28.6 C
Yerevan

Մենք ուրիշ երթա­լիք տեղ չունինք

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Նամակ երկրէն

Հակա­ռակ կորո­նա­վի­րուսի յառա­ջա­ցուցած խնդիրնե­րուն, Արցա­խի եւ Հայաստա­նի մէջ մեր՝ «Թուֆէնքեան» հիմնադրա­մի աշխա­տանքնե­րը չեն կանգնած: Արցա­խի մեր գրա­սե­նեա­կը բազմազբաղ է, նոյնիսկ համա­վա­րա­կի եւ տնտե­սա­կան տագնա­պի այս օրե­րուն: Նուռի եւ արքա­յա­նա­րինջի (խուրմայ) այգի­նե­րու խնամք, նոր տուներ՝ վիրաւոր զինուորնե­րուն, դպրոցնե­րու եւ դարմա­նա­տունե­րու նորո­գութիւն, տնտե­սա­կան զարգացման եւ ներդրումա­յին ծրա­գիրներ եւ բազմում այլ աշխա­տանքներ կը շարունա­կուին նոյն թափով: Միակ տարբե­րութիւնը այն է, որ առա­ջուայ նման հնա­րաւո­րութիւն չունինք ամէն շաբաթ Արցախ երթա­լու՝ աշխա­տանքնե­րուն ընթացքին հետեւե­լու եւ շրջաննե­րը այցե­լե­լու համար: Ժողովնե­րը եւ ծրագրումի աշխա­տանքնե­րը կ’ը­նենք առցանց, «զում»ի կամ «զանգ»իի օգնութեամբ:

Քանի մը օր առաջ, սակայն, ազա­տագրուած Քաշա­թա­ղի Իշխա­նա­ձոր գիւղէն եկած հեռա­խօ­սա­զանգի մը պատճա­ռով որո­շե­ցի անմի­ջա­պէս Արցախ մեկնիլ եւ գործընկերնե­րուս հետ քննել հայրե­նա­դարձ ընտա­նի­քի մը տուն հայթայթե­լու հրա­տապ խնդի­րը: Մեքե­նա­յով շուկա­յէն տուն վերա­դարձի ատեն հեռա­ձայն մը ստա­ցայ: «Ալօ բարեւ, Հրաչն է ձեր հետ խօսո­ղը: Ես հիմա Իշխա­նա­ձոր եմ, 5 երե­խա­նե­րուս հետ: Կ’ուզենք հոս մնալ: Մեզի ըսին, որ «Թուֆէնքեան» հիմնադրա­մը տուն կու տայ այստեղ տեղա­փո­խուողնե­րուն: Մեզի ալ կրնա՞ք օգնել: Մեծ ընտա­նիք ենք, հիմա երկու սենեա­կա­նոց բնա­կա­րա­նի մէջ տեղաւո­րած են մեզի…»:

Հայրե­նա­դարձ ընտա­նիքնե­րու Արցա­խի մէջ տեղաւորման համար կ’աշխա­տինք կառա­վա­րա­կան համա­պա­տասխան գրա­սե­նեակնե­րու հետ եւ զարմա­ցած էի, որ Հրաչ հեռա­խօ­սա­հա­մարս գտած էր եւ ուղղա­կի ինծի կը զանգէր: «Շատ բարի, բայց Վերաբնա­կեցման վարչութեան դիմա՞ծ ես…», հարցուցի Հրա­չին: Կ’ուզէի նախ հասկնալ, թէ ան հետեւա՞ծ է վերաբնա­կեցման ընթա­ցա­կարգին:

«Այո դիմած եմ: Իրենք այս բնա­կա­րա­նը ժամա­նա­կաւոր տուին մեզի, մինչեւ որ նոր տուն մը գտնուի: Ուրիշներ ալ ինծի ըսին «Թուֆէնքեան»ի հետ խօսիմ: Հեռա­ձայնի թիւդ գտայ եւ ըսեմ, կ’ուզեմ շատ արագ տուն-տեղ ըլլամ, երկար-բարակ սպա­սե­լու սիրտ չունինք: Մենք այլեւս հոս ենք, ուրիշ տեղ չենք ուզեր երթալ, հոս պիտի մնանք…», ըսաւ Հրաչ եւ կէս հայե­րէն, կէս արա­բե­րէն խօսե­լով պատմեց իր Հայաստան գալու մասին:

Հրաչ Սուրիոյ Հասա­քէ շրջա­նէն է: Հողա­գործ է եւ միա­ժա­մա­նակ մեքե­նա­նե­րու ներկա­րար, «դզող-փչող», ինչպէս կ’ը­սեն Հայաստա­նի արհեստաւորնե­րը… Քանի մը տարի առաջ, բազմա­հա­զար այլ սուրիա­հա­յե­րու նման, Հրաչ ընտա­նի­քին հետ կու գայ Հայաստան: «Գիտցանք, որ շատ անա­պա­հով ենք, պատե­րազմ է եւ մեր կեանքը վտանգուած է: Երեւի լուրե­րէն տեղեակ եք, հիմա արդէն Հասա­քէ թուրքե­րը մտան, քիւրտե­րը չդի­մա­ցան, նահանջե­ցին…», ըսաւ Հրաչ: Իրենց Երեւան գալէն յետոյ, Եագուպիէի մէջ ռումբի մը պայթումէն կը մահա­նայ իր աներհայրը, իսկ ատկէ առաջ, մէկ այլ քաղա­քի մէջ «տահէշ»ի զինեալնե­րը կը սպաննեն իր մորաքրոջ որդին:

«Քանի մը տարի Երեւան ապրե­ցանք: Արհեստովս հաց կրցայ ճարել եւ ընտա­նիք պահել: Յոյս ունէինք, որ Սուրիոյ վիճա­կը կը լաւնայ, մենք ալ մեր տունե­րը կը վերա­դառնանք: Բայց տեսար ինչ եղաւ: Բոլորս ալ յոյսերնիս կտրած ենք: Ես որո­շե­ցի ընտա­նի­քովս հոս մնալ: Այստեղ մէկը մեզի չի նեղեր, մէկը մեր կրօնքին չի հայհո­յեր: Այստեղ մեր հայրե­նիքն է, զաւակներս հոս կ’ուզեն մնալ: Եթէ քիչ մը օգնութիւն ստա­նանք, եթէ տուն մը ունե­նանք Իշխա­նա­ձո­րի կամ մօտա­կայ գիւղե­րուն մէջ, գլխերնուս ճարը կը նայինք, պարոն Րաֆֆի: Այս շրջա­նը Սուրիոյ մեր բնա­կած տեղէն շատ տարբեր չէ, հողն ալ լաւ է: Մենք աշխա­տող ենք, այս հողե­րէն ապրուստ կը հանենք», ըսաւ Հրաչ:

Ես հիմա ճամբայ կ’ելլեմ դէպի Ստե­փա­նա­կերտ՝ գործընկերնե­րուս հանդի­պե­լու եւ բազմա­թիւ այլ խնդրի­նե­րու կողքին՝ Հրա­չին տան հարցով զբա­ղուե­լու: Հայ ընտա­նիք մը Սուրիա­յի պատե­րազմէն փախած է եւ կ’ուզէ իր բոյնը կառուցել Արցա­խի ազա­տագրուած հողե­րուն վրայ: Մեր հիմնադրա­մով, կառա­վա­րութեան եւ այլոց օգնութեամբ, պէտք է յառա­ջի­կայ քանի մը ամիսնե­րուն տուն եւ հող տրա­մադրենք Հրա­չին:

Հրա­չի մեծ աղջի­կը 12 տարե­կան է: Տղա­քը՝ 10  եւ 8 տարե­կան, իսկ ամե­նա­փոքրե­րը՝ զոյգ աղջիկներ են, 7 տարե­կան: Անոնք պիտի ապրին ու մեծնած Հայաստա­նի ազա­տագրուած հողե­րուն վրայ: Անոնք պիտի ապրին ազատ եւ անվտանգ ու նոր շունչ եւ հոգի պիտի տան մեր հողե­րուն:

Գրե­ցէք ինծի:

[email protected]

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=3730338507035998&id=195018463901371

Առնչվող Հոդվածներ