրկութիւնը հին աղուէսներուն մէջ չէ՛, երկիրը կողոպտած աւազակներու քարոզչութեան մէջ չէ՛: Ձեր փրկութիւնը ժողովուրդի արդար քուէով ընտրուած նոր իշխանութիւններու, եւ ժողովուրդի վստահութիւնը շահած որակապէս նոր ըննդիմութեան մէջ է:


Նամակ երկրէնՈՐՏԵ՞Ղ Է ՁԵՐ ՈՒ ՄԵՐ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸԱյսօր, նախկին իշխանաւորներէն շատ շատերը, որոնք բոլորն ալ մեծ հարստութեան…

Posted by Raffi Doudaklian on Sunday, June 14, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *