ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

«Դաշնակցութիւնը թեւակոխեց ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի դարաշրջանը»

Յուշապատում

Ն․ Պէրպէրեան

Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, յատկապէս 1992ին ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆի կողմէ ընկեր ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի Հայաստանէն վտարումէն սկսեալ եւ Հ․Հ․ անդրանիկ նախագահի իսկ բերնէն ելած վերագրումով, յաճախ քաշքշուեցաւ ինչ-որ քակէպէյական Քալուկինի մը յաւակնոտ այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ խորհրդային «ամենազօր» պետական անվտանգութեան սպասարկութիւնը 1972ին, Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհանուր Ժողովին, իբր թէ «թափանցած է» Դաշնակցութեան մէջ եւ իր «սայլին լծած է» մեր կուսակցութիւնը։

Օրին եւ անկէ ետք ժամանակ առ ժամանակ՝ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս թէ անպաշտօն կերպով հերքած է այդ ապատեղեկատուութիւնը։

Բայց այս նիւթին առնչութեամբ յիշողութեանս մէջ անջնջելիօրէն արձանագրուած է ուսանողականի՝ զաւարեանականի մեր օրերէն եզրայանգում մը, որ թէեւ բացարձակապէս կապ չէ ունեցած «խորհրդային» կամ «քակէպէյական» որեւէ թափանցումի կապուած վարկածի կամ հակադաշնակցական որեւէ քարոզչութեան հետ, բայց որ Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհանուր Ժողովը ըստ ամենայնի վճռորոշ ԴԱՐՁԱԿԷՏ մը նկատած է Դաշնակցութեան կեանքին մէջ։

Ակնարկութիւնը կը վերաբերի խորագրին մէջ բանաձեւուած մտածումին, թէ՝
1972ի Ընդհանուր Ժողովին «Դաշնակցութիւնը թեւակոխեց ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի դարաշրջանը»։

Ահա յիշողութեանս մէջ գամուած յուշի այդ պատառիկը։

*
* *

1970ին, Հ․Յ․Դ․ «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան իբրեւ օժանդակի անդամակցելու շրջանիս, ճանչցայ այդ ատեն վարչութեան ատենապետ ընկեր ՎԱՉԷ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆը։

Մեր առաջին իսկ ծանօթացումէն ստեղծուեցաւ կապ մը, որ կուսակցականէն անդին անցաւ եւ աւելիրն եղաւ՝ գաղափարական, ընկերային ու անձնական մտերմութեան եւ հարազատութեան յանգելով։

Կարճ ժամանակով Վաչէի Գանատա ուսումը ամբողջացնելու երթալէն եւ Լիբանան վերադառնալէն ետք՝ այն աստիճան մտերիմ ու անբաժան ԸՆԿԵՐՆԵՐ եղանք եւ կուսակցական մեր կեանքը միասին՝ կողք-կողքի հարթեցինք աւելի քան տասը տարիներ, որ մեր օրինակը ի մտի ունենալով եւ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԸ կուսակցական սխալ տնօրինումներու դէմ պաշտպանելու ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ու ԸՄԲՈՍՏ մեր ՎԱՐՔԱԳԻԾը դատապարտելով՝ 1982ին, Ֆրանսայի մէջ գումարուած Հ․Յ․Դ․ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողովի մը ընթացքին, օրուան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Հրայր Մարուխեան ահազանգ հնչեցուց յեղափոխական եւ ընկերվարական մեր երիտասարդութեան կողմէ դրսեւորուած զիրար պաշտպանելու «ԸՆԿԵՐ-Ա-ՎԱՐԻ-ՈՒԹԵԱՆ» դէմ։

Անարդար էր «ընկեր-ա-վար-ութեան» մէջ ինձ մեղադրելու մեր ՄԵԾ ԸՆԿԵՐՈՋ այդ մեղադրանքը։ Եւ օրին՝ 1982ի այդ ժողովին, բնականաբար չունէի այսօրուան իմ կուտակած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ եւ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ կենսափորձս, որպէսզի Ընկեր Մարուխեանին իմ տարակարծիք ըլլալս ու տեսակէտս արտայայտէի ու պաշտպանէի տեղւոյն վրայ։

Բայց հետագայ ամիսներուն եւ յաջորդ երեք տարիներուն՝ այդ հարցին եւ ընդհանրապէս բարոյական, գաղափարական եւ կազմակերպական մեր աւանդներուն նուիրուած ամբողջ շարք մը գրեցի «ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱԿ-ԴՐՕՇԱԿ»ի էջերուն, ԽԱԺԱԿ ստորագրութեամբ հրապարակուած իմ «Ընկերական Զրոյցներ»ուս մէջ։

*
* *

Ընկեր Մարուխեանի հետ փոխադարձ ՀԱՄԱՐՈՒՄի եւ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ կապ մը մեզ մօտեցուցած էր իրարու առաջին մեր հանդիպումէն իսկ՝ 1972ին, Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Շրջանային Ժողովի ընթացքին։

Իսկ 1982ի Յունուարին հրաւիրուած էի «ԴՐՕՇԱԿ»ի խմբագրութեան միանալու, որպէսզի ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի օգնական խմբագիրը ըլլալու պատասխանատուութիւնը ստանձնեմ։

Մինչ հրաւիրողը ի պաշտօնէ ընկեր Զէյթլեանն էր, բայց նաեւ ընկեր Մարուխեանը միացած էր Բիւրոյի ԸՆԿԵՐ ԽՄԲԱԳԻՐին, որպէսզի ես որոշեմ «Ազդակ»էն բաժնուիլ ու միանալ Բիւրոյի աշխատակազմին, ինչին ես պատրաստ չէի՝ իմ «կազմաւորման օճախս» եղող ու որոշապէս հրապարակագրի եւ խմբագրի ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆս հանդիսացած «Ազդակ»ը եւ անոր երեք տարուան անփորձ տնօրէն ընկերս՝ Վաչէ Տարագճեանը իրենց «իւղով տապկուելու» բախտին չլքելու տրամաբանութեամբ։

Այս բոլորը մանրամասնութեամբ կը յիշեմ՝ որովհետեւ նկարագրով ու վարքուբարքով ԱՆՀԱՄԱՏԵՂԵԼԻ այս ԵՐԵՔ անհատականութեանց միջեւ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ իւրայատուկ, թերեւս նաեւ ՉԳԻՏԱԿՑՈՒԱԾ ԿԱՊ մը կար։

Ժամանակները բերին այնպէս, որ անոնք` երեքն ալ մասնակից եղան Դաշնակցութեան մեր ժամանակներու շրջադարձային ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎին, որ 1972ին Վիեննայի մէջ գումարուած Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհանուր Ժողովն էր։

Մինչ Հրայր Մարուխեան եւ Սարգիս Զէյթլեան ՏԱՐԵԿԻՑՆԵՐ էին՝ յաջորդաբար 1928ի եւ 1930ի ծնունդ ըլլալով, անդին Վաչէ Տարագճեան աւելի քան 15 տարիով կրտսեր էր՝ 1945-1946ի ծնունդ ըլլալով։

Նաեւ՝ կուսակցական ցենզի ու վաստակի առումով, անշուշտ, բաղդատական եզր չկար երեքին միջեւ։

Աւելի՛ն․ մինչ Հրայր Մարուխեան արդէն Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչի, իսկ Սարգիս Զէյթլեան Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կ․Կոմիտէի ներկայացուցիչի ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ հանգամանքներով կը մասնակցէին ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ եւ ՈՒՂԵԳԻԾ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼՈՒ կոչուած այդ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ժողովին, Վաչէ Տարագճեան պարզապէս Հ․Յ․Դ․ «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան կողմէ ընտրուած պատգամաւոր էր, որ թէեւ վարչական ալ չէր, բայց այդ տարիներուն Ուսանողականը վերանորոգած եւ մեծամասնութեան կշիռ ստացած պուրճ-համուտցի զաւարեանականներուս վստահութիւնն ու համարումը կը վայելէր։

*
* *

Ամէն պարագայի, Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհանուր Ժողովին, ընկերներ Հ․ Մարուխեանի եւ Ս․ Զէյթլեանի միացեալ նախաձեռնութեամբ, ամուր հիմերու վրայ դրուեցաւ 1963ի Հ․Յ․Դ․ 18րդ Ընդհանուր Ժողովին ճամբայ ելած եւ այդ ժողովին ընտրուած Բիւրոյի ներկայացուցիչին՝ ընկեր բժիշկ ԱՏՈՒՐ ԳԱՊԱՔԵԱՆի շուրջ խմբուած երիտասարդ ու մտաւորական դաշնակցականներու ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ կեանքի կոչելու գաղափարական շարժումը, որ այդ օրերու Բիւրոյի կազմին մէջ ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆի եւ ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի, ապա 1967ին ընկեր ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆի Բիւրօ ընտրութեամբ իր կտրած ուղին ամբողջացուց եւ ամրագրեց ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի Բիւրօ ընտրութեամբ։

(Այլ առիթով անդրադարձի արժանի են այս ՔԱՌԵԱԿէն դուրս պահուած անունները իրերայաջորդ Բիւրոներու մէջ անոնց գործակից ու ուղեկից ԲԻՒՐՈՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ՝ ընկեր ՎԱՉԻԿ ՂԱՐԱԲԷԿԵԱՆի, ընկեր ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆի, տոքթ․ ՀՐԱՉ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի, ընկեր ԿԱՐՕ ՄԵՀԵԱՆի եւ միւս ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ

Յուշապատումի այս պատառիկի մեկնակէտին պարագայաբար չէր, որ առանձնացուեցաւ անունը հանգուցեալ ընկեր Վաչէ Տարագճեանի։

20րդ Ընդհանուր Ժողովին ան համարձակօրէն հնչեցուցած էր մեր սերունդին բարձրաձայնած ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋը՝ Պուրճ Համուտը ձերբազատելու Դաշնակցութեան դրօշին տակ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ զինուորագրուած, բայց ժամանակի ընթացքին ԲԱՐՈՅԱՊԷՍ ԱՅԼԱՍԵՐԱԾ ու ՍԱՅԹԱՔԱԾ վնասակար տարրերէն․․․

Հ․Յ․Դ․ Քսաներորդ Ընդհանուր Ժողովէն Պէյրութ վերադարձին, ընկերս ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ կը փոխանցէր, որ այդ ժողովին ինք իր ԿՐԱԿԻ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆը ստացաւ իբրեւ Դաշնակցականի, որովհետեւ տեսաւ եւ իր փոքր ներդրումով հաստատեց, թէ ինչպէ՜ս՝

– «Դաշնակցութիւնը թեւակոխեց ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի դարաշրջանը»։Իր կարգին ընկեր Հրայր աւելի քան չորս տարի՝ 1977էն մինչեւ 1982, աշխարհի չորս ծագերուն մեր ընկերներուն եւ մարմիններուն ներկայացուց Վաչէ Տարագճեանին՝ իբրեւ իր վստահութեան արժանի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԳՈՐԾԻՉի։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *