Մեր մասին

ԿՈՉ և ԱԶԴ

Հարթակը ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ գաղափարական շարժումին ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ հունաւորուած՝ ազատ ու անկաշկանդ դիրքորոշումներու համատեղման ասպարէզ կը բանայ եւ կը ծառայէ բազմակարծ մտքերու հանդիպման, խմորման եւ համադրման։

Հարթակը մենաշնորհը չէ որեւէ անհատի, խումբի կամ կազմակերպ որեւէ միաւորի։ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ընդունող ոեւէ գաղափարակից հաւասարապէս տէր է հարթակին եւ իրաւունք ունի հոն հրապարակելու իր գրառումները՝ լիիրաւ մասնակիցը դառնալու համար «համահայկական օրակարգով առաջնորդուող քաղաքականգաղափարական համախմբող շարժումին»:

Հարթակը կը գործէ բոլոր գրառումներուն եւ անոնց հեղինակներուն միջեւ իրաւահաւասարութեան սկզբունքը յարգելու հիմունքով։ Ո՛չ ոք աշխատակցութեան հրաւէրի պէտք ունի, որովհետեւ հարթակը նախ ելեկտրոնային թերթ չէ, ապա՝ ազատ բեմն է ՄԵՐ ՈՒՂԻՆի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ուղղութիւնը իւրացնող եւ ըսելիք ունեցող ոեւէ գաղափարակիցի։ Բեմը բաց է, անշուշտ, նաեւ մեր գաղափարները, քաղաքական կեցուածքները վիճարկող մտաւորական քննարկումներու։ 

Գրառումները պարտին յարգել տեսակէտներու փոխանակման եւ գաղափարներու վիճարկման պատասխանատու հարթակի տարրական կանոնները՝ պատշաճութիւնները յարգելու առումով, զերծ մնալով ու հարթակը վեր պահելով գռեհկութիւններէ, անուանարկումներէ, նախատինքներէ, ատելութեան հրահրումէ եւ զրպարտագիրներէ։

Հարթակին բարոյակարգի այս սահմանագծումները զանցող գրառումները բնականաբար կը կորսնցնեն հրապարակուելու իրենց իրաւունքը։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *