Սփիւռք

Լիբանանահայութիւնը եւ համայն հայութիւնը լուրջ ընտրանքի առջեւ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Տնտեսական օրէ օր ահագնացող տագնապը Լիբանանի հայութիւնը իր համայնքային եւ քաղաքական ղեկավար կառոյցներով կը դնէ լուրջ ընտրանքի առջեւ։

Ինչպէս ապահովել հայութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը՝ լիբանանեան լիրայի արժեզրկման, սննդանիւթի, օրուան հացի խնդիրներու, ազգային կառոյցներու գործունէութիւնը անդամալուծող նիւթական տագնապի, երկրի կայունութիւնը վտանգող արտաքին սպառնաիքներու լոյսին տակ. ամրացնե՞լ վտանգները դիմագրաւելու հնարաւորութիւնները, թէ մտածել այլ՝ համանքի հաւաքական ինքնապատկերացման հետ անհաշտ ելքերու՝ որոնց շարքին արտագաղթի, այս պարագային հայրենիքի մէջ հաստատուելու ցանկալի կարելիութեան մասին։

Համազգային հնարաւորութիւններու արդիւնաւէտ զօրաշարժը եւս կը պահանջէ ներքին կազմակերպուածութեան ու վստահութեան դրսեւորումը յաչս ոչ միայն սփիւռքի մէջ գործող ազգային կառոյցներու ղեկավար շրջանակներու, այլ նաեւ բարերարներու եւ ժողովուրդի լայն շրջանակներու, որոնցմէ բաւական լուրջ զոհողութիւններ պիտի ակնկալուի։

Բոլորովին նոր չափանիշեր հաստատելու խնդիր ունինք ազգովին։ Նիւթական հսկայական կարիքները եթէ պատշաճօրէն չապահովուին, բարոյալքումի ու յուսահատութեան դուռ կը բացուի, որու հետեւանքները շղթայական այնպիսի արտայայտութիւններ կ՝ունենան, որոնք կասկածի կրնան ենթարկել վիճակի կառավարելիութիւնը։

Լիբանանի հայ համայնքի իւրայատկութիւնը, անոր ռազմավարական նշանակութիւնը համազգային մեր առաջադրանքներու տեսակէտէն, կ՝ենթադրէ, որ պէտք է մտածել երկու մակարդակով. հայրենադարձութեան ճանապարհի դիւրացման, իսկ մնացողներուն ամէն գնով սատար կանգնելու յանձնառութեամբ։ Այս չափազանց պարզունակ ու բացայայտ փաստը կը պահանջէ հայրենի իշխանութեանց, Լիբանանի հայ համայնքի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի հայութեան ներդաշնակուած գործակցութեան, տեղեկութիւններու փոխանցումով, հնարաւորութիւններու ճշգրտումով ու բաշխման դրութեան հաստատումով։

Այս պահուն կա՞յ նման գործունէութեան միջավայր։

Լիբանանի հայութեան օգնութեան ձեռք կը մեկնուի սփիւռքի բոլոր անկիւններէն, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը հրաշալի նախաձեռնութեամբ համահայկականութեան դրոշմ տուած է օգնութեան գործին, առանձին բարերարներ լուրջ մասնակցութիւն բերած են ու կը շարունակեն բերել բացուած հանգանակային արշաւին։ Բայց տակաւին կարիքը շատ մեծ է։

Միւս կողմէ, այն ընտանիքները, որոնք պիտի փափաքէին հայրենիքի մէջ գտնել իրենց ապահովութիւնը, ոչ մէկ դրական նշան չեն ստանար Հայաստանէն, հայրենի իշխանութիւններէն։ Հայաստանի կառավարութիւնը, յանձինս Սփիւռքի յանձնակատարին ու անոր ղեկավարած գրասենեակին, պէտք է ժամ առաջ կառավարութեան ներկայացնէ լիբանանահայութեան աջակցելու իր ծրագիրը եւ պետական միջոցներ ներգրաւելով, պետութեան բարոյական հեղինակութեան ճամբով համահայկական հանգանակութեան նոր թափ տալով լիբանանանահայութեան դիմագրաւած գոյութեան տագնապը արժանաւոր կերպով դիմագրաւելու վճռականութիւնը ցոյց տայ։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *