14.7 C
Yerevan

«Փարի­զի քաֆէ-թրո­թուարնե­րը նստած մեզի ԴԱՍԵՐ թող չտան ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մասին»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­պա­տում․

Ն․ Պէրպէ­րեան

23 Օգոստոս 2020

Ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱ­Նին կը վերա­բե­րի յուշի այս էջը, թէեւ ուղղա­կի արձա­գանգ-շարունա­կութիւն մըն է Խալքի­տի­քիի Համա­գումա­րին եւ, այդ ծիրէն ներս, ընկեր ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱ­Նի կապուած յուշա­պա­տումին։

1976ի Օգոստո­սի վերջե­րուն կամ աշնա­նա­մուտին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր-Մելքո­նեան» թատե­րասրա­հին մէջ, տեղի կ՚ունենար Հ․Յ․Դ․ Լիբա­նա­նի Շրջա­նա­յին Ժողո­վը, որուն Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն կը մասնակցէր Լիբա­նան ապրող իր ընկերնե­րով, որոնց շարքին իրաւա­սու քուէով ժողո­վին մասնակցե­լու եւ Բիւրոն պաշտօ­նա­պէս ներկա­յացնե­լու լիա­զօ­րութիւնը վստա­հուած էր ընկեր Զէյթլեանին։Ժողովին խորհրդակցա­կան ձայնով մասնակցե­լու հրաւի­րուած էի շրջա­նի օրգա­նին՝ «Ազդակ»ի պատասխա­նա­տու խմբագրի հանգա­մանքով։ Ընկեր ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ առա­ջին շարքի աջ կողմը նստած էր՝ կողքին ունե­նա­լով իր մտե­րիմ ընկերներ ԳԷՈՐԳ ԳԱՆՏԱ­ՀԱ­ՐԵԱՆն ու ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱ­Նը։ Յաջորդ շարքին եւ ուղղա­կի անոնց ետեւը նստած էի եւ ուշա­դիր կը հետեւէի յատկա­պէս Բիւրո­յի անունով ընկեր Զէյթլեա­նի ունե­ցած ելոյթնե­րուն, որոնց առնչութեամբ ընկեր Հրաչ, պարբե­րա­բար, իրեն յատուկ հիւմուրով մեկնա­բա­նա­կան սլաքներ կ՚ուղղէր։

1976ի Շրջա­նա­յին Ժողո­վը շատ բուռն ու լարուած մթնո­լորտի մէջ կ՚ընթանար, որովհե­տեւ շրջա­նաւարտ Կ․ Կոմի­տէի կազմի ընկերնե­րը, մեծ մասով, իրենց պատասխա­նա­տուութեանց տէր կանգնած չէին, 1975ի պատե­րազմի բռնկման առա­ջին իսկ փուլէն իրենց ապա­հով երդի­քին տակ կծկուած՝ կտրուած էին կրա­կի մէջ ապրող մեր ժողո­վուրդի դժո­խա­յին առօ­րեա­յէն, մեր ակումբնե­րէն հեռու մնա­լով եւ կազմա­կերպա­կան կեանքի ընդհա­նուր ղեկա­վա­րումէն դասա­լիք ըլլալով։Շիկացած այդ մթնո­լորտի կրա­կին վրայ իւղ թափե­ցի, երբ հաշուե­տու Կ․ Կոմի­տէին հարց տուի, թէ ինչո՞ւ անտե­սումի ենթարկուե­ցան եւ լռութեան դատա­պարտուե­ցան նոր տեղի ունե­ցած Խալքի­տի­քիի համա­գումա­րին մասին մամլոյ հաղորդագրութիւնն ու անոր կցուած բանա­ձեւե­րը։

Կ․Կ․ը պատասխան տալու տատամսե­ցաւ եւ, փոխա­րէ­նը, ընկեր Զէյթլեան միջամտեց ու յարձա­կո­ղա­կան եւ բիրտ քննա­դա­տութեան ենթարկեց ամբողջ Խալքի­տի­քիի համա­գումարն ու անոր բանաձեւերը։«Փարիզի քաֆէ-թրո­թուարնե­րը նստած երի­տա­սարդներ մեզի ԴԱՍԵՐ թող չտան ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մասին»,- պոռթկաց ընկեր Զէյթլեան՝ ամբողջ ժողո­վը լարե­լու իրեն յատուկ զգա­ցա­կան ոճով։Հարցումը ես ուղղած էի եւ հատու պատասխա­նը կ՚ուղղուէր ներկա­նե­րու մեծ մասին համար անյայտ հասցէի մը դէմ։Մինչ ես ապշա­հար կը փորձէի հասկնալ, թէ ի՞նչ կը պատա­հէր, ընկեր Տասնա­պե­տեան թեթեւ ժպի­տով մը ու մեղմ ձայնով առջեւի շարքէն կը հանգստացնէր զիս, որ «Նազօ վրադ մի առներ Սարգի­սի խօսքերը»․․․Իմ առա­ջին հաղորդակցութիւնս այդպէս սկսաւ ընկեր Զէյթլեա­նի հետ, որ իրա­պէս ալ՝ ընկեր Հրա­չի ըսա­ծին պէս, նիստի ընդմիջման մօտե­ցաւ ինձ՝ ըսե­լու համար, որ «թիրախս դուն չէիր, անձնա­պէս քեզի դէմ ուղղուած չէր սալո­նի յեղա­փո­խա­կաննե­րը պախա­րա­կող խօսքս»․․․Խորքին մէջ ընկեր Զէյթլեա­նի դատա­պարտանքը այնքան ալ ուղղուած չէր Խալքի­տի­քիի բանա­ձեւե­րուն ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ու ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ուղղուա­ծութեան դէմ, որքան որ ուղղուած էր յեղա­փո­խա­կան կենդա­նի կռուին հետ կապ չունե­ցող եւ հանգիստ կեանք ապրող ՄԵՂԿ ուսա­նողնե­րուն եւ երի­տա­սարդնե­րուն դէմ։

Հետա­գայ տարի­նե­րը ցոյց տուին, որ ընկեր Զէյթլեան ընդհանրա­պէս դէմ էր «ուրի­շի ձեռքով շագա­նա­կը կրա­կէն հանողներուն»․․․Դաշնակցական ղեկա­վա­րին համար ընկա­լե­լի չէր կրնար ըլլալ հայ յեղա­փո­խա­կա­նը՝ առանց գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան պատրաստ գտնուե­լու յանձնառութեան։Անշուշտ 1976էն 6–7 տարի ետք, երբ «ԴՐՕՇԱԿ»ի խմբագրութեան մէջ իր օգնա­կանն ու գործա­կի­ցը դարձած էի, ընկեր Զէյթլեան չէր վարա­ներ պարբե­րա­բար շեշտե­լու, թէ «Փարի­զի քաֆէ-թրո­թուարնե­րու սալո­նի յեղա­փո­խա­կաննե­րը» քննարկման առատ նիւթ հայթայթե­ցին Հայ Քաղա­քա­կան Մտքին վերա­թարմացման եւ յեղա­փո­խա­կան վերածնունդին համար։Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿ էր եւ, բնա­կա­նա­բար, լիբա­նա­նի հայութեան ծոցէն ծնած յեղա­փո­խա­կան հայորդի­նե­րու կշիռքով կը չափէր վաւե­րա­կա­նութիւնը ոեւէ հայ յեղա­փո­խա­կա­նի։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3364382626986021

Առնչվող Հոդվածներ