13.5 C
Yerevan

Ո՞Վ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ․․․ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄԻ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ «Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ» ստո­րագրութեամբ եւ մեր մամուլի էջե­րուն ու զանգուա­ծա­յին լրա­տուա­մի­ջոցնե­րով հրա­պա­րա­կուած 01 Սեպտեմբեր 2020 թուա­կիր «ՀՅԴ Բիւրո­յի Յայտարարութիւն»ը կարդա­ցողնե­րուն եւ զուարճա­ցողնե­րուն։

Մի զարմա­նաք, որ «Հ․Յ․Դ․» անունն ու առկայ կազմա­կերպութիւնը «ՔՈՒԷԻ ՈՒԺՈՎ» սեփա­կա­նաշնորհած ու պատանդ բռնած այս մարդիկ նորա­նոր առիթներ ու հնարքներ կը փնտռեն ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔը ապա­կողմնո­րո­շե­լու, այլեւ խաբե­լու համար, թէ՝ իրենք «ժողովրդա­վար», «օրի­նա­պաշտ», «թափանցիկ գործող» եւ «վեհանձն» են․․․ այն աստի­ճան, որ իբր թէ «համաներում»ի «կ՚արժանացնեն» իրենց հեռա­ցուցած կամ իրենցմէ հեռա­ցած «նախկին դաշնակցա­կաննե­րը»․․․ Հ․Յ․Դ․ 130ամեակի ներշնչած «մեծո­գութեամբ»։

Ոչ ալ ծիծա­ղե­ցէք ի տես եւ ի լուր այս մարդոց «կեղծ վեհանձնութեան» ետին գործող փերե­զա­կի պատե­հա­պաշտութեան, որ չ՚ուշանար անմի­ջա­պէս իսկ իր թոյնը թափե­լու՝ յայտա­րա­րութեան աւարտին ընդգծե­լով, որ «խոստա­ցուած» համա­նե­րումին դիմողնե­րը պէտք է ամբողջացնեն հիմնա­կան ՊԱՅՄԱՆ մը․- «Շարքե­րից դուրս գտնուած ժամա­նակ Դաշնակցութեան դէմ չեն գործել»։

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄի կեղծ ու թունաւոր խայծէն չխա­բուող, այլեւ դիմում գրե­լու եւ «շարքեր» վերա­դառնա­լու այսօ­րի­նակ «ՀՐԱՒԷՐԻՆ» քմծի­ծա­ղով հակազդող «նախկին դաշնակցա­կաննե­րուն», որոնք շատ լաւ կը գիտակցին, թէ իրենք ոչ միայն ԻՐԱՒ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐ ԵՆ, այլեւ կոչուած են դատ ու դատաստա­նի առջեւ կանգնեցնե­լու եւ պատժե­լու համա­նե­րում․․․ «շնորհող» ԿԵՂԾերը։

Ի՜նչ «համա­նե­րում», երբ զայն «շնորհե­լու» ելած այս ինքնա­կոչնե­րը

նախ իրե՛նք պէտք է դատուին յաչս հայ ժողո­վուրդին Հ․Յ․Դ․ն այս աստի­ճան ՎԱՐԿԱԶՐԿԵԼՈՒ իրենց յանցանքին համար, ապա եւ ԱՐԺԱՆԻ ՊԱՏԻԺ կրեն ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը իր պաշտած ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ խորթացնե­լու իրենց անպա­տասխա­նա­տու վարքուբարքին համար։

Բարի լոյս՝ 130ամեայ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԻՆ տէր կանգնող բոլոր ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԵՐԴՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք Ազգին ու Հայրե­նի­քին ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ի խնդիր իրենց պաշտպա­նած դաշնակցա­կան ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒՆ եւ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ համար՝ ԿԱՄԱՅԱԿԱՆՕՐԷՆ ու ՀԱԿԱԿԱՆՈՆԱԳՐԱՅԻՆ իրաւա­խախտումնե­րով ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ ԵՆ մարդոց կողմէ կամ հեռա­ցած են մարդոցմէ, որոնք Հ․Յ․Դ․էն միայն․․․ «Զինանշա­նը» ցուցադրող «զարդա­սեղ» կամ «վզնոց շղթայ» կը կրեն։

Առնչվող Հոդվածներ