Աւօ Պօղոսեան
Ինչպէս կը նկատենք, վերջերս Հայաստանեան քաղաքական դաշտը շարժող թեման երկրին մէջ կազմաւորուած նոր «ճակատ»ի մը գոյութիւնն է, որուն յայտարարած ծրագիրը Հայաստանը աւելիով Ռուսաստանի մօտեցնելն է, նաեւ՝ պայքարիլը իշխանութեան վերագրուած՝ Հայաստանը «Ռուսական Ճամբար»էն հեռացնելու քաղաքական ծրագիրներներուն դէմ։
Այս վերագրումը ի հարկէ ստապատիր ամբաստանութիւն է՝ լրիւ յերիւրածոյ։
Փորձեմ փաստել իմ այս կարծիքը։
Ցոյց տալու եւ փաստելու պէտք չկայ, որ սկսելու համար՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքով սփիւռքի մէջ յայտնուած զանգուածները, մինչեւ այսօր ապրելով հանդերձ Միջին Արեւելքի մինչեւ երէկ բարեկեցիկ երկիրներուն մէջ, ու վերջին շրջանին այդ երկիրներու ապահովական եւ տնտեսական իրավիճակներու վատթարացումէն ետք, անոնց մեծամասնութիւնը փորձած, ցանկացած, մտածած ու մասամբ իրագործած է դէպի Արեւմուտքի երկիրներ արտագաղթելը եւ այնտեղ հաստատուիլը։
Աւելի՛ն․ նոյնիսկ Հայաստանէն այս երեսուն տարիներու ընթացքին Արեւմուտք արտագաղթած զանգուածները, դասական սփիւռքին հետ միասին, ապրելով հանդերձ այդ նոր օճախներուն մէջ ու «վայելելով» հանդերձ այդտեղի «բարիքները», մեծամասնութեան ենթագիտակցութեան մէջ ամուր նստած է այն կարծիքը, թէ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական շահերը կը պահանջեն, կը թելադրեն ու կը պարտադրեն, որ երկրի ղեկին յայտնուող ցանկացած իշխանութիւն, անցեալին, ներկայիս ու ապագային, չի կրնար այնքան տհաս ու անհեռատես ըլլալ, որ փորձէ քաղաքականապէս հեռանալ «Հիւսիսի Ճամբար»էն։
Այս մտայնութիւնը, ինչպէս ըսի, Արեւմուտքի մէջ ապրողներու ենթագիտակցութեան մէջ ամուր նստած է․ ապա պատկերացուցէք, թէ որքա՜ն աւելի խորը նստած է հայրենի հողին վրայ ապրող ու շնչող զանգուածներուն մօտ։
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը տարբեր չէ ու չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ կոյր չեն, ու ի հեճուկս այդպէս՝ հակառակը կարծողներու, շատ ալ ճիշդ քաղաքականութեամբ՝ նոյնիսկ Հիւսիսի հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններու մէջ են։
Ռուսաստանի հանդէպ վերաբերմունքին հետ կապուած տարբերութիւնը՝ այժմու եւ անցեալի իշխանութիւններուն միջեւ, կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ նախապէս եղած յարաբերութիւնը երկրի ինքնիշխանութիւնը առաւելագոյն չափերու հասնող տկարացման ու չէզոքացման յարաբերութիւն էր՝ երկրի տնտեսական ենթակառոյցներու մեծամասնութեան յանձնումին ճամբով, անձնական փառքի եւ հարստացման սիրոյն, եւ ուրիշ բան ալ չէին կրնար ընել, բացի հլու եւ հնազանդ ենթարկուելէ Հիւսիսի տէրերուն քմահաճոյքներուն եւ հրահանգներուն, քանի որ իրենց կը պակսէր իրենց հարազատ ժողովուրդի կողմէ անհրաժեշտ վստահութեան քուէն, իրենց իշխանութեան օրինականութեան վկայագիրը։
Ինչ որ ներկայի իշխանութիւնները կը փորձեն՝ Ռուսաստանէն առանց հեռանալու ինքնիշխանութեան լծակներու վերահաստատումն է, որքան որ կարելի է, ու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելը, որ կը հաւատամ մեր դաշնակիցները լաւ ալ հասկցած են ու անոր մէջ ոչ մէկ անպատեհութիւն կը տեսնեն։
Իրենց այդ փորձին մէջ, ի տարբերութիւն նախկիններուն, այժմու իշխանութիւնները ունին ժողովուրդի վստահութեան քուէն ու զօրակցութիւնը, հետեւաբար՝ աւելի ազատ են իրենց շարժումներուն եւ Հիւսիսի ու Արեւմուտքի հետ իրենց յարաբերութեանց մէջ, որովհետեւ ժողովուրդի օրինական ներկայացուցչութեան վկայագրով զինուած են։
Հետեւաբար՝ հայրենի հայութիւնը, իշխանութիւնները, սփիւռքի մեր համայնքները ու ամբողջ ազգը, իր մեծամասնութեան մէջ, հաւաքական այդ խելքը ունի՝ տեսնելու մեր աշխարհագրական դիրքը, մեր դիրքերէն բացուող տեսանելի հորիզոնը։ Գիտէ՝ մեր անմիջական հարեւաններուն մէջ ճշդել մեզի համար ձեռնտու լաւագոյն խօսակիցը։ Գիտէ՝ որ Իրանի հողային ամբողջականութեան պահպանումը մեր ապահովութեան գրաւականն է, քանզի գիտէ Իրանի հիւսիսի թրքացեղ ժողովուրդներուն Ազրպէյճանի հետ միացման վտանգի առկայութիւնը։ Գիտէ՝ որ աշխարհի հետ հաղորդակցելու եւ բացուելու մեր ապահովագոյն ճանապարհը Իրանի վրայով է, դէպի Հնդկաց ովկիանոս, Պարսկական կամ Արաբական ծոց եւ աշխարհ։
Մենք չենք կրնար ցանկալ այդ ճանապարհին վտանգուիլը՝ Արեւմտեան Աշխարհի շահերուն անսալով Իրանի հողային ամբողջականութեան ի վնաս գործողութիւններու ձեռնարկումով։
Մենք Կովկասի Հարաւային փէշերուն արմատաւորուած երկիր ենք, պիտի լաւագոյնս յարմարինք այս տարածաշրջանի մթնոլորտին, ինչ ալ ըլլան պայմանները։
Այնպէս որ հերիք է աղմկէք։