ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Բարի լոյս՝ հայրենի հողին պաշտպանութիւնն ու ամբողջացումը, մեր ժողովուրդի ազատութեան ու բարօրութեան արմատաւորումը եւ հայոց պետականութեան լիիրաւ հզօրացումը ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ դաւանող ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻԻՆ։
Բարի լոյս՝ հայոց ՓՈՔՐ ԱԾՈՒԻՆ նկատմամբ թշնամաբար կողմնորոշուած երկու հարեւաններու ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ԱՔՑԱՆԻՆ դէմ Հայաստանի եւ Հայութեան ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ազգային-քաղաքական ԶՕՐԱՇԱՐԺԻՆ, որուն ԿՈՉՆ ու ԱՀԱԶԱՆԳԸ համացանցով կը հնչեցնէ փրոֆ․ ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝ Տաւուշի դէմ գործուած ատրպէյճանական զօրքի նախայարձակումը ետ շպրտած հայկական բանակի ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾԻՆ լոյսին տակ։
Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի բոլոր ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ոչ միայն վերջին մէկուկէս դարու ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑի դառն ու դաժան կենսափորձով, այլեւ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՄԱՔԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒՆ գնով սորված են, այլեւ ՄԷԿԱՆԳԱՄԸՆԴՄԻՇՏ ՓԱՐԱԾ ԵՆ արդէն ԱԶԳԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ վերածուած ԱՅԲՈՒԲԵՆին՝ ՄԻՇՏ ԿԱԶՄ ՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱԼ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԹՇՆԱՄԻՆ։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի դէմ համաթրքական նախայարձակումը իբրեւ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՎՏԱՆԳ տեսնող եւ անոր դէմ ՀԱՅՈՑ ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԵՐԸ ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾ ՊԱՀԵԼՈՒ հրամայականը շեշտող հայ քաղաքական մտքի յառաջամարտիկներուն, որոնք ո՛չ յաղթանակներով կը գինովնան, ոչ ալ պարտութիւններով կը բարոյալքուին, որովհետեւ գիտեն, թէ հայ ժողովուրդին գլխուն եկած ՕՐՀԱՍՆԵՐը «կարմրուկ»ի կամ «ջրծաղիկ»ի նման անգամ մը պատահող եւ այլեւս․․․ չնորոգուող փորձանքներ չեն, ընդհակառակն՝ ԿԵՆԱՑ-ՄԱՀՈՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՆ։
Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔը միշտ սանձելու եւ, ի հարկին, ետ շպրտելու ԸՆԴՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ՝ աշխարհասփիւռ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺին բոլոր ճակատներու վրայ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ՇՂԹԱՅԱԶԵՐԾՈՒՄԻՆ։
https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=3288045947953023&id=100002429502147