16.9 C
Yerevan

«Կանգուն ազգա­յին պետա­կա­նութիւնն է միակ իմունի­տե­տը բոլոր տեսա­կի քաղա­քա­կան ու բարո­յա­կան «կարմրուկնե­րի» ու «ջրծա­ղիկնե­րի» դէմ»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ հայրե­նի հողին պաշտպա­նութիւնն ու ամբողջա­ցումը, մեր ժողո­վուրդի ազա­տութեան ու բարօ­րութեան արմա­տաւո­րումը եւ հայոց պետա­կա­նութեան լիի­րաւ հզօ­րա­ցումը ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ դաւա­նող ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻԻՆ։

Բարի լոյս՝ հայոց ՓՈՔՐ ԱԾՈՒԻՆ նկատմամբ թշնա­մա­բար կողմնո­րո­շուած երկու հարեւաննե­րու ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ԱՔՑԱՆԻՆ դէմ Հայաստա­նի եւ Հայութեան ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ազգա­յին-քաղա­քա­կան ԶՕՐԱՇԱՐԺԻՆ, որուն ԿՈՉՆ ու ԱՀԱԶԱՆԳԸ համա­ցանցով կը հնչեցնէ փրոֆ․ ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝ Տաւուշի դէմ գործուած ատրպէյճա­նա­կան զօրքի նախա­յարձա­կումը ետ շպրտած հայկա­կան բանա­կի ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾԻՆ լոյսին տակ։

https://www.facebook.com/vladimir.harutyunyan.3/posts/3360204184031676

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան մտքի բոլոր ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ոչ միայն վերջին մէկուկէս դարու ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑի դառն ու դաժան կենսա­փորձով, այլեւ հայ ժողո­վուրդի հազա­րա­մեակնե­րու ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՄԱՔԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒՆ գնով սորված են, այլեւ ՄԷԿԱՆԳԱՄԸՆԴՄԻՇՏ ՓԱՐԱԾ ԵՆ արդէն ԱԶԳԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ վերա­ծուած ԱՅԲՈՒԲԵ­Նին՝ ՄԻՇՏ ԿԱԶՄ ՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱԼ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԹՇՆԱՄԻՆ։

Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի դէմ համաթրքա­կան նախա­յարձա­կումը իբրեւ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՎՏԱՆԳ տեսնող եւ անոր դէմ ՀԱՅՈՑ ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԵՐԸ ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾ ՊԱՀԵԼՈՒ հրա­մա­յա­կա­նը շեշտող հայ քաղա­քա­կան մտքի յառա­ջա­մարտիկնե­րուն, որոնք ո՛չ յաղթա­նակնե­րով կը գինովնան, ոչ ալ պարտութիւննե­րով կը բարո­յալքուին, որովհե­տեւ գիտեն, թէ հայ ժողո­վուրդին գլխուն եկած ՕՐՀԱՍՆԵ­Րը «կարմրուկ»ի կամ «ջրծաղիկ»ի նման անգամ մը պատա­հող եւ այլեւս․․․ չնո­րո­գուող փորձանքներ չեն, ընդհա­կա­ռակն՝ ԿԵՆԱՑ-ՄԱՀՈՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՆ։

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՉԱՐԻ­Քը միշտ սանձե­լու եւ, ի հարկին, ետ շպրտե­լու ԸՆԴՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ՝ աշխարհասփիւռ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺին բոլոր ճակատնե­րու վրայ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ՇՂԹԱՅԱԶԵՐԾՈՒՄԻՆ։

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=3288045947953023&id=100002429502147

Առնչվող Հոդվածներ