ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
Ն. Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՈՒԺԻՆ, որ աշխարհը շարժող ուժերու շարքին ամէնէն անսանձելին է ու անպարտելին։
Բարի լոյս՝ ՀՆՉԱԿԵԱՆ այն քսան ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐՈՒՆ, որոնք Յունիս 14ի այս օրը, 105 տարի առաջ, թրքական պետութեան կողմէ կողք-կողքի ԿԱԽԱՂԱՆ ՀԱՆՈՒԵՑԱՆ Պոլսոյ գլխաւոր հրապարակներէն մէկուն վրայ՝ բոլորը միաբերան երկու անգամ կրկնելով.- «Կեցցէ՛ Հայաստան»։
Յուշատետրի այսօրուան փոստով համառօտ ներկայացուած է Հնչակեան ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒՆ պատմականը, տրուած է արժեւորումը ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ուսանելի, այլեւ անկորնչելի հերոսապատումին։
Բարի լոյս՝ յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ու ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ կախաղանները արհամարհող եւ մինչեւ մեր օրերը հայոց սերունդներուն ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌԻՒ պատգամող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, անկախ կուսակցական իրենց պատկանելութենէն։
Եւ ինչպէս որ երէկ՝ Յունիս 14ին ՍԻՎԻԼՆԵԹի վրայ քաղաքական մեկնաբան ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ կը նշէր՝
Պոլսոյ մէջ, «Գալաթասարայի Ջեզայիր սրահում [2020թ․] Յունիսի 13ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յիշատակի միջոցառում-հաւաքոյթ՝ նուիրուած այն 20 Հնչակեանների յիշատակին, որոնք կախաղան էին բարձրացուել 1915թ. Յունիսի 15ին՝ Պոլսի Բայազէտ հրապարակում:
․․․
«Ո´չ 1915թ. կախաղան հանուած 20 հնչակեանների, ո´չ էլ 1890թ. 140 հնչակեանների սպանութիւնը նորութիւն չէ հայկական աշխարհի եւ հայ քաղաքական պատմութեան համար: Նորութիւնը եւ արտառոցն այն է, որ այդ մասին արդէն խօսում են Թուրքիայում՝ Ստամբուլի կենտրոնում գտնուող նշանաւոր սրահում»․․․
Բարի լոյս՝ Թուրքիոյ հայութեան մերօրեայ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ի հեճուկս թրքական պետութեան եւ Էրտողաններու հայատեաց ֆաշականութեան՝ այսօր նոյնինքն Պոլսոյ մէջ մոմ կը վառեն Հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակին եւ կը վերանորոգեն ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ շարունակելու յանձնառութիւնը՝ դէպի հայ ժողովուրդի ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ Մեծ Տեսլականի ամբողջական իրականացումը։