Սփիւռք

Սփիւռքի Դաշնակցականները՝ Մեղսակից ու Պատասխանատու…

ԱՐԱՄ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ ապրող բազմաթիւ ազատախոհ կուսակցականներ լուռ կը մնան Հայաստանի ՀՅԴ-ի որդեգրած պահպանողական կեցուածքներուն եւ ժողովուրդէն հեռու մնալուն մասին։

Լուռ կը մնան, երբ ՀՅԴ-ն ՀՀ-ի մէջ յետադիմական ուժերու հետ գործակցելով փորձած է ու դարձեալ կը փորձէ 20-25 անձերու համար պետական կառոյցին մէջ կամ պետական կառոյցին միջոցաւ գործ և պաշտօն ձեռք բերել:

Սփիւռքի այս Դաշնակցականները, ՀՀ ՀՅԴ կառոյցի յաջորդական ձախողութիւններուն եւ ՀՅԴ-ի հմայքի մսխումին առջեւ լուռ կը մնան՝ գլխաւորաբար Սփիւռքի մէջ իրենց շրջանի տեղական կուսակցական քոնթրոլը՝ հակակշիռն ու հսկողութիւնը, ունենալու ու պահելու համար։

Կարծես Սփիւռքի այս Դաշնակցականներուն համար Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ի վիճակը երկրորդական է՝ այնքան ատեն, որ կրնան Սփիւռքի իրենց շրջանի ՀՅԴ-ի կազմակերպութեան հակակշիռն ու հսկողութիւնը ունենալ կամ պահպանել, կամ ալ Բիւրօ-ի եւ Սփիւռքի Կեդրոնական Կոմիտէներու անդամ ըլլալ։

Սակայն ի՞նչ կ՚արժէ Սփիւռքի մէջ Կեդրոնական Կոմիտէ ըլլալ ու անոր հակակշիռն ու հսկողութիւնը ունենալ՝ երբ անդին, Հայաստանի մէջ, ժողովուրդը կռնակ կը դարձնէ ՀՅԴ-ին ու հազիւ մի քանի տոկոսի քուեներ կուտայ։

Արդեօք կ՚արժէ՞ Սփիւռքեան շրջանի մը Կեդրոնական Կոմիտէի մը հակակշիռը ձեռք ունենալու համար Հայաստանի ՀՅԴ-ի այս ցաւալի վիճակին մասին լուռ մնալ, աչք գոցել, հետեւաբար եւ՝ ըլլալ մեղսակից ու պատասխանատու ՀՀ ՀՅԴ-ի այս տկար վիճակին համար։

Սիրելի Սփիւռքի ընկերներ, ՀՀ ՀՅԴ-ի այս տկար վիճակին մասին ձեր լռութիւնը ձեզ մեղսակից ու պատասխանատու կը դարձնէ ՀՀ ՀՅԴ-ի այս վիճակին։

Իմ համոզումով՝ ՀՀ-ի մէջ ՀՅԴ-ին միակ յոյսը, որպէսզի վերաշխուժանայ ու ստանձնէ իր պատմական դերակատարութիւնը, վե՛րջ տալնէ է ձեր լռութեան ու աշխուժօրէն պահանջե՛լն է ՀՀ ՀՅԴ կառոյցէն՝ բարեփոխելու իրենց գործելաոճը ու քաղաքականութիւնը, մօտենալու ժողովուրդին ու հեռանալու անցեալի յետադիմական ուժերուն հետ գործակցելէ։

Սիրելի ՀՅԴ-ի համակիրներ, իմ կարծիքով, դուք եւս կրնաք նպաստել ՀՀ մէջ ՀՅԴ-ի վարկի վերականգնման։

Խնդրեմ՝

Երբ կը հանդիպիք Սփիւռքի ազատախոհ կամ ողջամիտ Դաշնակցական շարքայինի մը, որուն կը յարգէք, եւ կամ, երբ Սփիւռքի յառաջդիմական ու ձեր կողմէ յարգուած Դաշնակցականը, ընկերային ցանցերու վրայ ձեզի լայք կ՚ընէ կամ ձեզի հետ համաձայն կ՚ըլլայ, իրմէ բացատրութիւն պահանջեցէք, թէ ի՛նչ կ՚ընէ, որպէսզի Հայաստանի ՀՅԴ-ն ըլլայ աւելի յառաջդիմական, հասարակական պայքարներու մասնակից, ըլլայ Հայաստանի յառաջդիմական, ազատախոհ ու հայրենասէր գործիչներու եւ պայքարողներուն կողքին, ըլլայ ժողովուրդին կողքին՝ փոխանակ մնալու ժողովուրդէն հեռու ու գործակցելու նախկին իշխանութիւններուն հետ ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունեցողներուն հետ։

Կրկնութեան գնով դարձեալ շեշտեմ, թէ իմ կարծիքով՝ գլխաւոր յոյսը, որ կրնայ ՀՀ ՀՅԴ կառոյցը վերադարձնել Դաշնակցական հարազատ գործունէութեան դաշտ, Սփիւռքի ընկերներու համարձակ ու զօրաւոր պահանջն է ՀՀ ՀՅԴ-ի կառոյցէն՝ վերադառնալու դէպի ժողովուրդ եւ Դաշնակցութեան ակունքներուն։

    

One Response to “Սփիւռքի Դաշնակցականները՝ Մեղսակից ու Պատասխանատու…”

  1. Հայկազ Պետրոսեան Reply

    Արդէն իսկ Հայաստանում ՀՅԴ գերագոյն մարմին ստեղծելը ամենամեծ սխալն էր, որ Բիւրոն թոյլ տուեց: Շատ շուտ էր այդ քայլին դիմելուն, յատկապէս Հայաստանի վերանկախացման սկիզբներին երբ ճանապարհ հարթուեց պատեհապաշտների համար դիրքեր գրաւելու պետական կառոյցներում և չարաշահելու պետութիւնը, չէր կարելի չսպասել, որ նորելուկ երդուեալ դաշնակցկանները նոյն պատեհապաշտութեամբ ոգեևորուած իրենք էլ չուզէին իրենց տեղը ունենալ երկրի թալանման գործում: Թոյլ տրուեց, հաւատալով, որ երդուեալ դաշնակցականը չի շեղուելու: Եւ ամեն իրաւունքներ տրուեց իրենց հայեցողութեամբ վարելու կուսակցութիւնը: Ու արդիւնքը տեսանք: Ժողովրդին տակաւին անծանօթ ՀՅԴաշնակցութիւնը, կամ ծանօթ որպէս ֆաշիստ կուսակցութիւն (Ինչպէս Սովետն էր դաստիարակել) հէնց սկզբից, մէկ՝ չկարողացաւ իր ճիշտ տեղը գտնել ժողովրդի մէջ, երկրորդ՝ ինչպէս ասացի նորելուկ պատեհապաշտ երդուեալները երբ չկարողացան բաւարար քուէ ստանալ ժողովրդից, սկսեցին կցորդ դառնալ գողապետութեան գլխաւորութեամբ՝ Ռոբերտ Քոչարենի ու Սերժ Սարգսեանի: Արդիւնքը այն եղաւ, որ Վարկաբեկեցին Դաշնակցութեան ու ջուրը նետեցին 130 ամեայ փառաւոր անցեալը: Հիմա ունենք այն ինչ որ ունենք: Հայաստանում ներկայիս գոյութիւն ունի մաքուր երիտասարդ դաշնակցականներ, բայց ղեկավարութիւնը մնում է նոյնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *