13.5 C
Yerevan

«Մենք անսխա­լա­կան չե~նք»

ՄԵՐ ՈՒՂԻ­Նի ճանա­պարհի ուղե­ցոյց է ՀՅԴ հիմնա­դիր երրորդութեան մտքե­րէն եւ գործե­րէն բխած արժէքներն ու սկզբունքնե­րը:

Անբնա­կան կարօ­տով ու կարօ­տախտով կը վերընթերցեմ անոնց կենսագրութիւննե­րը,

 անոնց մասին վկա­յութիւններն ու իրենց  գրի­չի արգա­սի­քը:

  Ահա «Դաշնակցութեան խիղճը», «Դաշնակցութեան բարո­յա­խօսն ու դատա­խա­զը

 միանգա­մայն» բնութագրե­րուն արժա­նա­ցած Սիմոն Զաւա­րեա­նի մասին

Միքա­յէլ Վարանդեա­նի  վկա­յութե­նէն պատա­ռիկ մը.

  Սիմոն չէր սիրեր սին յոյսե­րով ու պատրանքնե­րով կերակրել իր լսա­րաննե­րը: Այդ անվախ մարդը մէկ վախ միայն ունէր- արա­տաւո­րել ճշմարտութիւնը…

 Կը յիշեմ իր մէկ վրդո­վուած բացա­կանչութիւնը օր մը Ժընեւում, երի­տա­սարդ ընկերնե­րու առջեւ, Քրիստա­փո­րի ներկա­յութեամբ (1903 թ.):

 — «Փափեր (Հռո­մի պապեր) չկա~ն մեր մէջ… Մենք անսխա­լա­կան չե~նք:

 Դոգմե­րու երկրպա­գու չէր, ոչ ալ կուսակցա­կան մոլե­ռանդութեան, աղանդա­կա­նութեան

 սիրա­հար: Սկեպտիկ, քննա­դա­տա­կան ոգին մշտա­պէս կը գործէր անոր արթուն գիտակցութեան մէջ: Եւ օր մը սուր ու որոշ կերպով դրաւ հարցը. «Արդեօք Դաշնակցութեան ուժե­րէն վեր չէ՞ ձեռնարկուած գործը»…

 Արդեօք շիտա՞կ ճամբայ բռնած է հայ յեղա­փո­խա­կան շարժումը…

 Հարցը դրաւ բաց ու անկեղծ, Թիֆլի­սի հայ հասա­րա­կութեան առջեւ:

Առնչվող Հոդվածներ