20 C
Yerevan

«Իշխա­նութեան յոգնե­ցուցիչ սովո­րութիւննե­րէն մէկը դարձած է ցանկա­ցած քննա­դա­տութեան պատասխա­նել նախկին կառա­վա­րութիւննե­րու գործած սխալնե­րը յիշե­լով»

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ

Ազէրպէյճա­նի վերջին ոտնձգութիւննե­րը բնա­կա­նա­բար դպան համա­հայկա­կան զգա­յուն ջիղին։ Մեզ պառակտող հարցե­րը պահ մը կոնսնցուցին իրենց այժմէա­կա­նութիւնը եւ կարծես նահանջե­ցին մեր անմի­ջա­կան առօ­րեա­յէն։ Մեր գիտակցութեան կեդրո­նը ի յայտ եկան մեզի սպառնա­ցող հասա­րա­կաց վտանգն ու թշնա­մին, հակա­ռակ անոր որ ոչ վտանգը ոչ ալ թշնա­մին թաքուն էին Յուլի­սի իրա­դարձութիւննե­րէն առաջ։ Դէպքե­րէն առաջ, ներքա­ղա­քա­կան լարուա­ծութիւնն էր որ կը տիրէր։ Ինչպէս միշտ, երբ արտա­քին հրէ­շը պարզուե­ցաւ մեր սահմա­նին, պահ մը սթա­փե­ցանք եւ զսպե­ցինք ներքին հակա­ռա­կորդնե­րը քարկո­ծե­լու մեր կիրքե­րը։

Բայց մենք մեզ չխա­բենք։ Եթէ անցեա­լը փաստ է, ասի­կա ժամա­նա­կաւոր ներքա­ղա­քա­կան «զինա­դա­դար» է։

Հայաստա­նի եւ Արցա­խի բանակնե­րուն տարած ռազմա­կան յաղթա­նակնե­րը

կ՚ իմաստաւո­րուին եւ կ՚ արժեւո­րուին միայն եթէ առաջնորդեն զուգա­հեռ ներքա­ղա­քա­կան եւ դիւա­նա­գի­տա­կան յաղթա­նակնե­րու։ Այլա­պէս, մեր լինե­լութեան սպառնա­ցող վտանգնե­րը չեն մեղմա­նար, եւ մենք պատրաստ չենք ըլլար թշնա­միին յաջորդ ոտնձգութիւնը աւե­լի արդիւնաւէտ կերպով դիմագրաւե­լու կամ կանխե­լու։

Հարցին բնոյթը—ու՞ր էինք Յուլի­սի դէպքե­րէն առաջ

Երկու իրո­ղութիւններ կը բնութագրէին (եւ տակաւին կը բնութագրեն) Հայաստա­նի վերջին երկու տարուան ներքա­ղա­քա­կան լարուած և մտա­հո­գիչ իրա­վի­ճա­կը։

Առա­ջին՝ հասա­րա­կութեան համար, հեղի­նա­կութիւն և բարո­յա­վարկ (credibility) ունե­ցող քաղա­քա­կան ընդդի­մութիւն գոյութիւն չունի, խորհրդա­րա­նէն ներս թէ դուրս։[1] Ասի­կա լուրջ խնդիր է ոչ միայն ընդդի­մա­դիր քաղա­քա­կան ուժե­րուն համար, այլ յատկա­պէս երկրի՛ն համար։ Առողջ քաղա­քա­կան մթնո­լորտ ստեղծե­լու համար անհրա­ժեշտ է ունե­նալ ազդե­ցիկ ընդդի­մութիւն, որմէ այսօր դժբախտա­բար զրկուած է մեր երկի­րը։ Այս մէկը իշխա­նութեան յանցանքը չէ (թէեւ իշխա­նութիւնը կրնայ աւե­լի կառուցո­ղա­կան դեր խաղալ—այս մասին կ՚անդրադառնամ աւե­լի ուշ)։ Իշխա­նութիւնը չէր որ ժողո­վուրդին աչքին վարկա­բե­կեց գլխաւոր ընդդի­մա­դիր ուժե­րը եւ անոնց ղեկա­վարնե­րը: Այդ վճի­ռը ժողո­վուրդը ի՛նքը առաւ, հիմնուած տասնա­մեակներ շարունակ անոնց վարած գործունէութիւննե­րուն վրայ։

Նախ քան ազդե­ցիկ ընդդի­մութեան չգո­յութեան հետեւանքնե­րը նշե­լը, անդրա­դառնանք երկրորդ հիմնա­կան իրո­ղութեան։ Անցնող երկու տարի­նե­րու հրա­պա­րա­կա­յին քաղա­քա­կան խօսոյթը (discourse) եղած է ցաւա­լի, պառակտիչ, եւ անյա­րիր Հայաստա­նի նման ճակա­տագրա­կան վտանգնե­րու առջեւ գտնուող երկրի մը մէջ գործող ոեւէ քաղա­քա­կան գործի­չի կողմէ։ Այս խնդրին մէջ, ի տարբե­րութիւն նախորդին, բոլոր գործիչնե­րը մեղաւոր են, ներա­ռեալ իշխա­նութեան ղեկա­վարնե­րը։

Հարցը կը բխի իշխա­նութիւն-ընդդի­մութիւն յարա­բե­րութիւննե­րուն բնոյթէն։ Յառա­ջա­դէմ երկիրնե­րու քաղա­քա­կան ընդդի­մութիւնը, ընդհանրա­պէս, իշխա­նութեան հետ բաժնե­լով հանդերձ երկրին գերա­գոյն շահե­րուն հասկա­ցո­ղութիւնը, կ՚ ունե­նայ լուրջ տարա­կարծութիւններ կապուած զանոնք իրա­գործե­լու քաղա­քա­կա­նութեան, ինչպէս նաեւ անոնց առաջնա­հերթութիւննե­րուն հետ։ Ընդդի­մութեան ամե­նէն խիստ եւ խնդրա­յա­րոյց դրսեւո­րումը կրնայ հանդի­սա­նալ իբրեւ իշխա­նութեան մրցա­կի­ցը, բայց ո՛չ իշխա­նութեան թշնա­մին, եւ փոխադարձաբար—այսինքն, իշխա­նութիւնը կը հանդի­սա­նայ իբրեւ ընդդի­մութեան մրցա­կի­ցը, ո՛չ թշնա­մին։ Իսկ ամե­նէն բարենպաստ իշխա­նութիւն-ընդդի­մութիւն յարա­բե­րութիւնը կը ստա­ցուի երբ երկու տարա­կարծիք խմբակցութիւններ կրնան գտնել բաւա­րար հասա­րա­կաց եզրեր եւ կը սկսին գործակցիլ (թէկուզ որոշ վերա­պա­հութիւննե­րով եւ զիրար վերահսկե­լով) յանուն ազգա­յին եւ պետա­կան գերա­գոյն շահե­րուն։

Դժբախտա­բար, այսօր չունինք «գործակցող» կամ նոյնիսկ «մրցակցող» ներքա­ղա­քա­կան շփումներ։ Ունինք ընդհանրա­ցած թշնա­մա­կան կեցուածք եւ խօսոյթ։ Իշխա­նութիւն-ընդդի­մութիւն տարե­րոյթը (dynamics) չի ցոլացներ ազգա­յին կամ համա­մարդկա­յին նուա­զա­գոյն բարո­յա­կան սկզբունքը։ Նոյնիսկ քաղա­քա­կան խմբակցութիւններ, որոնք աւանդա­բար մշա­կած եւ պահպա­նած են բարձր մակարդա­կի ազգա­յին բարո­յա­կա­նութիւն, անբա­ցատրե­լիօ­րէն կը խզուին իրենց աւանդոյթէ­նե­րէն, յատկա­պէս երբ հարցը կը վերա­բե­րի իշխա­նութիւնը քննա­դա­տե­լուն ու վարկա­բե­կե­լուն։ Քաղա­քա­կան ելոյթնե­րը յաճախ կամուրջներ կը կործա­նեն եւ տարբեր խմբակցութիւններ, տարուած զիրար նախա­տե­լու մոլուցքով, կը թաղեն ապա­գա­յին իրա­րու հետ գործակցե­լու հաւա­նա­կա­նութիւնը։

Ընդդիմութեան[2] Հարցե­րը

Մինչ ընդդի­մա­դիր ուժե­րը կը փորձեն վերա­կանգնիլ եւ յաւակնութիւն ունին տեղ ապա­հո­վե­լու քաղա­քա­կան եւ պետա­կան կեանքին մէջ, կը շարունա­կեն անգի­տակ մնալ կարգ մը դասա­կան ճշմարտութիւննե­րու։ Յիշենք մի քանին։

Քաղա­քա­կա­նութեան մէջ, պայքար մը շահե­լու համար չի բաւեր ճիշդ ըլլալ։ Պէտք է նաեւ որ պայքա­րո­ղը վայե­լէ հանրութեան վստա­հութիւնը։ Հակա­ռակ պարա­գա­յին, պայքա­րը կը ձախո­ղի եւ պայքա­րո­ղը աւե­լի եւս կը վարկա­բե­կուի։ Ընդդի­մա­դիր ուժե­րը, փոխա­նակ ամէն ճիգ ընե­լու որ վերա­շա­հին իրենց կորսնցուցած հեղի­նա­կութիւնը, կարծես թէ օր ըստ օրէ աւե­լի խորը կը թաղուին իրենց փորած փոսին մէջ։ Օրի­նակ՝ կարե­լի չէ վստա­հութիւն ներշնչել, ա՛յսօր քննա­դա­տե­լով այն երեւոյթը որուն համար երէկ իրենք կամ յանցաւոր էին, կամ որուն դիմաց լուռ էին։ Ժողո­վուրդին աչքին, իրենց երե­կուայ մեղքե­րը եւ լռութիւնը զիրենք կը զրկեն նոյն յանցանքը քննա­դա­տե­լու իրաւունքէն։

Նոյնքան կարեւոր է քաղա­քա­կան պայքար մը սկսե­լու ժամա­նա­կը։ Ընդդի­մա­դիր ուժե­րը տակաւին չեն ըմբռնած կենսա­կան քաղա­քա­կան իմաստութիւննե­րէն մէկը—մի՛ սկսիր կռիւ մը որ, գէթ ներկայ մթնո­լորտին մէջ, չես կրնար շահիլ։ Ընդի­մա­դիրնե­րէն գրե­թէ բոլո­րը յիշեալ սխալնե­րը պարբե­րա­բար գործած են անցնող տասնութ ամիսնե­րուն ընթացքին։

Ընդդի­մութեան ամե­նէն լուրջ տկա­րութիւնը քննա­դա­տե­լու սխալ բանա­ձեւ ընտրելն է։ Օրի­նակ, Յուլի­սի դէպքե­րէն անմի­ջա­պէս առաջ, Խորհրդա­րա­նին կողմէ որո­շուած Սահմա­նադրա­կան Դատա­րա­նին վերջին փոփոխւթիւններն[3] էին ընդդի­մութեան ուշադրութեան առարկան, որոնք լայնօ­րէն քննա­դա­տուե­ցան, բայց յաճախ սխալ ձեւով։ Այն քննա­դա­տութիւննե­րը, որոնք կեդրո­նա­ցան դատաի­րաւա­կան համա­կարգի անկա­խութեան կամ իշխա­նութեան բռնա­պե­տա­կան հակումնե­րուն վրայ, տեղ չհա­սան։ Թէա­կան է որ հանրութեան նոյնիսկ մէկ չնչին հատուա­ծը կը հաւա­տայ որ դատաի­րաւա­կան համա­կարգը, այնպէս ինչպէս որ է, երկրին արդա­րութեան երաշխիք կրնայ հանդի­սա­նալ կամ երբեւէ եղած է իսկա­պէս անկախ։  Եթէ այդպէս եղած ըլլար, Խորհրդա­րա­նը կարի­քը չէր զգար փոփո­խութիւններ առա­ջարկե­լու։ Ուրեմն, այդ հիման վրայ եղած առարկութիւննե­րը (նոյնիսկ եթէ որոշ հիմք ունէին) չէին կրնար լուրջի առնուիլ։

Աւե­լի համո­զիչ առարկութիւնը այն է որ սահմա­նադրա­կան փոփո­խութիւններ իրա­կա­նացնե­լը առանց հանրա­քուէի եւ այսքան ուշ սխալ էր։ Ամէ­նէն նպա­տա­կա­յարմար ժամա­նա­կը այդ փոփո­խութիւննե­րը իրա­կա­նացնե­լու հաւա­նա­բար Դեկտեմբեր 2018‑ն էր, խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւննե­րու համընթաց հանրա­քուէով։ Եւ իսկա­պէս, իշխա­նութեան ռազմա­վա­րա­կան տհա­սութիւնը բացա­յայտող սխալնե­րէն մէկն է այս քայը:

Նոյնքան այժմէա­կա­նութիւն ունե­ցող թեման, ուր քննա­դատնե­րու պակա­սը չկայ, Կորո­նա ժահրի թեման է։ Եւ հոս, կացութիւնը աւե­լի բարդ է քան իշխա­նութիւն-ընդդի­մութիւն յարա­բե­րութիւնը։ Մինչ հեղի­նա­կաւոր միջազգա­յին մասնա­գէտներ հրա­պա­րա­կաւ կ՚ ընդունին որ տակաւին շատ բան չեն հասկնար նոր ժահրին մասին, եւ նոր բացա­հայտումներ կը կատա­րուին գրե­թէ ամէն շաբաթ, մեր հանրութիւնը արդէն ինքնավստա­հութեամբ դիրքո­րո­շուած կը թուի ըլլալ համա­ճա­րա­կին հանդէպ։ Իսկա­պէս շշմե­ցուցիչ է լսել այլա­զան (ու հակա­սա­կան) տեսութիւններ ու կարծիքներ, որոնք այսօր ընդհանրա­ցած են ժողո­վուրդի տարբեր խաւե­րէն ներս։  Թէեւ ընդդի­մութեան մէջ պղտոր ջուրե­րու ձկնորսներ չեն պակսիր, այնուա­մե­նայնիւ այս պարա­գա­յին գլխաւոր խնդի­րը կը մնայ ժողո­վուրդին ծայրա­յեղ անկարգա­պա­հութիւնն ու նախա­պա­շա­րումնե­րը։  Անշուշտ կառա­վա­րութիւնը սխալներ գործեց, մանաւանդ ժահրի սկզբնա­կան շրջա­նին։ Սակայն պէտք է յիշել որ, գէթ իր հանրա­յին ծանուցումնե­րուն մէջ, կառա­վա­րութիւնը օրի­նա­կե­լի վարմունք ունե­ցաւ։ Պր. Վարչա­պե­տը, պարե­տա­յին նիստե­րէն ետք տուած յաճա­խա­կի իր ճեպազրոյցնե­րուն ընթացքին, ընդունեց որ կառա­վա­րաութիւնը գործեց սխալներ, եւ առողջա­պա­հութեան նախա­րա­րը, մանրա­մասնեց իր եւ նախա­րա­րութեան սխալնե­րը, որոնց համար ներո­ղութիւն խնդրեց ժողովուրդէն[4]։  Հազուա­դէպ եւ գնա­հա­տե­լի երեւոյթ՝ որմէ շատ աւե­լի մեծ սխալներ գործած այլ կառա­վա­րութիւններ դեռեւս շատ հեռու են։ Ափսոս որ ընդդի­մա­դիր խմբակցութիւննե­րը չճանչցան եւ չգնա­հա­տե­ցին այս ժեստը, եւ այդպի­սով փախցուցին իրենց անա­չա­ռութիւնը ապա­ցուցե­լու թանկա­գին առիթ մը։

Այս փաստե­րուն լոյսին տակ՝ պէտք չէ զարմա­նալ եթէ Յուլի­սի դէպքերն ալ շուտով դառնան իշխա­նութիւնը քննա­դա­տե­լու բերրի հող։ Հակա­ռակ արձա­նագրուած ռազմա­կան յաջո­ղութիւննե­րուն, կարե­լի է պատկե­րացնել որոշ ընդդի­մա­դիր ուժեր, որոնք գովա­բա­նե­լով հանդերձ ՀՀ եւ Արցա­խի բանակնե­րը, սկսին ցեխ շպրտել Հայաստա­նի քաղա­քա­կան առաջնորդնե­րուն վրայ, այլա­զան երեւա­կա­յա­կան կամ իրա­կան բացթո­ղումնե­րու համար։

Յաջող ընդդի­մա­դիր խմբակցութիւնը պիտի ըլլայ այն՝ որ  ունի իր յստակ քաղա­քա­կան և տնտե­սա­կան տեսլա­կանն ու ծրա­գի­րը եւ չի տառա­պիր ներկայ իշխա­նութեան հետ բախե­լու-սիրոյն հակադրուե­լու կամ կառա­վա­րութեան ամէն մէկ քայլը քննա­դա­տե­լու բարդոյթէն։ Խմբակցութիւն մը որ կրնայ կիրթ եւ մասնա­գի­տօ­րէն հիմնաւո­րուած ձեւով բանա­ձեւել իր քննա­դա­տութիւնը, եւ աւե­լի եւս պատշաճ ձեւով առա­ջարկել այլ քաղա­քա­կա­նութիւն, միա­ժա­մա­նակ ընդգծե­լով իր հասա­րա­կաց եզրե­րը (եթէ կան) իշխա­նութեան քաղա­քա­կա­նութեան հետ։

Իշխա­նութեան Հարցե­րը

Վերա­դառնա­լով ներքա­ղա­քա­կան խօսոյթին, ինչպէս արդէն նշե­ցինք, բոլոր դերա­կա­տարնե­րը, ներա­ռեալ իշխա­նութիւնը, մեղաւոր են։ Եւ հոս, յանցանքը կը հասնի նաեւ վարչա­պե­տին։ Մեծարգոյ Պր. Վարչա­պե­տը, հակա­ռակ իր խիստ էական առաւե­լութիւննե­րուն հանրա­պե­տութեան նախորդ երեք ղեկա­վարնե­րուն վրայ, ցաւօք սրտի տակաւին չէ որդեգրած վարչա­պե­տա­վա­յել հանրա­յին քաղա­քա­կան կեցուածք, բառա­պա­շար, լեզու եւ ոճ[5]։ Ես դեռեւս հաճոյքով եւ հիա­ցումով կը լսեմ Պր. Փաշինյա­նին 2018-էն առաջ տուած ելոյթնե­րը, եւ աւե­լի մեծ հիա­ցումով կը վերա­դառնամ կրկին լսե­լու 2018‑ի թաւշեայ յեղա­փո­խութեան ընթացքին իր ունե­ցած ելոյթնե­րը։ Այդ բոլո­րին մէջ յստա­կօ­րէն կը բացա­յայտուին մեր երկի­րը ամէն գնով բարե­փո­խել տենչա­ցող իր արդա­րա­միտ, անվախ, ըմբոստ, եւ յեղա­փո­խա­կան ոգին։ Սակայն պիտի խոտո­վա­նիմ, որ երբ տեսնեմ 2019‑ի եւ 2020‑ի իր կարգ մը քաղա­քա­կան ելոյթնե­րը, կ՚ ապրիմ որո­շա­կի յուսա­խա­բութիւն եւ երբեմն նույնիսկ հիասթա­փութիւն։ Այս՝ ո՛չ որովհե­տեւ որեւէ բան փոխուած է իր կեցուածքին, լեզուին, բառա­պա­շա­րին եւ ոճին մէջ։ Ընդհակառա՛կը, որովհե­տեւ գրե­թէ ոչինչ չէ փոխուած այդ բոլո­րին մէջ, հակա­ռակ անոր որ իբրեւ վարչա­պետ, ի պաշտօ­նէ, ան ունի նոր առա­քե­լութիւն եւ հանգա­մանք։

Անմի­ջա­պէս յստա­կացնեմ որ այս չի նշա­կեր որ Պր. Փաշինյա­նը, վարչա­պետ ընտրուե­լէն ետք, պէտք էր փոխէր իր քաղա­քա­կան համո­զումնե­րը, դիրքո­րուշումը կամ տեսլա­կա­նը։ Կը նշա­նա­կէ, սակայն, որ ան պէտք էր փոխէր իր մօտե­ցումը։ Ժողո­վուրդին արդար քուէով եւ ջախջա­խիչ մեծա­մասնութեամբ ընտրուե­լէ ետք, անհե­թեթ է շարունա­կել ընտրա­պայքա­րի բուռն գոյա­մարտը։ Երբ իշխա­նութիւնը շարունա­կէ վարուիլ իբրեւ մարտա­դաշտին մէջ կռուող ընդդի­մա­դիր ուժե­րէն մէկը, որը կարծես «պատա­հա­կա­նօ­րէն» անցած է իշխա­նութեան գլուխ եւ կը փորձէ ամէն գնով իր նոր ձեռք բերած հեղի­նա­կութիւնը պարտադրել ամե­նուրեք, կը նուաստացնէ ոչ միայն իր հեղի­նա­կութիւնը այլ նաեւ ժողո­վուրդի քուէն։

Ցաւօք սրտի, ներքա­ղա­քա­կան շփումնե­րու մէջ, իշխա­նութիւնը ցուցա­բե­րած է նոյն կարճա­տես մօտե­ցումը ինչպէս ընդդի­մութիւնը։ Նկա­տի առնենք կարգ մը յաճախ գործա­ծուած սպառնա­լից կամ նախա­տա­կան խօսքեր։ «քաղա­քա­կան դիակներ», «խորհրդա­րա­նին մէջ տեղ չունին», «պառկեցնել ասֆալտին», եւն. Արդեօ՞ք Պր. վարչա­պե­տը պիտի կանգնէր որեւէ դիա­կի առաջ ու նայե­լով անոր յայտա­րա­րեր. «դուն դիակ ես»։ Կարի­քը կա՞յ նման անհե­թե­թութիւնե­րու։ Վերջերս հրա­տա­րա­կուած «ՀՀ Ազգա­յին Անվտանգութեան Ռազմա­վա­րութիւն» հատո­րին մէջ, Պր. Վարչա­պե­տը կը գրէ. «Բռնությունը պետք է բացառվի ներհայկա­կան որեւէ հարցի լուծման գործի­քա­կազմից:» Նոյն միտքը պէտք է գործադրել բանաւոր բռնութեան պարա­գա­յին բոլոր պաշտօ­նա­կան քաղա­քա­կան խօսոյթնե­րուն մէջ։

Իշխա­նութեան յոգնե­ցուցիչ սովո­րութիւննե­րէն մէկը դարձած է ցանկա­ցած քննա­դա­տութեան պատասխա­նել նախկին կառա­վա­րութիւննե­րուն գործած սխալնե­րը յիշե­լով եւ յիշեցնե­լով։ Այս մօտե­ցումը, եթէ նոյնիսկ որոշ չափով ընդունե­լի էր նախնա­կան շրջա­նին, այլեւս համո­զիչ չէ։ Նախկին կառա­վա­րութիւննե­րուն գործած մեղքե­րը չեն արդա­րացներ ներկա­յի սխալնե­րը։

Շինիչ ընդդի­մութիւն կրնայ ստեղծուիլ միայն երբ իշխա­նութիւնը ընդունակ ըլլայ օգտուե­լու նոր ու կառուցո­ղա­կան գաղա­փարնե­րէ։ Մինչ հասա­րա­կութիւնը կրնայ ինքնի­րեն իրաւունք տալ ամբողջ խմբակցութիւն մը վարկա­բե­կե­լու եւ, իր քուէ­նե­րով, բացա­ռե­լու քաղա­քա­կան գործընթա­ցէն, կառա­վա­րութիւնը չունի այդ շռայլութիւնը, ո՛չ թէ որովհե­տեւ «պարտա­կան» է որևէ քաղա­քա­կան խմբակցութեան, այլ որովհե­տեւ պարտա­կան է երկրի՛ն եւ քաղա­քա­ցի­նե­րուն։ Ազգա­յին միաւո­րուման ձգտող քաղա­քա­կա­նութիւնը (եւ ղեկա­վա­րը) կը տարբե­րի ըմբոստ, ընդդի­մա­դիր, յեղա­փո­խա­կան քաղա­քա­կա­նութե­նէն եւ քաղա­քա­կան գործի­չէն։ Ան կը ներա­ռէ՛, փոխա­նակ բացա­ռե­լու, կը լքէ՛ ամբո­խա­վար «ժարգոնն» ու հռե­տո­րությունը, եւ կ՚ որդեգրէ հաշտա­րար ոճ եւ լեզու։ Կ՚ առաջնորդէ ամե­նէն բարձրո­րակ օրի­նա­կով։ Կ՚ առաջնորդէ միա­ցեալ եւ զարգա­ցած ազգի եւ երկրի տեսլա­կա­նով։

Ամէն տեսա­կի այլա­կարծութիւն մերժող իշխա­նութիւն մը կը լճա­նայ եւ կը հրաւի­րէ նոր վտանգներ։ Ընդդի­մութիւնը իր դերը կրնայ խաղալ միայն քննա­դա­տե­լով եւ տարբեր մօտե­ցումներ առա­ջադրե­լով, որովհե­տեւ գործե­լու հնա­րաւո­րութիւն չունի։ Պետա­կան լծակնե­րը իր տրա­մադրութեան տակ չեն գտնուիր։ Իշխա­նութիւնը, սակայն, գործող եւ սպա­սարկող կազմա­կերպութիւն է։ Ինքզինք պիտի արժեւո­րէ իր գործով եւ առա­ջա­ցուցած արդիւնքնե­րով։ Այս պարա­գա­յին ո՛չ ոք ընդդի­մութիւնը պիտի մեղադրէ եթէ երկրին բարե­կե­ցի­կութիւնը, առողջա­պա­հութիւնը կամ անվտանգութիւնը վատթա­րա­նան։

Իշխա­նութիւնը կրնայ կարգ մը դժուար ներքին մարտահրաւէրներ յաղթա­հա­րել աւե­լի լայն գործակցա­կան ճիգե­րով, քան առանձին։ Օրի­նակ՝ Հայաստա­նի ժողովուրդը—եւ ընդհանրա­պէս համայն հայ ժողովուրդը—մտքի եւ սրտի խաղա­ղութիւն պիտի չունե­նայ եթէ անցած երե­սուն տարի­նե­րու ոճիրնե­րը մնան անպա­տիժ։ Կառա­վա­րութիւնը արդէն այս գործընթա­ցը սկսած է (որուն մեծ յոյսեր կապած է ժողո­վուրդը), բայց ոչ բաւա­րա­րա­չափ խիզախ եւ անսա­սան քայլե­րով։  Հարցը չի վերջա­նար մի քանի մեծ եւ յայտնի թալա­նողներ արդա­րութեան հրաւի­րե­լով։ Ամբողջ մենաշնորհա­յին համա­կարգը միանգա­մընդմիշտ եւ արմա­տա­պէս պէտք է փլուզուի որպէսզի իսկա­կան արդա­րութիւն տիրէ։ Ահաւոր բարդ գործարք է այս մէկը։ Նոյնիսկ ա՛յս իշխա­նութիւնը տակաւին հեռու է այս մարտահրաւէ­րը ընդունե­լէ։ Հակա­ռա­կը, կը թուի թէ մինչեւ հիմա, աւե­լի տրա­մադրուած է մենաշնորհա­յին համա­կարգին հետ համա­կերպե­լու եւ գործակցե­լու, քան զայն հակակշռի տակ առնե­լու։ Գործը բարդ է, որովհե­տեւ համա­կարգը ունի խորունկ արմատներ տնտե­սութեան բոլոր ոլորտնե­րէն ներս, ինչպէս նաեւ դատաի­րաւա­կան համա­կարգին մէջ։ Եւ ճիշդ հոս կը կայա­նայ դատաի­րաւա­կան համա­կարգը հիմնա­կան բարե­փո­խումնե­րու ենթարկե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ Բայց կան ազդե­ցիկ եւ փաստուած միջոցներ այս մարտահրաւէ­րը դիմագրաւե­լու. կը մնայ որ իշխա­նութիւնը ընդլայնէ փորձա­գէտնե­րու իր շրջա­նա­կը։

Գործնա­կան Քայլեր

Գործնա­կան գետնի վրայ, այս կը նշա­նա­կէ գործի լծել ազգին պատկա­նող տաղանդը եւ այն փորձա­գէտնե­րը, որոնց կարի­քը ունի իշխա­նութիւնը, ողջունե­լով նոյնիսկ (եւ մանաւա՛նդ) այլա­կարծութիւնը։ Այս կարե­լի է ընել քայլ առ քայլ։

Թերեւս առա­ջին քայլը պէտք է ըլլայ ամրապնդել եւ պաշտօ­նա­կա­նացնել ստեղծուած ներքա­ղա­քա­կան «զինադադար»ը, ուր բոլոր քաղա­քա­կան խմբակցութիւննե­րը անխտիր, կը համա­ձայնին անմի­ջա­պէս կասեցնել որեւէ տեսա­կի բանաւոր բռնութիւն—արհամարհանք, հայհո­յանք, սպառնա­լիք, փողո­ցա­յին-կռուա­զան լեզու։ Այսպի­սով, իբրեւ առա­ջին քայլ, Հայաստա­նի նեքա­ղա­քա­կան խօսոյթը կ՚ ըլլայ աւե­լի քաղա­քա­կիրթ, որ (կը յուսանք) կրնայ առաջնորդել աւե­լի շինիչ երկխօ­սութիւննե­րու։

Երկրորդ, պետութիւնը կը նախա­ձեռնէ ստեղծել մասնա­գի­տա­կան կատա­րո­ղա­կան մարմիններ (task force), բաղկա­ցած պետա­կան եւ ոչ-պետա­կան փորձա­գէտնե­րէ, հիմնուած միայն անհատնե­րու մասնա­գի­տա­կան պատրաստութեան վրայ, առանց նկա­տի առնե­լու անոնց քաղա­քա­կան հակումը։ Վստա­հա­բար, նոյնիսկ վարկա­բե­կուած ընդդի­մա­դիր խմբակցութիւննե­րուն մէջ, կան լաւ պատրաստուած փորձա­գէտներ, որոնք չեն խճճուած իրենց խմբակցութիւննե­րուն գործած յանցանքնե­րուն մէջ կամ աղաւա­ղուած անոնցմով։ Նմա­նա­պէս, կան արժա­նի այլընտրանքա­յին լուծումներ առա­ջարկուած ընդդի­մա­դիր խմբակցութիւննե­րու կողմէ։ Իշխող խմբակցութե­նէն դուրս կան մաքուր անձիք, որոնց մասնա­գի­տա­կան փորձին այսօր կարի­քը ունի պետութիւնը։ Օրի­նա­կի համար, կարե­լի է նման մարմիններ ստեղծել հետեւեալ ոլորտնե­րուն մէջ։

Ներքին Ոլորտներ

Տնտե­սա­կան զարգա­ցում, ներա­ռեալ մենաշնորհա­յին համա­կարգի հարցը։

Բնա­պահպա­նութիւն, ներա­ռեալ հանքե­րու շահա­գործման հարցը։

Մշա­կութա­յին եւ կրթա­կան զարգա­ցում։

Առողջա­պա­հութիւն, եւ մասնաւո­րա­պէս հակա­հա­մա­ճա­րա­կա­յին ռազմա­վա­րութիւն։

Դատաի­րաւա­կան համա­կարգի բարե­փո­խութիւններ։

Արտա­քին Ոլորտներ

Տարա­ծաշրջա­նի ռազմա­վա­րութիւն, ներա­ռեալ Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կը եւ անվտանգութիւնը։

Համաշխարհա­յին դիւա­նա­գի­տա­կան հարթակներ, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միա­ցեալ օրակարգով։[6]

Կարեւոր է որ այս մարմիննե­րը ըլլան զուտ մասնա­գի­տա­կան ։ Այսինքն՝ խօսքը քաղա­քա­կան «կոալիցիա»ի մասին չէ։ Ամէն անհատ, երբ կը մասնակցի իր մարմնի նիստին, իր հետ կը բերէ միայն իր մասնա­գի­տա­կան փորձը։ Նպա­տա­կը բարձր մակարդա­կի մասնա­գի­տա­կան լուծումներ քննարկել եւ առա­ջարկել է միայն։

Ժամա­նա­կի ընթացքին, այս մօտե­ցումը կը ստեղծէ ազգը միաւո­րող նոր շաղախ, մասնա­գի­տա­կան բարձր մակարդա­կի վրայ, հեռու քաղա­քա­կան պառակտումնե­րէ։ Եւ եթէ մենք մեզի թոյլ տանք որոշ լաւա­տե­սութիւն (եւ թերեւս որոշ միամտութիւն) , կրնանք յուսալ որ մարդիկ կը վարժուին գործակցե­լու, փոխա­նակ մրցե­լու կամ, աւե­լի վատ, թշնա­մա­նա­լու։

Կրնանք յուսալ նաեւ որ, ժամա­նա­կի ընթացքին, գործակցութեան ոգին կը տարա­ծուի ներքա­ղա­քա­կան դաշտին մէջ։ Ներքա­ղա­քա­կան մշա­կոյթը հետզհե­տէ կը փոխուի։ Եւ, ինչու՞ չէ, նոյնիսկ եղած մրցակցութիւնը կը կերպա­րա­նա­փո­խուի։ Աթո­ռի մոլուցքը կը վերա­ծուի գերա­զանց լուծումներ յղա­նա­լու մրցակցութեան։ Թերեւս այն ատեն վերջա­պէս կարե­լի կը դառնայ կազմել գործող քաղա­քա­կան «կոա­լի­ցիայներ», յանուն ազգա­յին միասնա­կա­նութեան եւ պետա­կա­նութեան հզօ­րացման։

Միայն ա՛յսպէս կրնանք ամրացնել եւ յաւերժացնել մեր յաղթա­նա­կը Ազրպէյճա­նի վերջին ոտնձգութիւննե­րուն դէմ։

[1] Հարցումը, թէ արդեօք ո՞րքանով արդար եւ հիմնաւո­րուած է այս իրո­ղութիւնը տարբեր ընդդի­մա­դիր խմբակցութիւննե­րու պարա­գա­յին, այս յօդուա­ծին ծիրէն դուրս կ՚ իյնայ։ Այստեղ պիտի կեդրո­նա­նամ միայն իրո­ղութիւննե­րուն, իրենց  հետեւանքնե­րուն եւ կարգ մը լուծումնե­րու վրայ։

[2] Յօդուծին մէջ խուսա­փած եմ հասցէագրե­լէ որեւէ ընդդի­մա­դիր կուսակցութիւն։ Հնա­րաւոր չէր ամէն ընդդի­մա­դիր քաղա­քա­կան ուժ առանձին քննարկել։ Բայց պէտք է նշել որ «ընդդի­մութիւն» ընդհանրա­ցումը, ինչպէս որեւէ ընդհանրա­ցում, ունի իր իր թերութիւննե­րը։ Միշտ բացա­ռութիւններ պիտի ըլլան։ Յօդուա­ծին մէջ ըրուած որոշ (բայց ոչ բոլոր) դիտարկութիւննե­րուն ամէ­նէն յարգե­լի բացա­ռութիւնը ՀՅԴ‑ն է, որ իր իւրա­յա­տուկ պատմութեամբ եւ յատկա­նիշնե­րով կը տարբե­րի միւս բոլոր ընդդի­մա­դիր ուժե­րէն։

[3] Այս եւ այլ յատուկ քաղա­քա­կան իրա­դարձութիւններ պիտի մէջբե­րուին միայն իբրեւ օրի­նակ, աւե­լի յստա­կօ­րէն պարզա­բա­նե­լու համար յօդուա­ծին գլխաւոր կէտե­րը, բայց ոչ իբրեւ առանձին քննարկման նիւթ։

[4] Օրի­նակ՝ տես Արսեն Թորոսյա­նի դիմա­տետրի վրայ զետե­ղուած Յունիս 10‑ի ելոյթը, խորագրեալ «Ազնվության, անկեղծության եւ սխալնե­րը ընդունե­լու մասին…» https://www.facebook.com/ATorosyanOfficial/videos/280542102997170 , ինչպէս նաեւ Վարչա­պե­տին ժողո­վուրդին ուղղուած սրտա­բուխ ուղերձը, այս յղումով։ https://www.facebook.com/watch/live/?v=594161314554167&ref=watch_permalink

[5] «ՀՀ Ազգա­յին Անվտանգութեան Ռազմա­վա­րութիւն» հատո­րին մէջ, «Ազգա­յին Արժէքներ» հատուա­ծին տակ, Պրն. Վարչա­պե­տը կը յիշէ։ «Հայոց լեզուն եւ գրե­րը, հայ գրա­կա­նութիւնը, ներա­ռեալ թարգմա­նա­կան գրա­կա­նությունը, գիտե­լի­քը, գիտութիւնը:» Եթէ Հայոց լեզուն մեր ազգա­յին արժէքնե­րէն մէկն է, արդեօք երկրին ղեկա­վա­րը պարտաւոր չէ՞ աւե­լի յարգանքով վարուե­լու այդ արժէ­քին հետ, առնուազն որդեգրե­լով բոլո­րին հասկնա­լի գրա­կան հայե­րէն լեզուն։ 

Այս հարցի քննարկումը ամբողջա­կան ձեւով ըրած է Աւե­տիք Իշխանյա­նը, իր Ապրիլ 22, 2020‑ի յօդուա­ծով, «Առաւօտ»-ի մէջ։ Կարդալ այս յղումով։ https://www.aravot.am/2020/04/22/1107591/

[6] Եթէ այսպի­սի մարմին մը արդէն գոյութիւն ունե­նար, կրնա­յինք, անցեալ շաբթուայ դէպքե­րէն ետք, շատ աւե­լի արդիւնաւետ ձեւով համաշխարհա­յին հանրա­յին կարծի­քը դարձնել մեր կողմ եւ ստեղծել աւե­լի համա­տա­րած հայա­մետ միջազգա­յին տրա­մադրութիւն եւ լեզուամտա­ծո­ղութիւն։

Յուլիս 20, 2020

Նյութի աղբյուրը ՝

https://www.facebook.com/yeghish.armen.5/posts/780827135998393

Առնչվող Հոդվածներ