ՀՐԱՉ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Դաշնակցութեան Պիւրօյի մէկ անդամ՝ Պարոն Ռուստամյան, իր վերջին հարցազրոյցին մէջ կ՚ըսէ «Մենք պարբերաբար նման բան անում ենք հոբելյանների հետ կապված, մի անգամ էլ եղել է 100-ամյակին: Ըստ էության, դա մեզ մոտ ձևավորված ավանդույթ է և կատարվում է այնպես, ինչպես նախկին անգամները»։
Ռուստամեանի այս խօսքերուն մէջ, ինքնարդարացումի երանգ մը կայ կարծես։ Ռուստամյան, Դաշնակցութեան հարիւրամեակին տակաւին շարքերը չէր անցած եւ լաւ ծանօթ չէ Դաշնակցութեան պատմութեան։
Լիբանանեան պատերազմին, 1975էն ետք, բազմաթիւ կուսակցականներ մեկնեցան Լիբանանէն։ Կուսակցութիւնը որոշում ունէր Լիբանանը «լքող» իր ընկերները հեռացնելու շարքերէն։ Այդ ընկերները ընդհանրապէս հաւատաւոր դաշնակցականներ էին եւ դէպքերու բերումով մեկնած էին Լիբանանէն։ Պիւրօի «համաներման» որոշումը պայմանական չէր այդ օրերուն, բնականաբար յանցագործները պիտի մերժուէին, սակայն հիմնականօրէն այդ որոշումը կը միտեր Լիբանանէն մեկնածները վերադարձնելու իր շարքերը։
Դաշնակցութիւնը երբեք «աւանդութեան» չէ վերածած «համաներում»ը ինչպէս կ՚ըսէ Պիւրօի «նախագահ»ը։ Վերջին յիսուն, իմ գիտակցական տարիներու ընթացքին, (բացի 100-ամեակէն), որուն տուն տուող պատճառները նշեցի, չեմ յիշեր համաներման ուրիշ որեւէ պարագայ
«ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄ»
Երբ Պիւրօի այս յայտարարութիւնը կարդացի, մտածեցի՝ ո՞վ որու՞ն պիտի ներէ։ Ներելու համար պէտք է նախ եւ առաջ ներողի իրաւունքը ձեռք բերես։ Ես համոզուած եմ որ ներկայ ղեկավարութիւնը այդ իրաւունքը չէ վաստկած։ Եւ ինչո՞ւ համաներում, «դուրս» եղողները յանցագործներու փաղանգ մը կը կազմե՞ն։ Գող, աւազակ կամ մարդասպան բանտարկեալներուն է որ ներում կը շնորհեն։
Ազնուութիւնը կը կայանար այն բանի մէջ որ ներկայ ղեկավարութիւնը անդրադառնար կուսակցութեան ցաւալի վիճակին, վերանայեր իր ներսը, եւ ինքնամաքրման համար, առանց «ֆանֆար»ի, հրաւիրեր «դուրսը մնացողները» երկխօսութեան։ Փորձեր վերականգնել այն ինչ արդէն քսան տարիէ ի վեր կորսուած է։
Եւ կը մտածեմ՝ եթէ մարդ դուրս եկած է (կամ հեռացուած է) շարքերէն որովհետեւ դժգոհ էր կուսակցութեան ներկայ վիճակէն, եւ եթէ ոչինչ փոխուած է կուսակցութենէն ներս, նոյնիսկ աւելի վատթարացած, ինչո՞ւ պիտի փափաքի իբրեւ «յանցաւոր» ներման գործընթացէ մը անցնելու։
Լոս Անջելէս
2 Սեպտեմբեր, 2020