13.5 C
Yerevan

Դաշնակցութիւնը մերժեց Իթթի­հա­տի առա­ջարկ-պահանջը՝ Թուրքիոյ կողքին Ռուսաստա­նի դէմ պատե­րազմի մէջ մտնե­լու

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

6 Օգոստոս 1914.

Ն. Պէրպէ­րեան

Հայեւթուրք յարա­բե­րութեանց «խմո­րումնե­րու հաստա­փոր թղթածրար»ին վրայ ռազմա­վա­րա­կան կարեւոր լոյս կը սփռէ Օգոստոս 6ի այս օրը, 106 տարի առաջ, ատե­նի Օսմա­նեան Կայսրութեան ղեկա­վար կուսակցութեան՝ Իթթի­հա­տի բանագնացնե­րուն եւ հայ ժողո­վուրդի քաղա­քա­կան ամէ­նէն կազմա­կերպ ու ժողովրդա­կան ուժին՝ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն միջեւ կայա­ցած պատմա­կան հանդի­պումը։

6 Օգոստոս 1914ին, հայ ժողո­վուրդի եւ Հայաստա­նի ապա­գա­յին հաշւոյն, Դաշնակցութիւնը պարտաւո­րուե­ցաւ ծայր աստի­ճան դժուա­րին ընտրութիւն մը կատա­րե­լու՝ որդեգրե­լով ազգա­յին-քաղա­քա­կան հեռա­հար անդրա­դարձ ունե­նա­լու կոչուած, այլեւ բախտո­րոշ նշա­նա­կութեամբ պատասխա­նա­տու դիրքո­րո­շում մը։

Օգոստոս 1914ի առա­ջին օրե­րուն, Օսմա­նեան Կայսրութիւնը կառա­վա­րող Իթթի­հատ կուսակցութիւնը բանագնաց յատուկ պատուի­րա­կութիւն մը ուղարկեց Կարին (Էրզրում), ուր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը նոր աւարտած էր իր 8րդ Ընդհա­նուր Ժողովը։Իթթիհատի բանագնացնե­րը Պեհաէտտին Շաքիրն ու Նաճի Պէյն էին, իսկ անոնց հետ հանդի­պումին եւ բանակցութեանց՝ Դաշնակցութիւնը կը ներկա­յացնէին Ռոստոմ, Վռա­մեան եւ Ակնունի։Իթթիհատի բանագնացնե­րուն յանձնա­րա­րուած էր հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-քաղա­քա­կան ամէ­նէն ազդե­ցիկ ուժին՝ Դաշնակցութեան նախ ներկա­յացնել թրքա­կան կառա­վա­րութեան կողմէ առնուած կարեւո­րա­գոյն որո­շումը, որ Կայսե­րա­կան Գերմա­նիոյ կողքին Ռուսաստա­նի դէմ պատե­րազմի հռչա­կումն էր։Ապա՝ յանուն թրքա­կան պետութեան՝ առա­ջարկի ձեւով պահանջել Դաշնակցութե­նէն, որ միա­նայ Ցարա­կան Կայսրութեան դէմ Օսմա­նեան Կայսրութեան յայտա­րա­րած պատե­րազմին՝ շարժման մէջ դնե­լով թուրքեւռուս սահմա­նա­գի­ծի երկու կողմն ապրող ողջ հայութիւնը։

** *

Իթթի­հա­տի այդ նենգա­միտ ու դաւա­դիր առա­ջարկ-պահանջին վերա­բե­րեալ՝ Հրաչ Տասնա­պե­տեան կ՚ընդգծէ «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր կազմութե­նէն մինչեւ Ժ. Ընդհա­նուր Ժողով» գործին մէջ․-Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին կողմէ ընտրուած Հայաստա­նի Բիւրո­յի երեք ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն հետ հանդի­պե­լով՝ Իթթի­հա­տի պատուի­րակնե­րը «Դաշնակցութեան կ՚առաջարկեն Անդրկովկա­սի մէջ յառա­ջացնել ապստամբութիւն մը՝ ռուս զօրքը կռնա­կէն հարուա­ծե­լու եւ դիւրացնե­լու համար թրքա­կան բանա­կին յառաջխա­ղացքը դէպի Պաքու. փոխա­րէ­նը՝ «կը խոստա­նա­յին» պատե­րազմի աւարտին նպաստել անդրկովկա­սեան ինքնա­վար Հայաստա­նի մը ստեղծման։«Դաշնակցութեան ղեկա­վարնե­րը կը փորձեն թուրքե­րը տարհա­մո­զել եւ ետ պահել Կայսե­րա­կան Գերմա­նիոյ կողքին պատե­րազմի մէջ մտնե­լու իրենց մտադրութե­նէն՝ նման քայլ մը վտանգաւոր գտնե­լով Կայսրութեան ապա­գա­յին համար։ Կը յայտնեն նաեւ, պաշտօ­նա­պէս, Ընդհա­նուր Ժողո­վի ծանօթ որո­շումը։

Իթթի­հա­տա­կաննե­րը դժգոհ կը բաժնուին. պարզ է, որ նման պատասխան մը պիտի չգո­հացնէր զիրենք»։Ի՞նչ էր Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին այդ «ծանօթ որոշում»ը, որ իբրեւ պատասխան Դաշնակցութիւնը տուաւ Իթթի­հա­տի բանագնացնե­րու առա­ջարկ-պահանջին եւ որ օրին այդքա՜ն դժգոհ ձգեց թրքա­կան պետութեան ղեկավարութիւնը։Որոշումը փաստօ­րէն առնուած էր Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին, որ Հ.Յ.Դ. պատմա­կան Ընդհա­նուր Ժողովնե­րու շարքին ամէ­նէն կարճա­տեւը եղաւ, գումա­րուե­ցաւ դարձեալ Կարնոյ մէջ եւ բացուե­ցաւ 17 Օգոստոս 1913ին ու տեւեց միայն մէկ շաբաթ։ Պատճա­ռը միջազգա­յին տագնա­պա­լի կացութիւնն էր, որ առա­ջա­ցած էր մօտա­լուտ մեծ պատե­րազմի մը հաւա­նա­կա­նութեան հետեւանքով եւ մղած էր Դաշնակցութիւնը, որպէսզի աղի­տա­լի վտանգը դիմագրաւե­լու միակ օրա­կարգով գումա­րէ Ընդհա­նուր Ժողով։Դարձեալ Հ. Տասնա­պե­տեա­նի վկա­յութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վի «առաջնա­հերթ քննութեան առարկան կը դառնայ «Հ.Յ.Դաշնակցութեան այլեւայլ հատուածնե­րու փոխ-յարա­բե­րութեանց» հարցը։Պատերազմը նախա­տե­սե­լի հաւա­նա­կա­նութիւն մըն է, եւ մտա­հո­գիչ է այն պարա­գան՝ որ հայութեան — ուստի նաեւ Դաշնակցութեան — տարբեր հատուածներ (Թրքա­հա­յաստան, Կովկաս եւ Պարսկաստան) կրնան գտնուիլ հակա­դիր ճակատնե­րու վրայ։Ընդհ. Ժողո­վը կ՚որոշէ՝«Քաղաքական յարա­բե­րութիւննե­րու ատեն, համա­խորհուրդ ընկերվա­րա­կան միւս կուսակցութիւննե­րուն՝ օրի­նա­կան բոլոր հնա­րաւոր միջոցնե­րով կանխել զինուած ընդհա­րումնե­րը». իսկ եթէ պատե­րազմը անխուսա­փե­լի դառնայ, «ամէն քաղա­քա­ցի կը կատա­րէ իր քաղա­քա­ցիա­կան պարտա­կա­նութիւնը ի՛ր պետութեան հանդէպ»։

** *

Հայ ժողո­վուրդին համար ռազմա­քա­ղա­քա­կան ծայր աստի­ճան բախտո­րոշ այդ որո­շումին յանգե­լու համար, միշտ Հ․ Տասնա­պե­տեա­նի համա­ձայն՝ Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին «քննութեան նիւթ կը կազմեն նաեւ՝ Թուրքիոյ կացութիւնը ընդհանրա­պէս եւ հայոց դիւա­նա­գի­տա­կան ճիգե­րը յատկապէս։«Կ՚արձանագրուին Իթթի­հա­տի հետ Դաշնակցութեան խզման պատճառներն ու պարա­գա­նե­րը։ Իթթի­հատ անխախտ կերպով կը շարունա­կէ Թուրքիոյ աւանդա­կան քաղա­քա­կա­նութիւնը՝ փոքրա­մասնութեանց եւ յատկա­պէս քրիստո­նեա­նե­րու ճնշման գծով. այդ քաղա­քա­կա­նութիւնը ոչ միայն երկի­րը քաղա­քա­կան թէ տնտե­սա­կան աղէ­տի կ՚առաջնորդէ, այլեւ՝ ոչ մէկ երաշխիք կը ներշնչէ՝ օսմա­նեան հայութեան գոյա­տեւման ապա­հո­վութեան տեսակէտէն»։Պայթիւնավտանգ զարգա­ցումնե­րով յղի կացութիւնը կազմա­կերպա­կա­նօ­րէն դիմագրաւե­լու առա­ջադրանքով՝ Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհ. Ժողո­վը նաեւ հիմնա­կան վերա­նայման կ՚ենթարկէր կուսակցութեան ղեկա­վար կառոյցը. վերջ կու տար Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրո­յի եւ Պոլսոյ Պատասխա­նա­տու Մարմնի դրութեան, անոնց լիա­զօ­րութիւննե­րով եւ աւե­լի ընդգրկուն իրաւա­սութիւննե­րով կեանքի կոչե­լով Հայաստա­նի Բիւրօ, որ նստա­վայր պիտի ունե­նար Կարի­նը եւ նոր հանգրուա­նի մը՝ հայաստա­նա­կեդրոն ղեկա­վարման սկիզբը պիտի դնէր Դաշնակցութեան կեանքին մէջ։

** *

Ազգա­յին-քաղա­քա­կան միեւնոյն այս մտա­հո­գութիւննե­րէն եւ հիմնաւո­րումնե­րէն մեկնե­լով՝ տարի մը ետք, Կարի­նի մէջ Յուլիս 1914ի կէսե­րուն բացուած եւ երկու շաբաթ տեւած Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վը, իր կարգին, եկաւ հաստա­տե­լու միեւնոյն որո­շումն ու համա­պա­տասխան կեցուածքը։Ժողովը որո­շեց «մնալ անյողդողդ ընդդի­մա­դի­րի եւ անա­չառ քննա­դա­տի դերին մէջ հանդէպ Իթթի­հա­տի՝ պայքա­րե­լով անոր ազգայնա­կան վնա­սա­կար եւ հակա­պե­տա­կան քաղա­քա­կա­նութեան դէմ»։Այդ մեկնա­կէ­տով ալ Ժողո­վը վերա­հաստա­տեց կուսակցութեան քաղա­քա­կան ուղե­գի­ծը՝ մեծ պատե­րազմի մը հաւա­նա­կա­նութեան պարա­գա­յին.- «Իւրա­քանչիւր պետութեան քաղա­քա­ցի պէտք է կատա­րէ իր պարտա­կա­նութիւննե­րը իր պետութեան նկատմամբ»։Ահա ա՛յս պատասխա­նը տրուե­ցաւ Ժողո­վի աւարտէն ետք Կարին ժամա­նած եւ նորընտիր Հայաստա­նի Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն հետ Օգոստոս 6ին հանդի­պում ունե­ցած Իթթի­հա­տի բանագնացնե­րուն։

** *

Հայեւթուրք յարա­բե­րութեանց արիւնոտ թղթածրա­րին եւ ընդհանրա­պէս Հայկա­կան Հարցի հոլո­վոյթին մէջ, ճակա­տագրա­կան նշա­նա­կութիւն ունե­ցաւ Դաշնակցութեան մերժո­ղա­կան պատասխա­նը, որ տրուե­ցաւ Ռուսաստա­նի դէմ Թուրքիոյ կողքին պատե­րազմի մէջ մտնե­լու Իթթի­հա­տի առաջարկութիւն-պահանջին։Թրքական պետութեան ներկա­յա­ցուցիչնե­րը մինչեւ այսօր կը փորձեն խեղա­թիւրել պատմա­կան ճշմարտութիւնը, երբ պաշտօ­նա­պէս եւ հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն կը պնդեն, թէ հայե­րը իբր թէ Ա. Աշխարհա­մարտի ընթացքին ապստամբե­ցան թրքա­կան պետութեան դէմ՝ ի նպաստ Ռուսաստա­նի, եւ թէ՝ իբր այդ պատճա­ռով Թուրքիա ստի­պուե­ցաւ… տեղա­հան ընե­լու հայե­րը, իսկ ջարդե՞րը. իբր թէ երկու կողմերն ալ զիրար սպաննե­ցին եւ «ողբերգա­կան դէպքեր»ու պատճառ դարձան…Իբր թէ…

Պատմա­կան ճշմարտութիւնը ա՛յն է, որ 6 Օգոստոս 1914ին, նոյնինքն Իթթի­հա­տի բուռն ընդդի­մա­դիր Դաշնակցութեան ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն հետ հանդի­պե­լով, Իթթի­հա­տի յատուկ բանագնացնե­րը պաշտօ­նա­պէս պահանջե­ցին, որ հայ ժողո­վուրդը Դաշնակցութեան ղեկա­վա­րութեամբ կռնա­կէն հարուած հասցնէ թուրքեւգերման միա­ցեալ գրո­հին դէմ պատե­րազմ մղող ռուսա­կան զօրքին, որ Դաշնա­կից Ուժե­րու կողքին մտաւ Առա­ջին Աշխարհա­մարտի արհաւիրքին մէջ։Այդ օրե­րուն դեռ չկար նաեւ ռուսա­կան զօրքե­րու կողքին հայ կամաւո­րա­կան ջոկատներ կազմե­լու մտա­ծումն անգամ, որուն այնքան կարեւոր տեղ կու տան թուրք պաշտօ­նա­կան աղբիւրնե­րը, պատմա­կան ճշմարտութիւննե­րը նենգա­փո­խե­լու եւ հայ ժողո­վուրդը դատա­պարտե­լու իրենց հետեւո­ղա­կան ճիգին մէջ։Հայ Կամաւո­րա­կան Շարժման մտա­ծումը հասունցաւ միայն այն ատեն, երբ թրքա­կան պետութիւնը պատե­րազմ յայտա­րա­րեց Ռուսաստա­նի դէմ եւ Անդրկովկա­սի հայութիւնը, թէ՛ հայութեան սպառնա­ցող օրհա­սա­կան վտանգը դիմագրաւե­լու, թէ՛ Ռուսաստա­նի նկատմամբ քաղա­քա­ցիա­կան իր պարտաւո­րութիւննե­րը կատա­րե­լու առա­ջադրանքով՝ ընդա­ռա­ջեց հայկա­կան կամաւո­րա­կան խումբեր կազմե­լու Դաշնակցութեան կոչին։

** *

Թրքա­կան ուրա­ցումնե­րուն եւ պատմա­կան նենգա­փո­խումնե­րուն ամէ­նէն հատու պատասխաննե­րէն ու հերքումնե­րէն մէկը Ուինսթըն Չըրչի­լի այն մատնանշումն է, որ՝«Հայերը նախընտրե­ցին՝ թշնա­մի երկու բանակնե­րուն մէջ ծառա­յե­լով՝ եղբայրասպան կռիւ մղել, քան թէ դաւա­ճա­նել թուրք թէ ռուս քաղա­քա­ցիի իրենց պարտաւո­րութեանց» («The World Crisis», Ե. հատոր, Լոնտոն, 1929, էջ 404)։

Թրքա­կան պետութիւնը անշուշտ կանխեց «եղբայրասպան կռուի» այդ հաւա­նա­կա­նութիւնն ալ, երբ Օսմա­նեան Կայսրութեան տարածքին բանակ զօրա­կո­չուած հայ զինուորնե­րը, յատկա­պէս ռուսեւթրքա­կան սահմա­նի ամբողջ երկայնքին, խրամնե­րու եւ ռազմա­կան դիրքե­րու պատրաստութեան բանուո­րա­կան աշխա­տանքի լծե­լու պատրուա­կով, զանոնք զինա­թափ ըրաւ եւ կոտո­րեց՝ շարժման մէջ դնե­լով հայ ժողո­վուրդը ցեղասպա­նութեան ենթարկե­լու պետա­կան իր մեծ ոճի­րին գործադրութիւնը։Իսկ ինչ կը վերա­բե­րի Հայաստա­նի թէ՛ արեւմտեան եւ թէ արեւե­լեան մասե­րուն վրայ իբր հայկա­կան ինքնա­վա­րութիւն շնորհե­լու Իթթի­հա­տի խոստումին, միայն կեանքէն կտրուած եւ ցնո­րա­տե­սութեան անձնա­տուր եղած քաղա­քա­կան միտքը կրնար կուլ տալ նման անհե­թեթ, այլեւ սուտ ու կեղծ առա­ջարկներ, երբ եւրո­պա­կան մեծ տէրութեանց միա­ցեալ որո­շումով հաստա­տուած Բարե­կարգումնե­րու Ծրա­գի­րը — Հոֆի եւ Վեստե­նենկի գլխաւո­րութեամբ հայկա­կան երկու ինքնա­վար շրջաններ ստեղծե­լու վերա­բե­րեալ — փաստօ­րէն իր սաղմին մէջ խեղդուե­ցաւ Իթթի­հա­տի կողմէ՝ երբ Օսմա­նեան Կայսրութիւնը պատե­րազմի մէջ մտաւ Գերմա­նիոյ կողքին ընդդէմ Դաշնա­կից Եւրոպայի։Թրքական պետութեան հետ «երկխօ­սութեան» եւ «հաշտեցման» համար Ցեղասպա­նէն Մեծ Հատուցման պահանջէն դուրս ուղի­ներ որո­նողնե­րը իրաւունք չունին մտա­հան ընե­լու պատմութեան դաժան դասե­րը, որոնց շարքին վճռո­րոշ տեղ ունի 6 Օգոստոս 1914ի այս օրը հայութեան ուղղուած Իթթի­հա­տի հեգնա­կան առա­ջարկ-պահանջը։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3317050091719275

Առնչվող Հոդվածներ