ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ․ Հայկական Յեղափոխութեան Ազգային Ազատագրումի Ռազմավարութեան Դաշնակցական Գաղափարախօսը

Յուշապատում

Ն. Պէրպէրեան

Գիտցողը գիտէ՛ Վարանդի եւ իմ ԿԱՊը, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՊՈՐՏԱԿԱՊ էր։

Եւ արտասովոր չէր, որ ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆի անակնկալ մահուան գոյժը հազիւ կարդացած՝ դաշնակցական եւ կուսակցական ընկեր մը ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ յայտնեց ինծի ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏիս համար․․․

Ընկեր Վարանդի մահով պատմութեան կը յանձնուի վերջին ՄԱՐՏՈՒՆԱԿը դաշնակցական մեր սերունդին ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ դիրքերուն վրայ ԲԱՐՁՐԱՀԱՍԱԿ կանգնած ԴՐՕՇԱԿԻՐներուն՝
ՍԱԳՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ, ՎԱՉԷ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ եւ ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ։
Վարանդ երիցագոյնն էր ԵՐԵՔին – գոնէ հինգ տարիով – եւ խորքին մէջ, իբրեւ ճեմարանական սերունդի, այնքան ալ սերնդակիցի ընկերութիւն չէր ունեցած Սագոյին եւ Վաչէին հետ։

Բայց 1975ին Լիբանանի մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմին հետ մեր կեանքէն ներս արձանագրուած շրջադարձային վերիվայրումներու շարքին՝ Դաշնակցութիւնը մեծ դռնէն մուտք գործեց իր ղեկավարութիւնը ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑՆԵԼՈՒ վերանորոգման փուլ, որովհետեւ նոյնինքն Հ․Յ․Դ․ կազմակերպութիւնը՝ հայահոծ իր թաղամասերով եւ ՊԱՀԱԿ ՄԵՐ ՏՂՈՑ խուռներամ ներկայութեամբ վերաթարմացած մեր ակումբներով, շատ արագ․․․ երիտասարդացաւ թէ՛ սերունդով, թէ՛ գաղափարական բովանդակութեամբ։
Այդ մէկը յուշապատումի առանձին նիւթ է, որուն անկասկած յաճախ անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը պիտի առաջանայ, որովհետեւ մինչեւ այսօրուան մեր կեանքը լուսարձակի տակ բերող զարգացումներու ԱԿՈՒՆՔը հոն կը գտնուի։

Ամէն պարագայի, 1976ի ամրան աւարտին տեղի ունեցած Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Շրջանային Ժողովին, երիտասարդներու մեր խումբը յաջողեցաւ շրջանաւարտ Կ․Կ․ի ԴԱՍԱԼԻՔ ընկերներուն փոխարէն Կեդրոնական Կոմիտէի փոքրաթիւ կազմ մը առաջացնել՝ իբրեւ անոր երիտասարդական առանցքային կորիզ ընտրելով ընկերներ Վարանդ Փափազեանն ու Սագօ Սարգիսեանը։

Այդ օրերուն ես մօտիկութիւն չունէի Վարանդին հետ, բայց ունէի այն ներքին համոզումը, որ Սագոյի ՅԱԽՈՒՌՆ նկարագիրն ու ՂԵԿԱՎԱՐի յաւակնութիւնը հաւասարակշռելու առումով իրապէս ԲԱՐԵԽԱՌՆՈՂ կրնար ըլլալ Վարանդի ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ գաղափարապաշտութիւնը։

Սագօ եւ Վարանդ իրենց Կ․Կ․ի պատասխանատուութեան առաջին կենսափորձը մաշեցուցին անվերջ վէճերով ու բախումներով, որոնք ի վերջոյ ներքնապէս տկարացուցին երիտասարդական մեր շարժումին միասնականութիւնը, այլեւ իրարմէ հեռացուցին եւ մինչեւ իսկ իրարու հակադրեցին այլապէս Հայ Դատի ուժական պայքարին եւ «Դաշնակցութեան երիտասարդացումին, քաղաքականացումին ու յեղափոխականացումին» ԴՐՕՇԱԿԻՐ այս ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ երկեակը։

Ընկեր Վարանդ այնուհետեւ լրիւ փակեց Կ․Կ․ի իր հետագայ անդամակցութեան էջը, թէեւ նոյնիսկ եթէ ինք ուզէր եւ մենք՝ երիտասարդներս ալ իրեն զօրավիգ կանգնէինք, ընկերներ ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆով եւ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆով ներկայացուած ատենի Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն ընդհանրապէս ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ կը ցուցաբերէր ամէն անգամ, երբ երիտասարդներուս կողմէ ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆի անունը կ՚առաջադրուէր իբրեւ Հ․Յ․Դ․ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒ։

*
* *

Գիտցողը գիտէ, որ ընկեր Վարանդ դիտմամբ դուրս պահուեցաւ Լիբանանի մէջ, 1979ի «անկինադարձային» Շրջանային Ժողովին, երիտասարդական մեր շարժումին կեանքի կոչած անդրանիկ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ Կ․ ԿՈՄԻՏԷի կազմէն, որմէ դուրս մնացած էր նաեւ ընկեր Սագօ, որ սրտի լուրջ կաթուածէ վերապրած էր եւ լուրջ հանգիստի պէտք ունէր, ինչը ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ էր անոր օրինակով ԿՐԱԿԷ ԽՄՈՐ ունեցող դաշնակցականին համար․․․

1979-1980ի երիտասարդ Կ․Կ․ի օրով էր, որ երիտասարդական մեր շարժումը մշակեց եւ հրապարակեց ԼԻԱԶՕՐ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐով գործելու Հ․Յ․Դ․ կազմակերպական սկզբունքը, որուն ՋԱՏԱԳՈՎը նոյնինքն օրուան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն էր, որ իր ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՂ դէմքերով այդ շրջանին հրապարակ նետուած էր՝ բուռն բանավէճ ծաւալելով ոչ միայն կազմակերպական-կուսակցական, այլեւ գաղափարախօսական-քաղաքական հիմնական հարցերու շուրջ։

Այդ օրերուն սկսաւ Վարանդ Փափազեանի հետ անքակտելի մեր կապը՝ մանաւանդ երբ նշանակուեցանք Կ․Կ․ի ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ լիազօր Մարմնի անդամ ու պատասխանատու։ Թէեւ Կ․Կ․ը յստակացուցած չէր որեւէ պատկերացում կամ յանձնարարութիւն մեր մարմնէն սպասուած աշխատանքին մասին, բայց երկուքով եւ մեր լիազօր մարմնի ընկերներով ձեռնարկեցինք ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑի մը պատրաստութեան։ Ուղեցոյցը օգտագործելի պիտի ըլլար թէ՛ պատանեկան միութեանց, թէ՛ երիտասարդական եւ ուսանողական միութեանց, թէ ընդհանրապէս շարքերուն համար։ Երկար, շատ երկար աշխատեցանք Ուղեցոյցին վրայ, որ ոչ միայն իր տեսակին մէջ բացառիկ յաջողութիւն ունեցաւ՝ մեքենագրուած համապարփակ գիրք մը դառնալով, այլեւ գաղափարական վերաթարմացման ու հասունացման անկինաքար մը եղաւ Հ․Յ․Դ․ Ծրագրի վերամշակման այդ փուլին կարեւոր ներդրում ունեցած ընկերներուս՝ յատկապէս Վարանդի եւ իմ միջեւ։
Գաղափարական մեր մտերմութիւնը նաեւ ամուր բարեկամութեամբ կնքուեցաւ, տարիներով իրարու խօսակիցը եւ վստահելին եղանք, այն աստիճան՝ որ 1986ին, երբ Բիւրոյի կեդրոնական գրասենեակը Աթէնք տեղափոխելու որոշումը տրուեցաւ 1985ի Հոկտեմբերին գումարուած Հ․Յ․Դ․ 23րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, Պէյրութի մէջ իմ ապրած բնակարանս իրեն հոգատարութեան եւ օգտագործման յանձնեցի։

(Ի դէպ, այդ Ընդհանուր Ժողովին ի վերջոյ յաջողեցանք Վարանդը իրաւասու քուէով պատգամաւոր ընտրել՝ հակառակ ընկեր Հրայր Մարուխեանի առարկութեան եւ ընդդիմութեան)։

Նոյն այդ Ընդհանուր Ժողովին սկսաւ ընկեր Վարանդ Փափազեանը Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի կազմին ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ անդամ ընտրելու շուրջ քսան տարուան իմ հետեւողական եւ անտեղիտալի պայքարս։

*
* *

Սակաւաթիւ են գիտցողները, որ 1986ի Յունուարին, Պէյրութէն Աթէնք գալու եւ «ԴՐՕՇԱԿ»ի հրատարակութեան Աթէնքեան շրջանի խմբագրութիւնը ընկեր ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆի հետ ստանձնելու համար, Պէյրութի սահմանագիծի անապահովութեան նկատառումով, ես պարտաւորուեցայ ընկերոջս՝ Վարանդի տունը գիշերելու եւ առաւօտ կանուխ օդակայան երթալու․․․

Վարանդ մեկնումիս առիթը իմաստաւորած էր ԱԹԷՆՔԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆս հաշւոյն այդ գիշեր իր տան մէջ ՈՂՋԵՐԹ կազմակերպելով՝ Փափազեաններու, Ալեքսանդրեաններու եւ օրեր ետք Գաղտնի Բանակի ձեռամբ սպաննուած ընկեր ԼԵՒՈՆԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի (որ ի դէպ մօրեղբայրն էր Վարանդի) ներկայութեան։ Բոլորիս հպարտութիւնն էր ընկեր Հրայրը եւ իմ ուսերուս կը ծանրանար, իբրեւ «ԴՐՕՇԱԿ»ի խմբագիրի, Բիւրոյի «ընկեր ներկայացուցիչ»ը վատ ազդեցութիւններու դէմ պաշտպանելու պարտականութիւնը։

Շուրջ տասը տարի, մինչեւ 1994ին ընկեր Հրայրի եղերական կաթուածը եւ անկենդան անկողնոյ ծառայելը, ես տէր կանգնեցայ իմ այդ պարտականութեանս՝ բան մըն ալ աւելի ընելով, որ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ մեր ընկերոջ մօտ Վարանդի արժէքն ու արժանաւորութիւնը հիմնաւորելու եւ բարձրացնելու անդուլ ճիգն էր։
Գիտցողը գիտէ, որ ընկեր Հրայր ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ մնաց Վարանդի առջեւ ոչ միայն Բիւրոյի անդամակցութեան, այլեւ Ընդհանուր Ժողովներու իրաւասու մասնակցութեան դուռը փակելու իր ՄԵՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մէջ։
Նոյնպէս գաղտնիք չէ, որ Վարանդ Փափազեան 1985ի Ընդհանուր Ժողովին Հրայր Մարուխեանի վարքագծին դէմ իր սկսած ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒը անխոնջ շարունակեց մինչեւ 1995ի Հ․Յ․Դ․ Ընդհանուր Ժողովը Լաքլուքի մէջ, Լիբանան։
Այսօրուան պէս կը յիշեմ Վարանդի իւրայատուկ սեւ հիւմուրով ակնարկութիւնները՝ ընկեր Հրայրի նախասիրած «Հ․Յ․Դ․ Համաշխարհային Բիւրոյի նախագահ» տիտղոսին, որ Հ․Յ․Դ․ Մամլոյ Դիւանի լրատուութեամբ կը բազմէր մեր մամուլի առաջին էջերուն վրայ․․․

Ինչպէս որ մտահան չեմ կրնար ընել 1992ի սկիզբը, Աթէնքի մեր գրասենեակին մէջ, ընկեր Հրայրի յանձնարարութեամբ ցուցադրուած եւ Բիւրոյի Հայաստանի գրասենեակէն ստացուած տեսերիզը, ուր օտար լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիս կ՚ունենար Արցախի Գերագոյն Խորհուրդի նորընտիր նախագահ ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆը, որուն կողքին իբրեւ քաղաքական խորհրդական ներկայացուած էր ընկեր Վարանդը․․․ Չեմ մոռնար ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆը ընկեր Հրայրին, որ կը կրկնէր, թէ ո՞վ իրաւունք տուաւ Վարանդին կամ ո՞ր գործիչը իրաւունք ունի այդպէս կուսակցականացնելու Արցախի նախագահական հաստատութիւնը։

Անկախ ամէն ինչէ, չգիտցողը պէտք է գիտնայ, որ ընկեր Վարանդ Փափազեան ոչ թէ Բիւրոյի որոշումով, այլ բացառապէս իր սեփական նախաձեռնութեամբ նուիրուեցաւ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան «վերընձիւղման» ԳՈՐԾին մաս կազմելու ԳՈՐԾԻՉԱՅԻՆ առաքելութեան, իսկ ընկեր Հրայր վերջին հաշուով միայն յետ փաստի վաւերականութիւն տուաւ անձնական այդ յաջողած նախաձեռնութեան։

*
* *

Ընկեր Վարանդ Փափազեանի մասին արժեւորման խօսք եւ յիշողութիւններ հրապարակելու բարոյական պարտքին տակ ենք բոլորս, նոյնիսկ անոնք՝ որոնք նկարագրային կամ բնաւորութեան գիծերով պատճառներ ունեցած են հեռաւորութիւն պահելու իրմէ։

Անձնապէս ես հինգ տարիէ ի վեր գրեթէ ոչ մէկ կապ ունեցած եմ անմոռանալի Վարանդին հետ, որուն ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ու ԱՆՁՆԱԴՐՈՇՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆը օրինակելի պիտի մնան։

Վարանդին կապուած հրապարակման արժանի շատ նիւթ կայ յիշողութեանս մէջ․ պահեր եւ խոհեր՝ որոնք միաժամանակ լոյս կը սփռեն վերջին կէս դարու Հ․Յ․Դ․ հոլովոյթին վրայ, որուն գլխաւոր հունաւորողներէն է քանի մը օր առաջ վախճանած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆը։

Յուշապատումի այս առաջին էջը ինքնին շատ տարածուեցաւ եւ հարկ է խօսուն պահուան մը վերյուշով, այսօրուան համար, եզրափակել Վարանդ Փափազեանի մտերմութեան լոյսին տակ մեր կուսակցութեան կտրած ճանապարհի ինքնաճանաչման նուիրուած խորհրդածութիւնները։

2004ի Յունուարին էր, որ Ծաղկաձորի մէջ գումարուած Հ․Յ․Դ․ հերթական Ընդհանուր Ժողովի աւարտին, աւտոպիւսով, հասարակ մահկանացու ժողովականներս խմբովին կը վերադառնայինք Երեւան։

Վարանդին հետ կողք-կողքի նստած կը զրուցէինք։ Իր դէմքին արտահերթ ԲԱՒԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ զգացում մը կ՚իշխէր, իսկ ես ծայր աստիճան սրտնեղած էի, որովհետեւ երկու տասնամեակ իր Բիւրօ ընտրութեան համար պայքարելէս եւ, ի վերջոյ, ժողովականներու քուէներուն վրայ այս կամ այն ձեւով հակակշիռ ունեցող «ղեկավար» ընկերներու համաձայնութիւնը ապահովելէս ետք, Վարանդ մերժած էր դրականօրէն ընդառաջելու իրեն մօտեցած Լիբանանի կազմակերպական շրջանի պատգամաւորութեան միացեալ դիմումին՝ Բիւրօ ընտրուելու առաջարկին:
Վարանդ չուզեց, որ երկար տեւէ․․․ տառապանքս։ Իր հանդարտ ոճով եւ բառերը հատիկ-հատիկ արտասանելով ըսաւ․
– Նազօ, կեանքիս ամէնէն ՈՒՐԱԽ ՊԱՀը կ՚ապրիմ։ Ի Վերջոյ Դաշնակցութեան աստուածը հնարաւորութիւնը տուաւ ինծի, որ տասնամեակներով իմ Բիւրօ ընտրուելուս դէմ պայքարած մարդիկ ոտքիս գան եւ պաշտօնապէս դիմեն, որ զիրենք ներկայացնեմ Բիւրոյի կազմին մէջ եւ ես․․․ շնորհակալութիւն յայտնելով՝ ՄԵՐԺԵՑԻ։

Այդպիսով Վարանդ Փափազեան վերջակէտ դրաւ Դաշնակցութեան ՈՒՂԻՆ հունաւորելու եւ առաջնորդելու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ իր երկարամեայ ոգորումին։
Բայց շարունակեց պատնէշի վրայ հաստատակամ կանգուն մնալ՝ իբրեւ յառաջապահ մը Հայկական Յեղափոխութեան Ազգային Ազատագրումի Ռազմավարութեան Դաշնակցական Գաղափարախօսութեան, որ կը հանդիսանայ նաեւ իր ԿՏԱԿը։

Տես՝
Վարանդ Փափազեան․- «Ազգային Ինքնութիւն Եւ Հ․Յ․ Դաշնակցութիւն» Azdagdaly.com

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *