14.7 C
Yerevan

Կասեցնե՛լ ՀՅԴ-Հմայքի Մսխումը

ԱՐԱՄ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ

ՀՅԴ‑ն ունի հմայք՝ ժողո­վուրդին որոշ խաւին քով։

Ուրկէ՞ ստեղծուած է այդ հմայքը։

Ստեղծուած է նախ իր գոյութեան առա­ջին՝ մօտաւո­րա­պէս 35 տարի­նե­րու փառա­հեղ գործունէութեան, նաեւ իր անդամնե­րու տիպար կեցուածքին պատճա­ռով։

Այդ հմայքը պահպա­նուած ու շարունա­կուած է հետա­գա­յին ու մինչեւ այսօր, Մերձաւոր Արեւելքի գաղութնե­րու ու համայնքնե­րու կազմա­կերպութեամբ, երբ Հալէ­պի, Թեհրա­նի, Պէյրութի, Գահի­րէի, Պաղտա­տի, Երուսա­ղէ­մի եւ այլ քաղաքնե­րու մէջ, ՀՅԴ‑ն ուղղա­կիօ­րէն ժողո­վուրդի ծոցին մէջ գործե­լով, ծառա­յած ու կազմա­կերպած է այդ գաղութնե­րուն հայութեան հաւա­քա­կան կեանքը։

ՀՅԴ‑ի նկատմամբ ստեղծուած հմայքին նպաստած է, Արցա­խի պատե­րազմի ընթացքին, անոր մեծ թիւով անդամնե­րուն կռուի մասնակցութեամբը Ազե­րի­նե­րուն դէմ՝ զոհ տալով հարիւրաւոր նուի­րեալներ։

Անշուշտ «հմայք» ունե­նա­լը ՀՅԴ‑ի համար նպա­տակ բնաւ չէ եղած, սակայն հմայքին չափը բաւա­կան ճիշդ գնա­հա­տա­կա­նը եղած է կուսակցութեան գործունէութեան։

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ՀՅԴ կառոյցը, անցնող մի քանի տասնա­մեակնե­րուն, ոչ միայն հայաստա­նեան իր գործունէութեամբ դրա­կան նոր հմայք չէ ստեղծած, այլ անցեա­լէն եկած հմայքն ալ մսխած է։

Անցեա­լին ու Սփիւռքի մէջ, ինչպէս Լիբա­նան, Սուրիա կամ Պարսկաստան, մինչեւ այս օրե­րը շարունա­կուող ՀՅԴ‑ի աշխա­տանքնե­րուն շնորհիւ ստեղծուած հմայքն ու դրա­մագլուխը, անցնող մի քանի տասնա­մեակնե­րուն, վատնուած են ՀՅԴ‑ի հայաստա­նեան ոչ-արդիւնաւոր գործունէութեամբ, որ միտուած է 20–25 անձե­րու համար պետա­կան կառոյցին մէջ կամ պետա­կան կառոյցին միջո­ցաւ գործի և պաշտօ­նի առաւե­լութիւն ստեղծե­լու հաշիւնե­րուն:

Այս ձախո­ղութիւնը փոխա­նակ ՀՀ ՀՅԴ‑ն դարձնե­լու աւե­լի համեստ, դժբախտա­բար շարունա­կած է բարձր պահել անոր ձայնը։ Ժամա­նակն է, որ ՀՀ ՀՅԴ‑ն համեստա­նայ ու իր ձայնը մեղմե­լով անմի­ջա­կա­նօ­րէն ծառա­յէ ժողո­վուրդին, եւ իր հազա­րաւոր անդամնե­րով գործէ ուղղա­կիօ­րէն ժողո­վուրդին հետ ու, իր արդիւնաւոր գործունէութեան միջո­ցու, նպաստէ իր՝ ՀՀ ՀՅԴ կառոյցի հմայքի ստեղծումին ու բարե­լաւումին։

Առնչվող Հոդվածներ