Նամականի

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝ ՄԻՖԵՐ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Մաս 1)

Արտավազդ Տէր Մարկոսեան

Ամիսներ առաջ, խումբ մը նախկին կուսակցականներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ «Մեր Ուղին» գաղափարական շարժումը եւ ընկերաքաղաքական հարթակը: Այդ օրէն ի վեր, ՀՅԴ անունով գործող կուսակցութեան հայաստանեան թեւի ապագաղափարական «ղեկավարներ»ը բացայայտ ու գաղտնի քարոզչական պայքար մը սկսան «Մեր Ուղին»ի դէմ: «Մեր Ուղին» գաղափարական շարժումը վարկաբեկելու միտող այս արշաւի ընթացքին օգտագործուեցան եւ դեռ կ’օգտագործուին ոչ միայն կուսակցական ժողովներու ընձեռած հարթակները, այլեւ՝ բազմատեսակ ֆէյքերն ու սոցիալական տարբեր ցանցերը: 

Տեսնենք, թէ «Մեր Ուղին»ի մասին ի՞նչ կը տարածեն Հայաստանի մէջ ՀՅԴ անունը վարկաբեկած կուսակցական «շէֆ»երը.

ՄԻՖ ԱՌԱՋԻՆ՝ «Մեր Ուղին»ը կուսակցութիւնը պառակտելու համար ստեղծուած շարժում մըն է, որ իր նախկիններու՝ «միհրանական»ներու, «մարտկոցական»ներու, «տարօնական»ներու, «վերականգնողական»ներու նման պիտի անհետանայ հրապարակէն, իսկ ՀՅԴն կայ ու պիտի մնայ:

Իսկ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ի՞նչ է: Իրականութիւնը այն է, որ «Մեր Ուղին» ոչ կը յաւակնի Դաշնակցութիւնը պառակտելու, եւ ոչ ալ նպատակ ունի յաւիտեանս մնալու այս մոլորակին վրայ: Ընդհակառակը, եթէ Դաշնակցութիւնը պառակտող մը կայ, այն ալ այսօրուայ բիւրոյագերագոյնմարմնականներն են, որոնք անցնող տարիներուն բազմահարիւր դաշնակցականներու վտարման վճիռ ստորագրած են կամ պատճառ դարձած են անոնց հրաժարումին: Հայաստանի մէջ, հեռացուած ու հրաժարած դաշնակցականներու թիւը մի քանի անգամ աւելի է ներկայ կուսակցականներու քանակէն… Ասկէ աւելի լաւ պառակտում ո՞վ կրնար հրամցնել մեր թշնամիներուն: «Մեր Ուղին»ի նպատակը ոչ թէ Դաշնակցութիւնը պառակտել է, այլեւ՝ Դաշնակցութիւնը վերադարձնել իր գաղափարական ակունքներուն: Ճիշդ է, որ բազմաթիւ կուսակցականներ այս օրերուն կապի մէջ են «Մեր Ուղին»ի հետ եւ կ’ուզեն հրաժարիլ կուսակցութենէն: «Մեր Ուղին»ի խրատը մէկն է՝ մի հրաժարիք, այլ մնացէ՛ք եւ պայքարեցէ՛ք ՀՅԴ անունը գետնին հաւասարեցուցած, բայց Դաշնակցութեան սանդուղքով քաղաքական բարձր բեմեր բարձրացած ապագաղափական հտպիտներուն դէմ: Կը վերադառնա՞յ ՀՅԴն իր արժէքներուն, այդ ատեն անիմաստ կ’ըլլայ «Մեր Ուղին» գոյութիւնը: Կը մնա՞յ ՀՅԴն այսօրուայ իր ճահճահուտին մէջ, այդ ատեն «Մեր Ուղին» կը մնայ զարթնեցնող ահազանգ, խարազանող մտրակ, նոյնիսկ երբ կ’ենթարկուի բիւրոյագերագոյնմարմնականներու կազմակերպած տեղեկատուական տեռորին…

ՄԻՖ ԵՐԿՐՈՐԴ՝ «Մեր Ուղին»ը այսօրուան իշխանութիւններուն գործիքն է, Նիկոլ Փաշինեանի ստեղծածը: «Մեր Ուղին»ի միջոցով, իշխանութիւնները կ’ուզեն իրենց քաղաքականութիւնը պարտադրել Դաշնակցութեան:

Իսկ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ի՞նչ է: Իրականութիւնը այն է, որ «Մեր Ուղին»ի շարժումին շուրջ հաւաքուած դաշնակցականները Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն շատ աւելի առաջ կը պայքարէին Հայաստանի մէջ ԻՍԿԱԿԱՆ փոփոխութիւններու, եւ ոչ թէ Սերժին, Քոչարեանին եւ անոնց ծառայողներուն համար կատարուող ՁԵՒԱԿԱՆ փոփոխութիւններու համար: «Մեր Ուղին»ի շուրջ հաւաքուած դաշնակցականներէն շատեր կուսակցութենէն հեռացուեցան ճիշդ ա՛յս պատճառով: Հեռացուեցան, պարզապէս որովհետեւ կը պայքարէին իշխանութիւններու գրպանը մտած կուսակցական շէֆերու քաղաքական ԱՄՕԹԱԼԻ գիծին դէմ: Կը պայքարեին անոնց ԱՊՕՐԻՆԻ հարստացման դէմ, կը պայքարեին կոռուպցիան հովանաւորող, արտագաղթը բարիք համարող, Արցախի հողերը սակարկութեան հանած իշխանութիւններու եւ անոնց հետ դաշինք կնքած կուսակցական շահամոլ խմբակին դէմ: Այո, երբ դեռ չկային Նիկոլն ու նիկոլականները, «Մեր Ուղին»ի շուրջ հաւաքուած դաշնակցականները այդ օրերուն կը պայքարէին Դաշնակցութեան ԱՆԿԱԽ որոշումը սերժաքոչարեանական քրէաօլիգարխիկ իշխանութիւններուն ՅԱՆՁՆԱԾ անարժան ղեկավարներու դէմ: Պարզ չէ՞, թէ ո՞վ ծախուած էր իշխանութիւններուն, ովքե՞ր իրենց քաղաքականութիւնը պարտադրած էին կուսակցութեան: «Մեր Ուղի՞ն», որ ոչ մէկ պաշտօն եւ ՈՉ ՄԷԿ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ կապ ունի իշխող ուժին եւ Նիկոլ Փաշինեանին հետ, թէ բիւրոյագերագոյնմարմնականները, որոնք տարիներ շարունակ քոչարեանասերժական իշխանութիւններուն մէջ բարձր դիրքեր գրաւեցին եւ վայելեցին իշխանական բոլոր բարիքները… «Մեր Ուղին»ը ոչ թէ այսօրուան իշխանութիւններուն ծառան է, այլ ծառան է 2018-ի համաժողովրդային յեղափոխութեան գաղափարներուն եւ անոր յայտարարած արժէքներուն՝ ժողովրդավարութիւն, արդարութիւն, հայ մարդու արժանապատւութեան պաշտպանութիւն եւ արմատական բարեփոխումներ՝ ուժեղ եւ զարգացած երկիր ունենալու համար:

Նիկոլ Փաշինեանը վաղը կրնայ երթալ, բայց այս արժէքները կը մնան, եւ «Մեր Ուղին»ը թիկունք կը կանգնի բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին այս արժէքները կեանքի կոչելու համար: «Մեր Ուղին»ը իր էութեամբ յեղափոխական է եւ հայ ժողովուրդի յեղափոխութեան հետ է եւ դէմ՝ հայ ազգի արդար քրտինքը շահագործող ԲՈԼՈՐ ցեցերուն, իսկ թէ ո՞վ քաղաքական սիրաբանութիւն կատարած է հայ ժողովուրդի արդար քրտինքը կողոպտած քրէաօլիգարխիկ իշխանութիւններու հետ՝ դու՛ք դատեցէք…

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *