Նամակ Երկրէն

ԱՄԵՆԱՀԱՄՈՎ ԱՊՈՒՐԻՆ ՄԷՋ ԻՆԿԱԾ ՃԱՆՃԸ ՍԻՐՏԽԱՌՆՈՒՔ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Նամակ երկրէն

Փաստօրէն, Տաւուշի բախումներուն առիթով ադրբեջանական հիստերիկ արձագանգները, Ալիեւեան իշխանութեան կատաղածութիւնը ոչ թէ կապ ունին ադրբեջանցի զինուորներու սպանութեան հետ, այլ՝ ադրբեջանական երկու խիստ կարեւոր դիրքերու կորուստին հետ: Ադրբեջանը վաղուց, դեռ 90ական թուականներէն, անտարբեր եղած է իր զինուորներու կեանքին հանդէպ: Ալիեւի հիստերիան կորսուած կեանքներու հետ կապ չունի, այլ՝ կորսուած հողերու հետ, այն ալ՝ ռազմավարական առումով խիստ կարեւոր: Ալիեւի ամբողջ քարոզչութիւնը, կամ եթէ կ’ուզէք՝ Ալիեւի ամբողջ իշխանութիւնը՝ «պապենական» հողերը «զաւթող» հայերէն «ազատագրելու» քարոզչութեան վրայ հիմնուած է: Իսկ հիմա, մարդը ոչ միայն հող չէ «ազատագրած», այլ կորսնցուցած է նոր հող ու նոր դիրքեր:

Սա, ի հարկէ, դիւրին պիտի չմարսուի Ալիեւի կողմէ: Նոր սադրանքներ տեղի պիտի ունենան ուշ կամ կանուխ, առաջնագիծի ոեւէ հատուածի մէջ: Ալիեւ աւելի եւս պիտի սաստկացնէ հակահայ քարոզչութիւնը եւ աւելի պիտի հրահրէ ազգայնամոլութեան եւ հայատեացութեան կիրքերը: Պարզապէս որովհետեւ ան իշխանութիւնը ամուր պահելու այլ տարբերակ չունի, մանաւանդ երբ օրէ օր կը շեշտուի նավթի գիներու անկումով յառաջացած տնտեսական տագնապը, ներ-պալատական դաւադրութիւններու վտանգը, որոգման եւ ըմպելի ջուրի ճգնաժամի յառուցած դժգոհութիւնները…

Այսքանը՝ Ալիեւին եւ Ադրբեջանի մասին: Հիմա քիչ մը խօսինք մեր ներքին՝ ներհայկական երեւոյթներէն: Այսպէս, ընդհանուր առմամբ, հայութիւնը՝ Հայաստանէն Արցախ ու մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր անկիւններ, մէկ մարդու նման աջակցութիւն յայտնեց հակական բանակին եւ անոր հրամանատարութեան ու գերագոյն հրամանատարին: Միասնականութեան շատ գեղեցիկ, օրինակելի դրսեւորում պիտի համարէինք այս երեւոյթը, եթէ չ’ըլլային այն սակաւաթիւ, բայց սիրտ խառնող փոքրամասնութեան ատելութեան դրսեւորումները: Խօսքը մերժուածներու մասին է, վերջին ընտրութիւններուն ժողովուրդին կողմէ քաղաքական բեմէն դուրս շպրտուածներուն մասին: Եւ այսպէս, մինչ բախումներ տեղի կ’ունենային Տաւուշի սահմաններուն վրայ, եւ հայ քաջարի զինուորները արժանի հակահարուածով նոր դիրքեր կը գրաւէին, մերժուածներու ներկայացուցիչները՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, իշխանութեան դէմ ուղղուած թունաւոր ասքի ու արարքի բազմատեսակ արտայայտութիւններու կողքին, կը գրէին ու հարց կու տային, թէ ինչո՞ւ կռիւները սկսան Նիկոլ Փաշինեանի զաւակին՝ Աշոտի զօրացրումէն յետոյ (Աշոտի ծառայութիւնը աւարտած էր շաբաթ մը առաջ): Սա, կ’եզրակացնէին մերժուածներու ներկայացուցիչները, ցոյց կու տայ թէ Ալիեւ եւ Փաշինեան թաքուն համաձայնած էին եւ կը սպասէին Աշոտի զօրացրումին, որպէսզի պատերազմ սկսէին…

Լաւ էլի: Այսքա՞ն ալ վարնոցութիւն: Այսքա՞ն ալ ատելութիւն: Այսքան ցած կարելի՞ է իջնել՝ թրքական յարձակումներու օրերուն… Ես ինչ-որ մարդոց կողմէ հերթական յիմարութիւն պիտի համարէի այս տեսակի գրառումները, եթէ անոնք անմիջապէս լոյս չտեսնէին մերժուածներու հովանաւորած առցանց թերթերուն մէջ եւ կայծակնային արագութեամբ չտարածուէին Հայաստանէն Սփիւռք՝ ամէն տեղ…

Սա, ի հարկէ, մերժուած փոքրամասնութեան մը հերթական բամբասանքներէն անդին չանցնիր եւ ցոյց կու տայ նոյն շրջանակին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական «բարձր» մտածողութիւնը եւ սեփական ժողովուրդի քուէին հանդէպ իրենց ունեցած «յարգանքը»: Այս ալ, երեւի, միասնութեան իրենց հասկացողութիւնն է…

Բայց իրապէս, Տաւուշի կռիւներուն առիթով մեր ժողովուրդի միասնութեան գեղեցիկ դրսեւորումը անթերի պիտի ըլլար, եթէ չըլլային այս տեսակի քարոզչական ահաւոր տգեղ արշաւները: Ինչպէս կ’ըսեն, ամենահամով ապուրի ամանին մէջ ինկած ամենափոքրիկ ճանճը կրնայ սիրտխառնուք յառաջացնել:

Մենք, ըստ երեւոյթին, պիտի սորվինք ապրիլ սիրտխառնուք յառաջացնող ճանճերուն հետ: Անոնք ալ, ի վերջոյ, մեր հայկական խոհանոցի անբաժան մասն են:


Գրեցէ՛ք ինծի:
[email protected]

Նամակ երկրէնԱՄԵՆԱՀԱՄՈՎ ԱՊՈՒՐԻՆ ՄԷՋ ԻՆԿԱԾ ՃԱՆՃԸ ՍԻՐՏԽԱՌՆՈՒՔ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷՓաստօրէն, Տաւուշի բախումներուն առիթով…

Posted by Raffi Doudaklian on Tuesday, July 14, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *