14.7 C
Yerevan

Տոքթ. ՊԵՆՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- «Մեզ՝ քսանս կը կախէք, բայց 20 հազարներ պիտի հետեւեն մեզի»: ՓԱՐԱՄԱԶ․- «Դուք միայն մեր մարմի­նը կրնաք սպաննել, բայց մեր գաղա­փա­րը‘ ոչ»:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն. Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՈՒԺԻՆ, որ աշխարհը շարժող ուժե­րու շարքին ամէ­նէն անսանձե­լին է ու անպարտե­լին։

Բարի լոյս՝ ՀՆՉԱԿԵԱՆ այն քսան ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐՈՒՆ, որոնք Յունիս 14ի այս օրը, 105 տարի առաջ, թրքա­կան պետութեան կողմէ կողք-կողքի ԿԱԽԱՂԱՆ ՀԱՆՈՒԵՑԱՆ Պոլսոյ գլխաւոր հրա­պա­րակնե­րէն մէկուն վրայ՝ բոլո­րը միա­բե­րան երկու անգամ կրկնե­լով.- «Կեցցէ՛ Հայաստան»։

Յուշա­տետրի այսօ­րուան փոստով համա­ռօտ ներկա­յա­ցուած է Հնչա­կեան ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒՆ պատմա­կա­նը, տրուած է արժեւո­րումը ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ուսա­նե­լի, այլեւ անկորնչե­լի հերո­սա­պա­տումին։

Բարի լոյս՝ յանուն Ազգի եւ Հայրե­նի­քի ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ու ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ կախա­ղաննե­րը արհա­մարհող եւ մինչեւ մեր օրե­րը հայոց սերունդնե­րուն ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌԻՒ պատգա­մող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, անկախ կուսակցա­կան իրենց պատկա­նե­լութե­նէն։

Եւ ինչպէս որ երէկ՝ Յունիս 14ին ՍԻՎԻԼՆԵ­Թի վրայ քաղա­քա­կան մեկնա­բան ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ կը նշէր՝

Պոլսոյ մէջ, «Գալա­թա­սա­րա­յի Ջեզա­յիր սրա­հում [2020թ․] Յունի­սի 13ի երե­կո­յեան տեղի ունե­ցաւ յիշա­տա­կի միջո­ցա­ռում-հաւա­քոյթ՝ նուի­րուած այն 20 Հնչա­կեաննե­րի յիշա­տա­կին, որոնք կախա­ղան էին բարձրա­ցուել 1915թ. Յունի­սի 15ին՝ Պոլսի Բայա­զէտ հրա­պա­րա­կում:

․․․

«Ո´չ 1915թ. կախա­ղան հանուած 20 հնչա­կեաննե­րի, ո´չ էլ 1890թ. 140 հնչա­կեաննե­րի սպա­նութիւնը նորութիւն չէ հայկա­կան աշխարհի եւ հայ քաղա­քա­կան պատմութեան համար: Նորութիւնը եւ արտա­ռոցն այն է, որ այդ մասին արդէն խօսում են Թուրքիա­յում՝ Ստամբուլի կենտրո­նում գտնուող նշա­նաւոր սրա­հում»․․․

Բարի լոյս՝ Թուրքիոյ հայութեան մերօ­րեայ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ի հեճուկս թրքա­կան պետութեան եւ Էրտո­ղաննե­րու հայա­տեաց ֆաշա­կա­նութեան՝ այսօր նոյնինքն Պոլսոյ մէջ մոմ կը վառեն Հնչա­կեան Քսան Կախա­ղաննե­րու յիշա­տա­կին եւ կը վերա­նո­րո­գեն ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ շարունա­կե­լու յանձնա­ռութիւնը՝ դէպի հայ ժողո­վուրդի ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ Մեծ Տեսլա­կա­նի ամբողջա­կան իրա­կա­նա­ցումը։

Առնչվող Հոդվածներ