26.4 C
Yerevan

Կազմա­կերպութեան գաղա­փա­րա­կան հէնքը մեր յոյսի աղբիւրն է՝ վերա­զարթնե­լու ու վերականգնելո՛ւ մեր տունը եւ շարունակելո՜ւ Մեր Ուղին

Անդրա­նիկ Պօղո­սեան

04 Սեպտեմբեր 2020

Երկար մտո­րումնե­րէ ետք, գործուած սխա­լը սրբագրե­լու համար, վերջա­պէս Բիւրոն կայա­ցուց ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄի որո­շումը:

Այս օրե­րուն ինչպէս ինձ, այնպէս եւ իմ ընկերնե­րուն կը հասցէագրուին հարցադրում-յորդորներ այն իմաստով, թէ՝ «այս ընձե­ռուած պատեհ առի­թէն օգտուե­լով վերա­դառնալ» գաղա­փա­րա­կան մեծ ընտա­նիք:

Սկսիմ այն ընդունուած աւանդոյթ դարձած պահանջէն՝ զղջումնա­գիր ներկա­յացնե­լու վերա­բե­րեալ․

-Ես իմ ո՛ր մեղքին եւ կամ ի՞նչ բանի համար պէտք է որ զղջամ, նաեւ՝ որո՞ւ առաջ․․․

Գիտէ՞ք ինչ․ հիմա որ կը մտա­ծեմ՝ իմ մեղքը մէկ չէ, բազմա­թիւ են:

- Ես նախ պէտք է զղջամ, որ՝

Դեռ պատա­նի տարի­քէս ընդգրկուե­լով հարա­զատ ԸՆՏԱՆԻՔ, մեզ սնուցա­նե­ցին մեր անցեա­լի նուի­րեալներուն շունչով, եւ մենք ատիկա ընդունե­ցինք՝ փորձե­լով չշե­ղուիլ այն ուղիէն, ինչը որ այս օրե­րուն մեզ դարձուց մեղաւոր:

- Ես նաեւ պէտք է զղջամ, որ՝

Ս. Զաւա­րեա­նի եւ մեր մեծերու օրի­նա­կին հետեւե­լով ամէն ճիգ թափե­ցի Ազգի ու կազմա­կերպութեան նիւթա­կան միջոցնե­րուն վրայ գուրգուրա­լու եւ նման աղբիւրներու հաշւոյն չապրե­լու, այլեւ առա­ջարկուած ամէն տեսա­կի օգնութիւննե­րը մերժե­լով՝ բացա­ռա­պէս ապաւի­նե­լու սեփա­կան ուժե­րով վերա­կանգնե­լու իմ կորսնցուցա­ծը ու վերստեղծե­լու նորը, ինչը բնա­կա­նա­բար դաւա­ճա­նութեան համա­զօր, անընդունե­լի ու խարա­նող արարք պիտի դիտուէր բոլոր անոնց կողմէ, որոնք իրենց կեանքը կառուցած են՝ օգտա­գործե­լով կազմա­կերպութեան հաշւոյն ապրե­լու ուղին:

- Ես դեռ պէտք է զղջամ՝

Այն մեղքի համար, որ անցնող տարի­նե­րուն չկրցայ սորվիլ ու ձգտումը չունե­ցայ քծնանքով ու հպա­տա­կուե­լով՝ տարբեր պաշտօններու յաւակնորդ դառնալ, եւ այդպի­սի­նե­րու հետ մերուե­լով՝ միեւնոյն խոհա­նո­ցին ու ճաշա­տե­սա­կին ընտե­լա­նա­լով, սեփա­կան շահե­րով առաջնորդուելու:

- Ես նաեւ պէտք է զղջամ, որ՝

Այդ բոլոր մեղքե­րէն ետք, լուռ ու մունջ իմ պարտքը կատա­րած ըլլա­լով բաւա­րա­րուելու, ինքնա­մե­կուսացման մէջ եւ իմ հոգսե­րով ու կեանքի  հետաքրքրութիւննե­րով պարփա­կուած ապրե­լու փոխա­րէն, անշեղ շարունակած եմ իմ ստանձնած փշոտ ու քարքա­րոտ Մեր Ուղին:

Վերջա­պէս, այս բոլո­րէն ետք, մենք որո՛ւ պիտի ներկա­յացնենք այդ զղջումնա­գի­րը, եւ մանաւանդ ո՞ւր վերա­դառնա­լու համար․․․

- Վերա­դառնա­լու այն Մեծ Ընտա­նիքի՞ն, որու անցած ճամբով անցաւ իմ կեանքի աւե­լի քան քառա­սուն տարի­նե­րը։

- Թէ՞ վերա­դառնա­լու հոն, ուրկէ հեռա­ցուե­ցայ մեր Մեծ Ընտա­նի­քի ղեկա­վար աթոռնե­րը քուէի ուժով առեւանգողնե­րուն կողմէ։

Յեղա­փո­խա­կա­ներու մեր Մեծ Ընտա­նիքին հնա­զանդի­լը աւե­լի բարձր ու գերա­զանց արժէք է՝ բաղդա­տած Մեր Գերա­գոյն Նպատա­կին ծառա­յե­լու կոչումէն հեռա­ցած ու խուլ եւ համրերու ակումբի վերա­ծուած միջա­վայրին, ուր ոչ ոք գիտակցեցաւ կամ փորձեց հարց տալ, թէ՝

- Դուք ի՞նչ կ՚ընէք, բարո­յա­կան թէ մարդկա­յին ո՞ր չափո­րո­շիչնե­րով կը գործէք, այդ պատճա­մի­ջո­ցով որո՞ւն պատժած կ՚ըլլաք սկզբունքներուն հաւա­տա­րիմ մնացողի՞ն, թէ՞ անոր տառա­պեալ ծնողնե­րուն, որպէսզի հասկա­նան, թէ այդ բոլոր տարի­ներուն կրած եւ դեռ գալիք տառա­պանքնե­րը ինչպի­սի՞ գնա­հա­տանքի կ՚արժա­նանան:

Այդ զգաստա­ցումը ու հոգա­տար մարդկա­յին բանա­կա­նութեան դրսեո­րումը ինձ համար չէ, որ պէտք են, այլ՝ այն Մեծ Ընտա­նի­քին, որ խարսխուած եղած է բարո­յա­կա­նի՝ նկա­րագրի՛ տէր Հայ Մարդուն վրայ, նախա­պայման ունե­նա­լով անոր անսա­կարկ անձնա­զո­հութիւնը:

Ներկա­յա­ցուած այսօ­րի­նակ համա­տա­րած արա­տաւոր ու զգա­յա­զուրկ անտարբե­րութեան ի տես՝ ցաւ կ՚ապրիմ ու կ՚արձա­նագրեմ, որ մեր կազմա­կերպութիւնը ծանրա­գոյն աղէ­տա­լի վիճա­կի է մատնուած. տիրող վիճա­կը ուղղե­լը՝ այս պահուն մեր ունե­ցած շարքե­րով, անհնա­րին կը դառնայ։

- Մեր յոյսը կը մնայ գալիք մեր առողջ ու իր սեփա­կան ուժե­րուն ապաւի­նող երի­տա­սարդութիւնը, որուն համար նախ պէտք է ամէն գնով պայքա­րիլ կազմա­կերպութեան ղեկը առեւանգած պատե­հա­պաշտ ու գաղա­փա­րա­զուրկ ցեցե­րէն ձերբա­զա­տուե­լու համար, պահպա­նե­լու այն գաղա­փա­րա­կան հէնքը, որ մեր յոյսի աղբիւրն է, վերա­զարթնե­լու ու վերականգնելո՛ւ մեր տունը եւ շարունակելո՜ւ Մեր Ուղին:

https://www.facebook.com/antranig.boghossian.7/posts/2632971503633887

Առնչվող Հոդվածներ