20.4 C
Yerevan

Փոփո­խութիւնը Ճիշդ Ժամա­նա­կին Պէտք է Ըլլայ…

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Սուրի­կը երբ տասը տարե­կան էր, օր մը հօրը հետ ճամբան քալած ատեն խանութի մը ցուցա­փեղկին մէջ, «մանիքեն»ի մը վրայ հագուստ մը տեսաւ ու հիա­ցած ցուցա­փեղկին առջեւ գամուե­ցաւ… Վերէն վար տղա­մարդու նոր զգեստ մը՝ մոխրա­գոյն տաբատ ու բաճկոն, ճերմակ շապիկ, սեւ փողկապ մը մոխրա­գոյն գիծե­րով ու ճեփ ճերմակ կօշիկ մը…

– Հայրիկ այս հագուստը կ’ուզեմ, շուտ գնէ ինծի…

– «Եաւրըմ» աս հագուստը քեզի մեծ կ’ըլլայ, երբ որ մեծնաս ու ինծի պէս վարպետ արհեստաւոր մը ըլլաս, կ’աշխատիս, դրամ կը շահիս, յետոյ աղուոր աղջիկ մը կը գտնես, կու գաս այս հագուստը կը գնես, հարսա­նի­քիդ օրը կը հագնիս ու ամէն մարդ քեզի մատով կը ցուցնէ, «տեսէք Սուրի­կը, ինչ աղուոր, գեղե­ցիկ փեսայ մը եղած է», կ’ըսէ…

– Ուրեմն հայրիկ այս հագուստը եկուր դուն գնէ, թող ամէն մարդ մատով քեզի ցուցնէ:

– Չէ եաւրըմ չէ, այլեւս ուշ է… Հիմա եթէ ես իմ հագուստներս փոխեմ եւ այս զգեստը վրաս անցնեմ, ամէն մարդ ինծի մատով կը ցուցնէ ու «այս խամա­ճի­կը ո՞վ է», կ’ըսէ… Փոփո­խութիւնը տղաս, ճիշդ ժամա­նա­կին պէտք է ըլլայ…. եթէ ոչ խնդա­լիք կ’ըլլայ:

Տասը տարի անցաւ, Սուրի­կը քսան տարե­կան եղաւ ու հօրը պէս վարպետ արհեստաւոր մը դարձաւ: Սակայն նախքան աղուոր աղջիկ մը գտնէ, գնաց հագուստի խանութ մը մտաւ ու մոխրա­գոյն տաբատ ու բաճկոն մը, ճերմակ շապիկ մը, մոխրա­գոյն գիծե­րով սեւ փողկապ մը ու ճեփ ճերմակ կօշիկ մը հագած խանութէն դուրս ելաւ… Ճամբան քալած ատեն ամէն մարդ մատով իրեն ցոյց տուաւ ու «տեսէք Սուրի­կը , ինչ աղուոր ու գեղե­ցիկ տղայ մը եղած է» , ըսաւ… Եւ ամէն օր Սուրի­կը այս նոյն զգեստը հագաւ ու ամէն մարդ իրեն մատով ցոյց տուաւ …

Յետոյ հինգ տարի եւս անցաւ, Սուրի­կը քսան հինգ տարե­կան եղաւ ու Սրբուկին հետ ծանօ­թա­ցաւ: Երբ նշանտուքին օրը մօտե­ցաւ Սրբուկը Սուրի­կին գլուխը կերաւ, «այս զգեստդ արդէն հինցաւ, գնա նոր հագուստ մը գնէ», ըսաւ: Սակայն Սուրի­կը յամա­ռութիւն ըրաւ, « Այս հագուստը իմ մանկութեան երազս է» ըսաւ, այդ հագուստով նշա­նուե­ցաւ ու երկու տարի ետք այդ նոյն հինցած զգեստով ալ կարգուե­ցաւ…

Տարի մը ետք, Սուրի­կը աղջիկ մը ունե­ցաւ: Մկրտութեան թուա­կա­նը երկու տարի յետոյ որո­շուե­ցաւ ու երբ Սուրի­կը իր հին ու մաշած հագուստնե­րով եկե­ղե­ցի մտաւ, ամէն մարդ ոտքի ելաւ, մատով Սուրի­կը ցոյց տուաւ ու «Այս խրտուի­լա­կը ո՞վ է» ըսաւ…

Տարի­ներ ետք, երբ Սուրի­կին աղջի­կը հարսնցու դարձաւ, խեղճ աղջի­կը այնքան լացաւ, պաղա­տե­ցաւ, որ աղջկան հարսա­նի­քին օրը Սուրի­կը վերջա­պէս նոր զգեստ մը հագաւ, սակայն կօշիկնե­րը փոխել չհա­մո­զուե­ցաւ… «Այս կօշիկս հանգիստ է, ոտքս անոր վարժուած է», ըսաւ ու երբ եկե­ղե­ցի մտաւ, դարձեալ ամէն մարդ ոտքի ելաւ ու մատով Սուրի­կին մաշած ու արդէն սեւցած կօշիկնե­րը ցոյց տուաւ…

Յետոյ Սուրի­կը ծերա­ցաւ ու կօշիկն ալ պատրուե­ցաւ եւ ստի­պուած գնաց նոր կօշիկ մը առաւ: Բայց ինչ օգուտ… Երբ տուն մտաւ ու հայե­լիին դիմաց կայնե­ցաւ, հագուստը արդէն հինցած է տեսաւ ու այն ատեն հորը խօսքը միտքը ինկաւ՝

– Փոփո­խութիւնը տղաս ճիշդ ժամա­նա­կին պէտք է ըլլայ….թէ ոչ խնդա­լիք կ’ըլլայ…

Փոփո­խութիւնը նաեւ ամբողջա­կան պէտք է ըլլայ: Այլա­պէս անի­մաստ կ’ըլլայ…

Առնչվող Հոդվածներ