Բարի Լոյս

ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻՈՎ ՉԾԱՆՐԱՑՆԵԼՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻԻՆ

Բարի լոյս

«Ինչպէս որ թշնամիին կողմէ հայկական հողի վրայ գործուած որեւէ յարձակում մեր բոլորին նետուած ձեռնոց է, այդպէս ալ Քորոնավիրուսի մարտահրաւէրը առ Հայաստան` իւրաքանչիւր հայու կռիւն է»։

Ն. Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ համավարակի դէմ համաշխարհային պայքարի այս ծանր օրերուն ՀԱՅՈՑ ՓՈՔՐ ԱԾՈՒՆ յատուկ ուշադրութեան արժանացնելու ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ եւ ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ վերջապէս Քորոնաժահրի ՎՏԱՆԳն ու ԱՂԷՏը լուրջի առնելու հայ քաղաքական մտքի զարթնումին, որ անհասկնալիօրէն շատ երկար յապաղեցաւ, նոյնիսկ Արցախի մէջ ինչ-ինչ հաշիւներով ընտրութիւններ կատարելու ԱՆԼՐՋՈՒԹԻՒՆ դրսեւորելով․․․ թէ՛ իշխանաւոր եւ թէ ընդդիմադիր հռչակուած գործիչներու եւ ուժերու մեծ մասին կողմէ։

Կարծէք չի բաւեր, որ վերջին շաբաթներուն հայրենի մեր ոստաններուն մէջ աւելիով կատաղած է համավարակը, եւ օրական հարիւրաւորներու կը սպառնայ․․․

Կարծէք չի բաւեր նաեւ, որ մինչեւ իսկ հայոց վարչապետը իր ընտանիքով վարակակիրի ողբերգութեան մէջ յայտնուած է, եւ մեր երկիրն ու պետութիւնը առաւել ծանրութեամբ կը զգան ԲԵՌը յանպատրաստի գտնուելու համաշխարհային անճարակութեան․․․

Եւ ահա՛, մեր ազգային արժէքներու եւ հարստութեանց ամէնէն հոգեհարազատ ժառանգորդը ըլլալու կոչուած ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ անունով, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը յատուկ յայտարարութեամբ մը այսօրուան իշխանութեանց դէմ անհաշտ պատերազմ կը յայտարարէ՝ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿը իբրեւ քաղաքական հաշուեյարդարի խաղաթուղթ․․․ գործածելով։

Բարի լոյս՝ իշխանութեան աթոռակռիւով համավարակին սպառնացած ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆը աւելիով չծանրացնելու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻԻՆ, որ այս օրերուն ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆը պէտք է ըլլայ Ազգի եւ Հայրենիքի ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ հարթելու կոչուած գաղափարի ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ տակաւին ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ յոյս ներշնչող դաշնակցական ձայներուն, որոնք հոս կամ հոն ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂԷՏԻՆ դէմ պայքարի ուժերը միացնելու ԿՈՉՈՎ հանդէս կու գան, ինչպիսին է Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նախկին անդամ ՎԻԳԷՆ ԱՐՇԱՒԻՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ այսօրուան գրառումէն առնուած հետագայ հատուածը․

«Հայաստանը այսօր յաւելեալ պատերազմական ճակատ մը ունի, որ պարտադրուած է իրեն: Այս պատերազմը ազգին մղելիք պատերազմն է: Ազգի մէկ կամ միւս տարրին կամ մասին կռիւը չէ․ այս կամ այն իշխանաւորին կռիւը չէ: Ինչպէս որ թշնամիին կողմէ հայկական հողի վրայ գործուած որեւէ մէկ յարձակում մեր բոլորին նետուած ձեռնոց է, այդպէս ալ Քորոնավիրուսի մարտահրաւէրը առ Հայաստան` իւրաքանչիւր հայու կռիւն է:

«Հետեւաբար, ասիկա այն պահն է, երբ բոլորս` բոլորս անխտիր, իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր, Նիկոլապաշտ թէ Նիկոլատեաց, Հայաստանի բնակիչ թէ հեռաւոր ափերու հայեր, բոլորս պէտք է գօտեպնդուինք՝ ընդհանուր պատերազմը յառաջ մղելու համար ընդդէմ ժահրի պատճառած եւ պատճառելիք վնասներուն:

«Այսօր պահը չէ ներքին լարուածութիւններու, ով ալ ըլլայ այդ լարուածութեան հեղինակը: Այսօր պատերազմ է անտեսանելի թշնամիին դէմ, եւ պատերազմող ազգը պէտք է ու պիտի՛ միանայ»:

Ով որ քաջ է ի՛նչ կը սպասէ։

*

* *

Դժբախտութիւնը այն է, որ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ վերեւի կոչին ներքեւը զետեղուած են այնպիսի մեկնաբանութիւններ ու գրառումներ, որոնք կը փութան իբր թէ Դաշնակցութեան «պաշտպանութիւն»ը կատարելու՝ բայց պարզապէս արջի ծառայութիւն կը մատուցեն․․․ իւղ քսելով մեր կուսակցութիւնը վարկազրկողներու հացին։

Կարդացէ՛ք, թէ Երեւանի Պետական Համալսարանի արդի հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչը դիմատետրով ի՛նչ գրառում կատարած է նոյն՝ համավարակը իշխանութեան աթոռակռիւի ծառայեցնելու տխուր առիթով․

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՆԵՐԸ

ՍԷՅՐԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

1918-1919 թթ․ Հայաստանի Հանրապետութիւնում մոլեգնում էին վիրուսային համաճարակները՝ տիֆը եւ խոլերան։ Հէնց իրենց՝ հանրապետութեան հայրերի յուշերում եւ գրքերում կան զարհուրելի տուեալներ։

Համաձայն վարչապետ Սիմոն Վրացեանի յուշերի՝ 1919 թ. Յունուար-Մայիս ամիսներին Երեւանում վարակիչ հիւանդութիւններից մահացել է բնակչութեան մօտ 6,6 տոկոսը՝ 3972 մարդ։ Մէկ այլ վարչապետի՝ Ա․ Խատիսեանի վկայութեամբ, 1918-1919 թթ․ Հայաստանի Հանրապետութիւնում մահացածների թիւը 150․000ից պակաս չէր։

Իրավիճակն այնքան յուսահատական եւ անկառավարելի էր, որ անպաշտպան էին անգամ կառավարող կուսակցութեան առաջին դէմքերը։ 1919 թ․ Յունուարին տասը օրուայ մէջ բծաւոր տիֆից վախճանւում են Հ․Յ․Դ․ հիմնադիր եռեակի վերջին ներկայացուցիչը՝ Ռոստոմը (Ստեփան Զօրեան), եւ ներքին գործերի նախարար Արամ Մանուկեանը։

Առաջին Հանրապետութեան պատմութիւնը մենք լաւ չգիտենք։ Օրինակ՝ մի քանի ամիս առաջ ես որպէս մի դասընթացի նախապատմութիւն ուզում էի ուսանողներին յանձնարարել այդ շրջանի գրականութեան ակնարկ։ Բայց պարզուեց, որ այդ թեմայով չկայ գէթ մէկ ամփոփ յօդուած։ Ստիպուած, բայց հաճոյքով ինքս պատրաստեցի «Հայ գրականութիւնը 1918-1920 թուականներին» ակնարկային դասախօսութիւն, որի միայն պլան-կոնսպեկտը կազմեց տասնեակ էջեր։ Այդ ընթացքում թերթելով ժամանակի մամուլը՝ չեմ տեսել լրագրողների եւ ընդդիմադիրների հրապարակումներ, որոնց մէջ համաճարակի համար մեղադրուէր երկրի այդ ժամանակուայ կառավարութիւնը (միգուցէ կան նման նիւթեր, բայց չեմ նկատել)։

Եւ ահա մէկ-երկու օր առաջ հրապարակւում է ներկայիս Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն Մարմնի յայտարարութիւնը, որտեղ իրավիճակի միակ մեղաւոր է հռչակւում Հ․Հ․ կառավարութիւնը․- «Կառավարութեան քայլերը կա՛մ անարդիւնաւէտ են, կա՛մ ուշացած, իսկ յաճախ՝ նաեւ սխալ»։ Կոչ է արւում պատասխանատուութեան կանչելու կորոնավիրուսով հիւանդ վարչապետին․ «Սկսած թիւ մէկ պատասխանատու վարչապետից՝ պատասխանատուութեան կանչել ձախողած բոլոր պաշտօնատար անձանց»։

Նորից փնտռեցի, բայց չգտայ Առաջին Հանրապետութեան շրջանի համաճարակների նման քաղաքական գնահատական ժամանակի ընդդիմադիր կուսակցութիւնների կողմից (շնորհակալ կը լինեմ, եթէ իրազեկ մէկը յուշի)։

Ի դէպ, տիֆի եւ խոլերայի մահաբեր համաճարակի ֆոնին 1919 թուականի Յունիսին կայացան Հայաստանի խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները։ Հակահամաճարակային պայքարը «ձախողած» Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ստացաւ ընտրողների ձայների բացարձակ մեծամասնութիւնը։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆԲարի լոյս«Ինչպէս որ թշնամիին կողմէ հայկական հողի վրայ գործուած որեւէ յարձակում մեր բոլորին նետուած ձեռնոց…

Posted by Nazareth Berberian on Thursday, June 4, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *