Ազատ բեմ

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԷՆ ԵՏՔ

Յարութ Գալայճեան

Այսօր, Սեպտեմբերեան Պատերազմի բռնկումէն 24 օր ետք, երբ Հայոց Աննման Բանակը կը մղէ կենաց-մահու կռի՜ւ, մեր պետական կառոյցները աւելի քան երեք տասնամեակ առիւնաքամ ըրած եւ արդէն մահամերձ վիճակի դատապարտուած նախկին վարչակարգէն որոշ ներկայացուցիչներ լկտիօրէն կը շարունակեն ժողովրդային տրամադրութիւններ թունաւորել՝ բանակցային տարբերակներ պահանջելով կամ մերժելով, զինուորական մեր մարտավարական նահանջները պարտութեան նախանշաններ որակելով եւ ամենաքստմնելին՝ իշխանութեան ծարաւէն մոլեգնացած՝ Արտահերթ Ընտրութիւններու մօտալուտ առիթը երազելով…

Եւ այդ քաղաքական ցեցերը, որքան շարունակեն Հայոց Միասնականութիւնը ջլատել փորձող իրենց ապապետական գործունէութիւնը՝ այնքան աւելի ծանր պիտի կշռէ իրենց քաղաքական պատիժը։

Սակայն այս Պատմական Պահին, համայն հայ ժողովուրդի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Արցախեան Արիւնալի Գործողութիւններուն եւ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻՈՒԹԵԱՆ վրայ։

Եւ այդ յաղթանակի պսակումէն ետք ՄԻԱՅՆ, անխուսափելի պիտի դառնայ նաեւ՝ մեր ՆԵՐՔԻՆ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ։

20.10.2020

Մուղնի / Հարաստան

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *