24.7 C
Yerevan

«Գիտուն ըլլա­լուն ամէ­նէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգի­տութիւնն ճանչնալն է»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն. Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ Մեծն Յակոբ Պարո­նեա­նի ՊԱՅԾԱ­ՌԱ­ՏԵ­ՍՈՒԹԵԱն, որ բոլոր ժամա­նակնե­րուն, նաեւ ու մանաւա՛նդ մեր օրե­րուն համար՝ կը հանդի­սա­նայ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՊԱՏԳԱ­ՄԱ­ԲԵ­Րը հայ ժողո­վուրդի ՈՒՂԻՆ ամէն կարգի խոտո­րումնե­րէ եւ ընկրկումնե­րէ զերծ պահե­լու ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ ազգա­յին մեր իրա­կա­նութիւնը յուզող յոռի բարքե­րուն վրայ լալու փոխա­րէն, ԾԻԾԱՂՈՎ Հայաստանն ու Հայութիւնը ԱՌՈՂՋԱՑՆԵԼՈՒ քննա­դա­տութեան եւ ինքննա­դա­տութեան ուղին հարթած, այդ ճամբուն վրայ ամէն կարգի հալա­ծանք եւ տառա­պանք հերո­սա­բար դիմագրաւած ՊԱՐՈՆԵԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։
Յատկա­պէս համա­վա­րա­կի այս մղձաւանջա­յին օրե­րուն, երբ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ առաջնա­հերթ օրա­կարգին ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ, այլեւ բոլո­րիս սպառնա­ցող ԱՂԷՏԻՆ ԴԷՄ միա­ցեալ ուժե­րով ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ փոխա­րէն՝ ՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ է քաղա­քա­կան շահարկումնե­րու ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏ ԽԾԲԾԱՆՔՆԵՐՈՎ, որքա՜ն ԴԻՊՈՒԿ եւ ԱՀԱԶԱՆԳՈՂ է Պարո­նեա­նի պատգա­մած ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝

- «Դժբախտա­բար, մեր ազգին մէջ շատե­րու բարձրա­նա­լու գաղտնի­քը բնա­կան օրէնքով միայն կը լուծուի. Ծանրե­րը միշտ գետնա­քարշ կը մնան ու թեթեւնե­րը վեր կ՚ելլեն»:

Բարի լոյս՝ «թեթեւնե­րուն» եւ թեթեւա­միտնե­րուն կողմէ այս օրե­րուն «վեր ելլե­լու» ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԵԱՆՑ վրայ թեթեւա­կի հայացքով նայե­լու եւ անցնե­լու, այլեւ համա­վա­րա­կին դէմ պայքա­րի ճակա­տէն ԴԱՍԱԼՔՈՒԹԻՒՆԸ արհա­մարհե­լով մեր ուղին շարունա­կե­լու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻԻՆ։
Ի վերջոյ մտա­հան չընենք, որ Անմահն Պարո­նեա­նի ապրած ժամա­նա­կին ալ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐ ՑԱՒ կը պատճա­ռէր այն, թէ՝

- «Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճա­ռող կատա­րեալ տգէ­տի մը ըսէ.- «Բարե­կամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարե­կամնե­րէդ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկե­րութեան մէջ խօսք առնե­լու իրաւունք չունիք. հրամեցէ՛ք սենեա­կէն դուրս»:

Առնչվող Հոդվածներ