13.5 C
Yerevan

Սփիւռքի Դաշնակցա­կաննե­րը՝ Մեղսա­կից ու Պատասխա­նա­տու…

ԱՐԱՄ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ ապրող բազմա­թիւ ազա­տա­խոհ կուսակցա­կաններ լուռ կը մնան Հայաստա­նի ՀՅԴ‑ի որդեգրած պահպա­նո­ղա­կան կեցուածքնե­րուն եւ ժողո­վուրդէն հեռու մնա­լուն մասին։

Լուռ կը մնան, երբ ՀՅԴ‑ն ՀՀ‑ի մէջ յետա­դի­մա­կան ուժե­րու հետ գործակցե­լով փորձած է ու դարձեալ կը փորձէ 20–25 անձե­րու համար պետա­կան կառոյցին մէջ կամ պետա­կան կառոյցին միջո­ցաւ գործ և պաշտօն ձեռք բերել:

Սփիւռքի այս Դաշնակցա­կաննե­րը, ՀՀ ՀՅԴ կառոյցի յաջորդա­կան ձախո­ղութիւննե­րուն եւ ՀՅԴ‑ի հմայքի մսխումին առջեւ լուռ կը մնան՝ գլխաւո­րա­բար Սփիւռքի մէջ իրենց շրջա­նի տեղա­կան կուսակցա­կան քոնթրո­լը՝ հակակշիռն ու հսկո­ղութիւնը, ունե­նա­լու ու պահե­լու համար։

Կարծես Սփիւռքի այս Դաշնակցա­կաննե­րուն համար Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴ‑ի վիճա­կը երկրորդա­կան է՝ այնքան ատեն, որ կրնան Սփիւռքի իրենց շրջա­նի ՀՅԴ‑ի կազմա­կերպութեան հակակշիռն ու հսկո­ղութիւնը ունե­նալ կամ պահպա­նել, կամ ալ Բիւրօ‑ի եւ Սփիւռքի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ­նե­րու անդամ ըլլալ։

Սակայն ի՞նչ կ՚արժէ Սփիւռքի մէջ Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ ըլլալ ու անոր հակակշիռն ու հսկո­ղութիւնը ունե­նալ՝ երբ անդին, Հայաստա­նի մէջ, ժողո­վուրդը կռնակ կը դարձնէ ՀՅԴ-ին ու հազիւ մի քանի տոկո­սի քուե­ներ կուտայ։

Արդեօք կ՚արժէ՞ Սփիւռքեան շրջա­նի մը Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէի մը հակակշի­ռը ձեռք ունե­նա­լու համար Հայաստա­նի ՀՅԴ‑ի այս ցաւա­լի վիճա­կին մասին լուռ մնալ, աչք գոցել, հետեւա­բար եւ՝ ըլլալ մեղսա­կից ու պատասխա­նա­տու ՀՀ ՀՅԴ‑ի այս տկար վիճա­կին համար։

Սիրե­լի Սփիւռքի ընկերներ, ՀՀ ՀՅԴ‑ի այս տկար վիճա­կին մասին ձեր լռութիւնը ձեզ մեղսա­կից ու պատասխա­նա­տու կը դարձնէ ՀՀ ՀՅԴ‑ի այս վիճա­կին։

Իմ համո­զումով՝ ՀՀ‑ի մէջ ՀՅԴ-ին միակ յոյսը, որպէսզի վերաշխուժա­նայ ու ստանձնէ իր պատմա­կան դերա­կա­տա­րութիւնը, վե՛րջ տալնէ է ձեր լռութեան ու աշխուժօ­րէն պահանջե՛լն է ՀՀ ՀՅԴ կառոյցէն՝ բարե­փո­խե­լու իրենց գործե­լաո­ճը ու քաղա­քա­կա­նութիւնը, մօտե­նա­լու ժողո­վուրդին ու հեռա­նա­լու անցեա­լի յետա­դի­մա­կան ուժե­րուն հետ գործակցե­լէ։

Սիրե­լի ՀՅԴ‑ի համա­կիրներ, իմ կարծի­քով, դուք եւս կրնաք նպաստել ՀՀ մէջ ՀՅԴ‑ի վարկի վերա­կանգնման։

Խնդրեմ՝

Երբ կը հանդի­պիք Սփիւռքի ազա­տա­խոհ կամ ողջա­միտ Դաշնակցա­կան շարքա­յի­նի մը, որուն կը յարգէք, եւ կամ, երբ Սփիւռքի յառաջդի­մա­կան ու ձեր կողմէ յարգուած Դաշնակցա­կա­նը, ընկե­րա­յին ցանցե­րու վրայ ձեզի լայք կ՚ընէ կամ ձեզի հետ համա­ձայն կ՚ըլլայ, իրմէ բացատրութիւն պահանջե­ցէք, թէ ի՛նչ կ՚ընէ, որպէսզի Հայաստա­նի ՀՅԴ‑ն ըլլայ աւե­լի յառաջդի­մա­կան, հասա­րա­կա­կան պայքարնե­րու մասնա­կից, ըլլայ Հայաստա­նի յառաջդի­մա­կան, ազա­տա­խոհ ու հայրե­նա­սէր գործիչնե­րու եւ պայքա­րողնե­րուն կողքին, ըլլայ ժողո­վուրդին կողքին՝ փոխա­նակ մնա­լու ժողո­վուրդէն հեռու ու գործակցե­լու նախկին իշխա­նութիւննե­րուն հետ ուղղա­կի կամ անուղղա­կի կապ ունե­ցողնե­րուն հետ։

Կրկնութեան գնով դարձեալ շեշտեմ, թէ իմ կարծի­քով՝ գլխաւոր յոյսը, որ կրնայ ՀՀ ՀՅԴ կառոյցը վերա­դարձնել Դաշնակցա­կան հարա­զատ գործունէութեան դաշտ, Սփիւռքի ընկերնե­րու համարձակ ու զօրաւոր պահանջն է ՀՀ ՀՅԴ‑ի կառոյցէն՝ վերա­դառնա­լու դէպի ժողո­վուրդ եւ Դաշնակցութեան ակունքնե­րուն։

Առնչվող Հոդվածներ