14.7 C
Yerevan

Քննարկումի Հնա­րաւո­րութիւննե­րը Շատ Հազուա­դէպ Են…

ԱՐԱՄ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ ՀՅԴ‑ի անդամ եմ։

Հոս հրա­պա­րա­կաւ կ՚արտայայտուիմ, քանի կուսակցութիւնէն ներս, Հայաստա­նի վերա­բե­րեալ հարցե­րու մասին, կարծիքնե­րու փոխա­նակման կարե­լիութիւննե­րը շատ սահմա­նա­փակ են, մանաւանդ եթէ համա­ձայն չես Հայաստա­նի մէջ որդեգրուած ՀՅԴ‑ի քաղա­քա­կա­նութեան հետ։

Ճիշդ է, կրնաս սպա­սել ու ամի­սը մէկ քու խումբիդ կամ նոյն կոմի­տէութեանդ անդամնե­րուն հետ խօսիլ, որոնք արդէն քու գաղա­փարներդ բազմա­թիւ անգամներ լսած են։

Սակայն հարցե­րու շուրջ շարունա­կա­կան քննարկումներ ուրիշ կոմի­տէութեանց, ուրիշ երկիրնե­րու կամ ալ Հայաստա­նի ընկերնե­րուն հետ, շատ հազուա­դէպ են։

Հետեւա­բար, նախ քան որ «փորձա­ռու» կամ ալ ղեկա­վար Դաշնակցա­կաննե­րը ինծի դաս տան, թէ «հոս» հրա­պա­րա­կաւ պէտք չէ որ խօսիմ, թող կուսակցութիւնէն ներս 21-րդ դարու համա­պա­տասխան կարծիքնե­րու փոխա­նակման միջոց կամ տեղ ստեղծեն։

Այն տպաւո­րութիւնը ունիմ, թէ ղեկա­վա­րութիւնը կուսակցութիւնէն ներս խօսե­լու միջոց գիտակցա­բար չի ստեղծեր, որպէսզի Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴ‑ի վիճա­կով մտա­հո­գուողնե­րուն ձայնը անուղղա­կիօ­րէն լռեցնէ, որպէսզի գլուխնին չցաւի։

Շատ աւե­լի պիտի նախընտրէի այս բոլոր ըսե­լիքնե­րուս մասին խօսիլ նոյն իմ կոմի­տէիս անդամնե­րէն զատ ուրիշ կուսակցա­կաննե­րու, մանաւանդ Հայաստա­նի մէջ ապրող Դաշնակցա­կաննե­րուն հետ, սակայն առի­թը շատ սահմա­նա­փակ է։

Առնչվող Հոդվածներ