13.5 C
Yerevan

Լիբա­նա­նա­հա­յութիւնը եւ համայն հայութիւնը լուրջ ընտրանքի առջեւ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Տնտե­սա­կան օրէ օր ահագնա­ցող տագնա­պը Լիբա­նա­նի հայութիւնը իր համայնքա­յին եւ քաղա­քա­կան ղեկա­վար կառոյցնե­րով կը դնէ լուրջ ընտրանքի առջեւ։

Ինչպէս ապա­հո­վել հայութեան ֆիզի­քա­կան անվտանգութիւնը՝ լիբա­նա­նեան լիրա­յի արժեզրկման, սննդա­նիւթի, օրուան հացի խնդիրնե­րու, ազգա­յին կառոյցնե­րու գործունէութիւնը անդա­մա­լուծող նիւթա­կան տագնա­պի, երկրի կայունութիւնը վտանգող արտա­քին սպառնաիքնե­րու լոյսին տակ. ամրացնե՞լ վտանգնե­րը դիմագրաւե­լու հնա­րաւո­րութիւննե­րը, թէ մտա­ծել այլ՝ համանքի հաւա­քա­կան ինքնա­պատկե­րացման հետ անհաշտ ելքե­րու՝ որոնց շարքին արտա­գաղթի, այս պարա­գա­յին հայրե­նի­քի մէջ հաստա­տուե­լու ցանկա­լի կարե­լիութեան մասին։

Համազգա­յին հնա­րաւո­րութիւննե­րու արդիւնաւէտ զօրա­շարժը եւս կը պահանջէ ներքին կազմա­կերպուա­ծութեան ու վստա­հութեան դրսեւո­րումը յաչս ոչ միայն սփիւռքի մէջ գործող ազգա­յին կառոյցնե­րու ղեկա­վար շրջա­նակնե­րու, այլ նաեւ բարե­րարնե­րու եւ ժողո­վուրդի լայն շրջա­նակնե­րու, որոնցմէ բաւա­կան լուրջ զոհո­ղութիւններ պիտի ակնկա­լուի։

Բոլո­րո­վին նոր չափա­նի­շեր հաստա­տե­լու խնդիր ունինք ազգո­վին։ Նիւթա­կան հսկա­յա­կան կարիքնե­րը եթէ պատշա­ճօ­րէն չապա­հո­վուին, բարո­յալքումի ու յուսա­հա­տութեան դուռ կը բացուի, որու հետեւանքնե­րը շղթա­յա­կան այնպի­սի արտա­յայտութիւններ կ՝ունենան, որոնք կասկա­ծի կրնան ենթարկել վիճա­կի կառա­վա­րե­լիութիւնը։

Լիբա­նա­նի հայ համայնքի իւրա­յատկութիւնը, անոր ռազմա­վա­րա­կան նշա­նա­կութիւնը համազգա­յին մեր առա­ջադրանքնե­րու տեսա­կէ­տէն, կ՝ենթադրէ, որ պէտք է մտա­ծել երկու մակարդա­կով. հայրե­նա­դարձութեան ճանա­պարհի դիւրացման, իսկ մնա­ցողնե­րուն ամէն գնով սատար կանգնե­լու յանձնա­ռութեամբ։ Այս չափա­զանց պարզունակ ու բացա­յայտ փաստը կը պահանջէ հայրե­նի իշխա­նութեանց, Լիբա­նա­նի հայ համայնքի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի հայութեան ներդաշնա­կուած գործակցութեան, տեղե­կութիւննե­րու փոխանցումով, հնա­րաւո­րութիւննե­րու ճշգրտումով ու բաշխման դրութեան հաստա­տումով։

Այս պահուն կա՞յ նման գործունէութեան միջա­վայր։

Լիբա­նա­նի հայութեան օգնութեան ձեռք կը մեկնուի սփիւռքի բոլոր անկիւննե­րէն, Հայաստան Համա­հայկա­կան Հիմնադրա­մը հրա­շա­լի նախա­ձեռնութեամբ համա­հայկա­կա­նութեան դրոշմ տուած է օգնութեան գործին, առանձին բարե­րարներ լուրջ մասնակցութիւն բերած են ու կը շարունա­կեն բերել բացուած հանգա­նա­կա­յին արշաւին։ Բայց տակաւին կարի­քը շատ մեծ է։

Միւս կողմէ, այն ընտա­նիքնե­րը, որոնք պիտի փափա­քէին հայրե­նի­քի մէջ գտնել իրենց ապա­հո­վութիւնը, ոչ մէկ դրա­կան նշան չեն ստա­նար Հայաստա­նէն, հայրե­նի իշխա­նութիւննե­րէն։ Հայաստա­նի կառա­վա­րութիւնը, յանձինս Սփիւռքի յանձնա­կա­տա­րին ու անոր ղեկա­վա­րած գրա­սե­նեա­կին, պէտք է ժամ առաջ կառա­վա­րութեան ներկա­յացնէ լիբա­նա­նա­հա­յութեան աջակցե­լու իր ծրա­գի­րը եւ պետա­կան միջոցներ ներգրաւե­լով, պետութեան բարո­յա­կան հեղի­նա­կութեան ճամբով համա­հայկա­կան հանգա­նա­կութեան նոր թափ տալով լիբա­նա­նա­նա­հա­յութեան դիմագրաւած գոյութեան տագնա­պը արժա­նաւոր կերպով դիմագրաւե­լու վճռա­կա­նութիւնը ցոյց տայ։

https://www.facebook.com/Meroughin2020/posts/156571385926203

Առնչվող Հոդվածներ