20 C
Yerevan

Վերա­նորգենք Գերա­գոյն Զոհա­բե­րութեան ՈՒԽՏը՝ Լիզպո­նի անմո­ռա­նա­լի Հինգ Նուի­րեալնե­րուն

Անդրա­նիկ Պօղո­սեան

27 Յուլիս 1983, Լիզպոն. հայոց պատմութեան ու Հայ Դատին համար մղուող պայքա­րի «յիշարժան օր»՝ որ իր ուրոյն սխրա­գործութեամբ ոսկեայ տառե­րով արձա­նագրուե­ցաւ։

Այդ օր մեր Հինգ Նուի­րեալնե­րը ուս-ուսի քալե­ցին դէպի զոհա­բե­րութեան բագի­նը՝ իրենց նահա­տա­կութեամբ գոռա­լու եւ աղա­ղա­կե­լու արար-աշխարհին, թրքա­կան պետութեան, նաեւ՝ մեր ազգին, իրենց հասա­կա­կիցնե­րուն, բոլո­րին յիշեցնե­լու եւ գօտեպնդե­լու՝ Մեր Պահանջա­տի­րութեան ու Մեր Դատին անմնա­ցորդ նուի­րա­բե­րուե­լու իրենց կենդա­նի օրի­նա­կով:

Անոնք հարա­զատ ժառանգներն էին այն Մեծ Փաղանգին, որ ճամբայ բացած էր դարե­րու ընթացքին, այն Հայու Տեսա­կին՝ որ գիտէր մարտնչիլ յանուն Ազգի ու Հայրե­նի­քի վեհ գաղա­փա­րին, այն Անձնա­զոհ Փաղանգին՝ որ իր նուի­րա­բե­րումով կրցաւ մեր այսօ­րուան Հայրե­նի­քին հիմնա­սիւնը կերտել, Հայրե­նիք՝ որ աշխա­րացրիւ հայութեան համար դարձաւ պահա­պան ու փարոս։

Անոնց Գերա­գոյն Զոհա­բե­րութեան Ոգիով նոր վերածնունդ ապրե­ցաւ Հայրե­նի­քը՝ որ երբ եկաւ պահը ազգո­վին վերստին զարթնե­լու, յառաջ մղեց նորա­հաս Նուի­րեալներ, որոնք Լիզպո­նի Հինգին — եւ ոչ միայն անոնց — օրի­նա­կով ու թողած պատգա­մով՝ շարունա­կե­ցին եւ միեւնոյն գաղա­փա­րով սնած ու կողք-կողքի իրա­րու թիկունք տուած՝ միեւնոյն զոհա­սե­ղա­նին վրայ նահա­տա­կուե­ցան։

Թէեւ թրքա­կան պետութեան սիրտը ուժգին խոցե­լու ճանա­պա­հին Լիզպո­նի Գործո­ղութիւնը չհա­սաւ իր նշա­նա­կէ­տին, այդուհանդերձ իրենք՝ Հինգ Հերոսնե­րը ինկան այն համո­զումով, որ իրենց զոհա­բե­րութեամբ ճառա­գայթող ուղե­ցոյց կը դառնան մեզ բոլո­րիս՝ վեր կանգնե­լու նեղ-անձնա­կան հաշիւնե­րէն, ու լծուե­լու՝ իսկա­կան գործին, հեռու՝ սուտ լոզունգնե­րով առաջնորդուող ու առաջնորդող պատե­հա­պաշտ, այլեւ քարիե­րիստ հռե­տո­րա­բա­նութեամբ դիրք ու բեմեր նուա­ճել փորձող ու իրա­կան գործէն խոյս տուող եւ ուրիշնե­րուն առջեւ մղե­լով իրենց գահը կառուցող կեղծ յեղա­փո­խա­կաննե­րէն:

Այսօր խոնարհումի օրն է ի յիշա­տակ այն բոլոր մեր նահա­տակնե­րուն, Գէորգ Չաւուշնե­րէն մինչեւ ԼԻԶՊՈՆԻ 5՝ Սարգի­սի, Սեդրա­կի, Սիմո­նի, Արա­յի եւ Վաչէի, նաեւ՝ Կ․ Պոլսոյ մէջ պայթումի զոհ դարձած Գօգո­յի ու Կարո­յի եւ մինչեւ մեր օրե­րը՝ Գերա­գոյն Զոհա­բե­րութեան միեւնոյն այդ ոգիով սնած ու նահա­տա­կուած բոլոր Հայորդի­նե­րուն, որոնք կրցան դէմ կանգնիլ ոսո­խին, պաշտպա­նե­լու ու ազա­տագրե­լու մեր Հայրե­նի Արցա­խը, ամուր հիմը դնե­լով մեր այսօ­րուան Հայկա­կան հզօր Բանա­կին, որ անփո­խա­րի­նե­լի ու Վստա­հե­լի Երաշխաւորն է մեր Հայրե­նի­քի պահպա­նութեան:

Եկէք ազգո­վին այս օր եւ յաւէտ խոնարհինք մեր բոլոր նահա­տակնե­րու յիշա­տա­կին առաջ ու, վերա­նո­րո­գե­լով մեր ուխտը, խոստա­նանք արժա­նի դառնալ անոնց աւանդ թողած անաւարտ գործը միեւնոյն նուի­րումով շարունա­կե­լու:

Առնչվող Հոդվածներ