Հայաստան

ԿԱՌՈՒՑԵՆՔ ՄԵՐ ԵՐԿԻՐԸ

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Աւօ Պօղոսեան

Թրքական պետութիւնը մինչեւ այսօր ալ իր արեւելեան՝ պատմական Հայաստանի տարածքներուն մէջ, համեմատած իր արեւմտեան տարածքներուն, ճանապարհաշինութեան նոյնքան կարեւորութիւն չէ տուած, եւ այդ՝ քաղաքական նպատակներով, որովհետեւ այդ տարածքները բնակեցուած են առաւելաբար քիւրտերով, հետեւաբար՝ պէտք է մնան յետամնաց ու տնտեսապէս թոյլ։

Ու այս՝ հասկնալի է իրենց տեսանկիւնէն դիտած։

Անհասկնալին այն է, որ մեր երկիրը՝ Հայաստանը անցալ երեսուն տարիներու ընթացքին ձգուած էր իր բախտին ու գրեթէ ոչ մէկ ճանապարհաշինութիւն չէր իրականացուած, բացի Երեւան Կիւմրի ու մի քանի այլ կարեւոր քաղաքներու միջեւ եղածները, որոնց մասին նաեւ կան փտտածութեան շատ փաստարկուած պատմութիւններ, վկայ՝ Քըրք Քրքորեանի – նեղանալով – կապերը Հայաստանի հետ խզելը։

Իսկ գիւղերու միջեւ ճանապարհներու մասին ամէնքս գիտենք։

Փոխուած է հիմա իրավիճակը։

Ճանապարհներ կը կառուցուին անգամ գիւղական շրջաններու մէջ, ու այս ռազմավարական նշանակութիւն ունի առաջին հերթին, որովհետեւ այդ կ՚օգնէ տնտեսութեան զարգացման, ինչ որ իր հերթին կ՚արգելակէ արտագաղթը։

Երկրի մը զարգացման եւ յառաջդիմութեան չափորոշիչներէն մէկն է նաեւ իր ունեցած ճանապարհներու ընդհանուր երկարութիւնը, համեմատած տարածութեան հետ։

Փոքր երկիր մը կրնայ աւելի երկար ճանապարհներ ունենալ, քան իրմէ անհամեմատ աւելի մեծ երկիր մը։

Օրինակ՝ Իսրայէլը ունի ընդհանուր 18․000 քմ․ երկարութեան ճանապարհներ, մինչ Սուրիան – որ ինն անգամ աւելի մեծ է – ունի 55․000 քմ․։

Հայաստանն ունի մօտաւորապէս 8000 քմ․ ընդհանուր երկարութեամբ ճանապարհներ։

Մենք թէ՛ պէտք է նորոգենք եւ կուպրապատենք եղածները – ինչպէս արդէն ընթացքի մէջ են – եւ թէ՛ կառուցենք նորերը – ինչպէս կը նախատեսուի ընել՝ ունենալու համար այլընտրանքային ուրիշ ճանապարհ դէպի Արցախ։

Հռոմը երկար ժամանակ կայսրութիւն մնաց՝ առաւելաբար իր ճանապարհային ցանցերուն շնորհիւ։

Իզուր չէ, որ մինչեւ այսօր կը գործածենք «բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին» ասոյթը։

Կառուցե՛նք մեր երկիրը։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *