14.7 C
Yerevan

ԱՅՍՊԷՍ ՉԷԻ՜ՆՔ ՄԵՆՔ

ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Լիբա­նա­նէն լուրե­րը ընդհանրա­պէս լաւ չեն։ Թագա­ժահրը չէ այնտե­ղի առաջնա­կարգ լուրը, այլ տնտե­սա­կան չափա­զանց ծանր վիճա­կը։ Տեղա­կան դրա­մա­նի­շի աննա­խընթաց արժեզրկումը (մօտ վեց անգա­մով՝ վեց ամսուան ընթացքին), սննդա­նիւթե­րու անհե­տա­ցումը շուկա­յէն, գինե­րու արհեստա­կան բարձրա­ցումը եւլն. եւ ասոնց վրայ ալ կ’աւելնայ տարա­ծաշրջա­նա­յին մեծ բռնկումի մը սպառնա­լի­քը։ Ահա այս վիճա­կին մէջ է նաեւ ու բնա­կա­նա­բար մեր համայնքը, որ ցանկութեան պարա­գա­յին ալ անզօր է դուրս գալու երկրէն, պարզա­պէս որովհե­տեւ միջոցնե­րը ի սպառ շոգիա­ցած են։ Ոմանք կալուա­ծա­տէ­րեր են, որոնց ինչքե­րը սակայն չեն վաճա­ռուիր ներկա­յիս։  Ուրիշներ ունին դրա­մա­տուննե­րու մէջ պահ դրուած, սակայն արգե­լա­փա­կուած նիւթա­կան փոքր կամ մեծ գումարներ, զորս կարե­լի չէ օգտա­գործել։

Դարձեալ չկրցանք իբրեւ համայնք կազմա­կերպուիլ եւ նախազգալ այս բոլորն ու տակաւին գալի­քը եւ, ըստ այնմ, գործել, հեռա­նալ երկրէն։ Անոնք՝ որոնք հեռա­ցած են ժամա­նա­կի ընթացքին, այդ ըրած են անկա­խա­բար․ ոչ մէկ կազմա­կերպ շարժ։

Անկախ երկիր ունինք երե­սուն տարի­նե­րէ ի վեր, ու ոչ մէկ կազմա­կերպուած քայլ՝ բեկորնե­րը հաւա­քե­լու մայր Հայրե­նի­քին մէջ։

Ազրպէյճա­նի հսկայ հայկա­կան գաղութնե­րը այդպէս տարտղնուե­ցան աշխարհով մէկ․ Իրա­նի բազմա­մարդ գաղութը նոյնպէս․ Իրա­քի, Սուրիոյ ու ահա Լիբա­նա­նի համայնքնե­րը — բոլո­րը տարտղնուած, սփռուած։

Այդ ե՞րբ բացա­սա­կան դէպքե­րը պիտի օգտա­գործենք ի շահ ազգին․ չէ՜, ընդհակառա՛կը. բոլոր ճգնա­ժա­մե­րը մեզի համար առիթ են աթո­ռակռիւնե­րու համար, իշխա­նութիւն տապա­լե­լու առիթներ։ Ահա՛ վերջին թագա­ժահրի տագնա­պը, որ առիթ է հակաիշխա­նութիւն շարժումնե­րու, երկպա­ռա­կութիւննե­րու, դաւադրութիւննե­րու…

Այդ ե՞րբ մեր ազգա­յին կուսակցութիւննե­րը, որոնք աշխարհով մէկ նոյնիսկ ամբողջա­տի­րա­կան երկիրնե­րու մէջ եղած էին իշխա­նա­մէտ, եւ անգամ մայր Հայրե­նի­քի մէջ նոյնը, յանկարծ հիմա հակաիշխա­նութիւն են ու կ՚ընեն բացա­յայտօ­րէն ամէն ինչ՝ իշխա­նութիւնը տապա­լե­լու, եւ այդ ընե­լու համար կը գործակցին սատա­նա­յին հետ անգամ։

Այսպէս չէի՜նք մենք.…

Բայց մեր պատմութիւնը տարբեր չէ եղած…

Մեր տեսակն է այսպէ՛ս։

Առնչվող Հոդվածներ