ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
26 Յուլիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի վէրքերուն ԶՈՒԱՐԹԱԽՈՀՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՐՄԱՆ առաջարկող ՀԱՅ ՄՏՔԻ նորանուն ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնց ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ փաղանգին մէջ ուշագրաւ ներկայութիւն հաստատած երիտասարդ անուն է ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ հայ մամուլի ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴը վերաթարմացման եւ վերաշխուժացման առաջնորդող ԳԱՂԱՓԱՐԻ նորանուն ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք 21րդ դարու ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ու ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԽԱՓԱՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅՈՐՁԱՆՔԻՆ դէմ յանդիման՝ ոգի ի բռին կը պայքարին ՅԱՆՈՒՆ Հայաստանի եւ Հայութեան ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐու պաշտպանութեան, ՍՈՒՏ եւ ԿԵՂԾ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԿԱՂԱՊԱՐՆԵՐը մերկացնելով ու ձաղկելով։
Բարի լոյս՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, տասնամեակներու երկարաշունչ պայքարով, ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔը վերանորոգելու եւ վերաշխուժացնելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ՝ հանրային կարծիքը գաղափարական շարժման մէջ դրած եւ դէպի ազգային-քաղաքական ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ ու ԻՆՔՆԱՍՐԲԱԳՐՈՒՄ առաջնորդած ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿՆԵՐՈՒ ժառանգորդ մերօրեայ նորահաս ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ առջեւ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ամենայն պարզութեամբ, բարի ժպիտով, այլեւ անկաշառ ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԵԱՄԲ հունաւորող ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնց մասին պերճախօս վկայութիւն մը փոխանցած է HAYEM NEWS կայքէջը՝ ստորեւ արտատպուած այսօրուան իր հրապարակումով․
https://hayemnews.com/%d5%a1%d5%a6%d5%a3%d5%a1%d5%b5%d5%ab%d5%b6-%d5%af%d5%a5%d5%a1%d5%b6%d6%84%d5%ab-%d5%a9%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%b6%d5%a8/?fbclid=IwAR3dk8DSuzo4ZzLBtfeZ88bD3NWJ3tYAN-UZB017mnrFMnIYTPn_wLm1yOs
*
- *
Խումբ մը հայեր որոշեցին թատրոն խաղալ…
ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ
Խումբ մը հայեր որոշեցին թատրոն խաղալ…
Անմիջապէս նախագահ մը, վարչապետ մը ու երկու կաթողիկոս գտան, քանի մը հատ երեսփոխան, տրցակ մըն ալ իշխանամէտ ու ընդդիմադիր կուսակցական պարագլուխներ եկան, բոլորը մէկ բեմ բարձրացան ու մեր ազգային կեանքը բեմադրելու սկսան…
Յանկարծ նկատեցին, թէ հանդիսականներ չկան…
Ուրկէ ուր ալ անմիջապէս զիս տեսան․
- Ազգային Բժիշկ, մեր ազգային կեանքը բեմադրած ենք ու անոր մէջ բոլորս ալ կարեւոր դերեր ստանձնած ենք… Միայն հանդիսատես մը կը փնտռենք, որ ազգային այս շատ կարեւոր ներկայացումը անոր դատին յանձնենք։
Ասոնք ալ բնաւ ուրիշ մէկը չգտան, գացին-եկան Ազգային Բժիշկին ձեռքը ինկան…
Համբերութեամբ ծայրէ ծայր ներկայացումը դիտեցի, վերջն ալ Ազգային Բժիշկի հեղինակաւոր իմ կարծիքս յայտնեցի… - Այս թատրոնը մեր ազգային կեանքի հարազատ պատկերն է, շատ լաւ է որ ամէն մարդ անոր մէջ կարեւոր դեր ստանձնած է, միայն բեմադրիչ մը պակաս է, որ դերերը ճիշդ բաժնէ։ Այդ գործը եթէ ես ստանձնեմ տեսէք ի՜նչ լաւ դերաբաշխում կը կատարեմ…
Օրինակ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դերակատարը ես կը փոխեմ։ Բնաւ յարմար չէ, ձայնը շատ ցած է, զինք տուն կը ճամբեմ ու աւելի յարմար մէկը կը գտնեմ… Ամենալաւը՝ կարծեմ անոր դերը մեր այսօրուան նախագահին կը յանձնեմ… Վարչապետին ձայնը այնքան բարակ է, որ ականջ կը ծակէ, բայց ասկէ աւելի լաւ դերասան հիմա ուրտեղէ՞ն գտնեմ… Կ՚ուզէ՞ք նախկին իշխանաւորներէն մէկը բերեմ ու դարձեալ ձեր գլխուն վարչապետ դնեմ… Չէ, չէ այդ պառաւ ջադուներուն ես աւելի յարմար դեր կը գտնեմ, ամէն մէկուն գլխուն սուր գլխարկ մը կը դնեմ, ձեռքերնին ալ երկար կոթով աւել մը կը յանձնեմ ու մէկիկ-մէկիկ երկինք կը ղրկեմ….
Ուրիշ ի՞նչ կ’ընեմ…
Հայաստանի մեր այս նոր իշխանաւորներէն ոմանց մանկապարտէզ կը ղրկեմ, իսկ մեր սփիւռքի դերակատարներէն շատերը այլեւս ծերանոց կը փոխադրեմ։
Գիտեմ՝ այսպէս շատերը կը նեղացնեմ, բայց ի՛նչ ընեմ, ես մասնագիտութեամբ բեմադրիչ չեմ, ես ազգային բժիշկ եմ…
Կա՛մ այս թատրոնը իմ ուզածիս պէս պիտի խաղաք, կամ ալ իմ դիմացս մի խաղաք….
Եթէ մեր ազգային կեանքին մէջ դերակատար պիտի ըլլաք, ձեր ցանկութեան համեմատ դերեր մի խաղաք…
Աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ ձեր կարողութեան սահմաններուն մէջ մնաք։
*
- *
Բարի լոյս՝ հայ մտքին հանդէպ իրենց հաւատքը դեռ չկորսնցուցած, այլեւ վերանորոգ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ հայ գիրի ու խօսքի ԱԶԴՈՒ ՈՒԺԻՆ ՓԱՐԱԾ Գաղափարի Յառաջամարտիկներուն։
Բարի լոյս՝ մեր կեանքը նորայայտ եւ ԻՆՔՆԱԿՈՉ ԿԵՂԾ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ անշնչելի մթնոլորտէն դուրս բերող եւ, մանաւա՛նդ, Հաւաքական մեր Ուժին ու Կամքին ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԱՒԱՆԴՆԵՐը ամէն կարգի փերեզակներու եւ վաշխառուներու շահատակութեանց դէմ պաշտպանող ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։
Տակաւին լրիւ ՄԱՔՐՈՒԱԾ ՉԷ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԻ ԿԵՐՏԱԾ ՏԱՃԱՐը Հայկական Յեղափոխութեան։ Տակաւին համացանցի վրայ իրենց ՓԱՆՋՈՒՆԻԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը կը հանդիսադրեն նորելուկ «ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ», որոնք հանրային կարծիքին կը հրամցնեն ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՍԻՐԱՀԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ՝ ՆԱՐՍԻՍԻԶՄի մաշած յանկերգներ։ Ոչ միայն սուտ կը խօսին ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՈՎ, այլեւ կ՚անարգեն անոնց ընտրած ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝ սուտ վկայութիւն տալով, թէ իբր՝ «ամէն անգամ, երբ այցելում եմ մարզեր եւ հանդիպում ընկերներին, նոր լիցք եմ ստանում։ Իրենք թէպէտ սոցիալապէս լաւ կացութեան մէջ չեն, բայց չեն տրտնջում, իրենք ինձանից աւելի ամուր են եւ վճռական, իրենց հոգսերը թողած` հետաքրքրուած են սահմանով, Արցախով եւ վրդովուած իշխանութեան վարած ապազգային քաղաքականութիւնից։ Նրանք մեր հարստութիւնն են, որը կ՚երազեն շատերը, նրանք մեր խոնարհ զինուորներ են. իրականում նրանք մեր հրամանատարներն են»…
ԵՐԱՆԵԼԻՆԵ՜Ր․․․
Ո՛ւր կ՚ապրի մեր ժողովուրդը եւ ո՜ւր կ՚ապրին «խոնարհ զինուորներ»ու եւ «հրամանատարներ»ու այսօրինակ բառակոյտին ու բառախաղին մէջ կորսուած «ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՆԵՐ»ը։
Բարի լոյս՝ նման ՅԱՊԱՂԱԾ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒն իրենց տեղը նստեցնող ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, որ արդէն յոգնած է ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐԱԿՐԱՄԱՆը իրենց կեանքի նպատակն ու գոյութեան իմաստը դարձուցած ԳԱՂԱՓԱՐԻ այսօրինակ ՄՈՒՐԱՑԻԿՆԵՐԷ, որոնք Հայաստանի քաղաքական դաշտէն դուրս քշուած՝ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ մէջ կը փորձեն գտնել իրենց ՇԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ վերջին խաղասպարէզը․․․