13.5 C
Yerevan

ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ․ Հայկա­կան Յեղա­փո­խութեան Ազգա­յին Ազա­տագրումի Ռազմա­վա­րութեան Դաշնակցա­կան Գաղա­փա­րա­խօ­սը

Յուշա­պա­տում

Ն. Պէրպէ­րեան

Գիտցո­ղը գիտէ՛ Վարանդի եւ իմ ԿԱՊը, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՊՈՐՏԱԿԱՊ էր։

Եւ արտա­սո­վոր չէր, որ ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱ­ԶԵԱ­Նի անակնկալ մահուան գոյժը հազիւ կարդա­ցած՝ դաշնակցա­կան եւ կուսակցա­կան ընկեր մը ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ յայտնեց ինծի ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏիս համար․․․

Ընկեր Վարանդի մահով պատմութեան կը յանձնուի վերջին ՄԱՐՏՈՒՆԱԿը դաշնակցա­կան մեր սերունդին ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ դիրքե­րուն վրայ ԲԱՐՁՐԱՀԱՍԱԿ կանգնած ԴՐՕՇԱԿԻՐներուն՝
- ՍԱԳՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ, ՎԱՉԷ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ եւ ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ։
Վարանդ երի­ցա­գոյնն էր ԵՐԵՔին – գոնէ հինգ տարիով — եւ խորքին մէջ, իբրեւ ճեմա­րա­նա­կան սերունդի, այնքան ալ սերնդա­կի­ցի ընկե­րութիւն չէր ունե­ցած Սագո­յին եւ Վաչէին հետ։

Բայց 1975ին Լիբա­նա­նի մէջ բռնկած քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմին հետ մեր կեանքէն ներս արձա­նագրուած շրջա­դարձա­յին վերի­վայրումնե­րու շարքին՝ Դաշնակցութիւնը մեծ դռնէն մուտք գործեց իր ղեկա­վա­րութիւնը ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑՆԵԼՈՒ վերա­նո­րոգման փուլ, որովհե­տեւ նոյնինքն Հ․Յ․Դ․ կազմա­կերպութիւնը՝ հայա­հոծ իր թաղա­մա­սե­րով եւ ՊԱՀԱԿ ՄԵՐ ՏՂՈՑ խուռնե­րամ ներկա­յութեամբ վերա­թարմա­ցած մեր ակումբնե­րով, շատ արագ․․․ երի­տա­սարդա­ցաւ թէ՛ սերունդով, թէ՛ գաղա­փա­րա­կան բովանդա­կութեամբ։
Այդ մէկը յուշա­պա­տումի առանձին նիւթ է, որուն անկասկած յաճախ անդրա­դառնա­լու անհրա­ժեշտութիւնը պիտի առա­ջա­նայ, որովհե­տեւ մինչեւ այսօ­րուան մեր կեանքը լուսարձա­կի տակ բերող զարգա­ցումնե­րու ԱԿՈՒՆՔը հոն կը գտնուի։

Ամէն պարա­գա­յի, 1976ի ամրան աւարտին տեղի ունե­ցած Հ․Յ․Դ․ Լիբա­նա­նի Շրջա­նա­յին Ժողո­վին, երի­տա­սարդնե­րու մեր խումբը յաջո­ղե­ցաւ շրջա­նաւարտ Կ․Կ․ի ԴԱՍԱԼԻՔ ընկերնե­րուն փոխա­րէն Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէի փոքրա­թիւ կազմ մը առա­ջացնել՝ իբրեւ անոր երի­տա­սարդա­կան առանցքա­յին կորիզ ընտրե­լով ընկերներ Վարանդ Փափա­զեանն ու Սագօ Սարգի­սեա­նը։

Այդ օրե­րուն ես մօտի­կութիւն չունէի Վարանդին հետ, բայց ունէի այն ներքին համո­զումը, որ Սագո­յի ՅԱԽՈՒՌՆ նկա­րա­գիրն ու ՂԵԿԱՎԱՐի յաւակնութիւնը հաւա­սա­րակշռե­լու առումով իրա­պէս ԲԱՐԵԽԱՌՆՈՂ կրնար ըլլալ Վարանդի ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ գաղա­փա­րա­պաշտութիւնը։

Սագօ եւ Վարանդ իրենց Կ․Կ․ի պատասխա­նա­տուութեան առա­ջին կենսա­փորձը մաշե­ցուցին անվերջ վէճե­րով ու բախումնե­րով, որոնք ի վերջոյ ներքնա­պէս տկա­րա­ցուցին երի­տա­սարդա­կան մեր շարժումին միասնա­կա­նութիւնը, այլեւ իրարմէ հեռա­ցուցին եւ մինչեւ իսկ իրա­րու հակադրե­ցին այլա­պէս Հայ Դատի ուժա­կան պայքա­րին եւ «Դաշնակցութեան երի­տա­սարդա­ցումին, քաղա­քա­կա­նա­ցումին ու յեղա­փո­խա­կա­նա­ցումին» ԴՐՕՇԱԿԻՐ այս ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ երկեա­կը։

Ընկեր Վարանդ այնուհե­տեւ լրիւ փակեց Կ․Կ․ի իր հետա­գայ անդա­մակցութեան էջը, թէեւ նոյնիսկ եթէ ինք ուզէր եւ մենք՝ երի­տա­սարդներս ալ իրեն զօրա­վիգ կանգնէինք, ընկերներ ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆով եւ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆով ներկա­յա­ցուած ատե­նի Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն ընդհանրա­պէս ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ կը ցուցա­բե­րէր ամէն անգամ, երբ երի­տա­սարդնե­րուս կողմէ ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆի անունը կ՚առաջադրուէր իբրեւ Հ․Յ․Դ․ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒ։

*
* *

Գիտցո­ղը գիտէ, որ ընկեր Վարանդ դիտմամբ դուրս պահուե­ցաւ Լիբա­նա­նի մէջ, 1979ի «անկի­նա­դարձա­յին» Շրջա­նա­յին Ժողո­վին, երի­տա­սարդա­կան մեր շարժումին կեանքի կոչած անդրա­նիկ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ Կ․ ԿՈՄԻՏԷի կազմէն, որմէ դուրս մնա­ցած էր նաեւ ընկեր Սագօ, որ սրտի լուրջ կաթուա­ծէ վերապրած էր եւ լուրջ հանգիստի պէտք ունէր, ինչը ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ էր անոր օրի­նա­կով ԿՐԱԿԷ ԽՄՈՐ ունե­ցող դաշնակցա­կա­նին համար․․․

1979–1980ի երի­տա­սարդ Կ․Կ․ի օրով էր, որ երի­տա­սարդա­կան մեր շարժումը մշա­կեց եւ հրա­պա­րա­կեց ԼԻԱԶՕՐ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐով գործե­լու Հ․Յ․Դ․ կազմա­կերպա­կան սկզբունքը, որուն ՋԱՏԱԳՈՎը նոյնինքն օրուան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն էր, որ իր ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՂ դէմքե­րով այդ շրջա­նին հրա­պա­րակ նետուած էր՝ բուռն բանա­վէճ ծաւա­լե­լով ոչ միայն կազմա­կերպա­կան-կուսակցա­կան, այլեւ գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան-քաղա­քա­կան հիմնա­կան հարցե­րու շուրջ։

Այդ օրե­րուն սկսաւ Վարանդ Փափա­զեա­նի հետ անքակտե­լի մեր կապը՝ մանաւանդ երբ նշա­նա­կուե­ցանք Կ․Կ․ի ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ լիա­զօր Մարմնի անդամ ու պատասխա­նա­տու։ Թէեւ Կ․Կ․ը յստա­կա­ցուցած չէր որեւէ պատկե­րա­ցում կամ յանձնա­րա­րութիւն մեր մարմնէն սպա­սուած աշխա­տանքին մասին, բայց երկուքով եւ մեր լիա­զօր մարմնի ընկերնե­րով ձեռնարկե­ցինք ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑի մը պատրաստութեան։ Ուղե­ցոյցը օգտա­գործե­լի պիտի ըլլար թէ՛ պատա­նե­կան միութեանց, թէ՛ երի­տա­սարդա­կան եւ ուսա­նո­ղա­կան միութեանց, թէ ընդհանրա­պէս շարքե­րուն համար։ Երկար, շատ երկար աշխա­տե­ցանք Ուղե­ցոյցին վրայ, որ ոչ միայն իր տեսա­կին մէջ բացա­ռիկ յաջո­ղութիւն ունե­ցաւ՝ մեքե­նագրուած համա­պարփակ գիրք մը դառնա­լով, այլեւ գաղա­փա­րա­կան վերա­թարմացման ու հասունացման անկի­նա­քար մը եղաւ Հ․Յ․Դ․ Ծրագրի վերամշակման այդ փուլին կարեւոր ներդրում ունե­ցած ընկերնե­րուս՝ յատկա­պէս Վարանդի եւ իմ միջեւ։
Գաղա­փա­րա­կան մեր մտերմութիւնը նաեւ ամուր բարե­կա­մութեամբ կնքուե­ցաւ, տարի­նե­րով իրա­րու խօսա­կի­ցը եւ վստա­հե­լին եղանք, այն աստի­ճան՝ որ 1986ին, երբ Բիւրո­յի կեդրո­նա­կան գրա­սե­նեա­կը Աթէնք տեղա­փո­խե­լու որո­շումը տրուե­ցաւ 1985ի Հոկտեմբե­րին գումա­րուած Հ․Յ․Դ․ 23րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին կողմէ, Պէյրութի մէջ իմ ապրած բնա­կա­րանս իրեն հոգա­տա­րութեան եւ օգտա­գործման յանձնե­ցի։

(Ի դէպ, այդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին ի վերջոյ յաջո­ղե­ցանք Վարանդը իրաւա­սու քուէով պատգա­մաւոր ընտրել՝ հակա­ռակ ընկեր Հրայր Մարուխեա­նի առարկութեան եւ ընդդի­մութեան)։

Նոյն այդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին սկսաւ ընկեր Վարանդ Փափա­զեա­նը Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի կազմին ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ անդամ ընտրե­լու շուրջ քսան տարուան իմ հետեւո­ղա­կան եւ անտե­ղի­տա­լի պայքարս։

*
* *

Սակաւա­թիւ են գիտցողնե­րը, որ 1986ի Յունուա­րին, Պէյրութէն Աթէնք գալու եւ «ԴՐՕՇԱԿ»ի հրա­տա­րա­կութեան Աթէնքեան շրջա­նի խմբագրութիւնը ընկեր ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆի հետ ստանձնե­լու համար, Պէյրութի սահմա­նա­գի­ծի անա­պա­հո­վութեան նկա­տա­ռումով, ես պարտաւո­րուե­ցայ ընկե­րոջս՝ Վարանդի տունը գիշե­րե­լու եւ առաւօտ կանուխ օդա­կա­յան երթա­լու․․․

Վարանդ մեկնումիս առի­թը իմաստաւո­րած էր ԱԹԷՆՔԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆս հաշւոյն այդ գիշեր իր տան մէջ ՈՂՋԵՐԹ կազմա­կերպե­լով՝ Փափա­զեաննե­րու, Ալեքսանդրեաննե­րու եւ օրեր ետք Գաղտնի Բանա­կի ձեռամբ սպաննուած ընկեր ԼԵՒՈՆԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի (որ ի դէպ մօրեղբայրն էր Վարանդի) ներկա­յութեան։ Բոլո­րիս հպարտութիւնն էր ընկեր Հրայրը եւ իմ ուսե­րուս կը ծանրա­նար, իբրեւ «ԴՐՕՇԱԿ»ի խմբա­գի­րի, Բիւրո­յի «ընկեր ներկայացուցիչ»ը վատ ազդե­ցութիւննե­րու դէմ պաշտպա­նե­լու պարտա­կա­նութիւնը։

Շուրջ տասը տարի, մինչեւ 1994ին ընկեր Հրայրի եղե­րա­կան կաթուա­ծը եւ անկենդան անկողնոյ ծառա­յե­լը, ես տէր կանգնե­ցայ իմ այդ պարտա­կա­նութեանս՝ բան մըն ալ աւե­լի ընե­լով, որ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ մեր ընկե­րոջ մօտ Վարանդի արժէքն ու արժա­նաւո­րութիւնը հիմնաւո­րե­լու եւ բարձրացնե­լու անդուլ ճիգն էր։
Գիտցո­ղը գիտէ, որ ընկեր Հրայր ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ մնաց Վարանդի առջեւ ոչ միայն Բիւրո­յի անդա­մակցութեան, այլեւ Ընդհա­նուր Ժողովնե­րու իրաւա­սու մասնակցութեան դուռը փակե­լու իր ՄԵՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մէջ։
Նոյնպէս գաղտնիք չէ, որ Վարանդ Փափա­զեան 1985ի Ընդհա­նուր Ժողո­վին Հրայր Մարուխեա­նի վարքագծին դէմ իր սկսած ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒը անխոնջ շարունա­կեց մինչեւ 1995ի Հ․Յ․Դ․ Ընդհա­նուր Ժողո­վը Լաքլուքի մէջ, Լիբա­նան։
Այսօ­րուան պէս կը յիշեմ Վարանդի իւրա­յա­տուկ սեւ հիւմուրով ակնարկութիւննե­րը՝ ընկեր Հրայրի նախա­սի­րած «Հ․Յ․Դ․ Համաշխարհա­յին Բիւրո­յի նախա­գահ» տիտղո­սին, որ Հ․Յ․Դ․ Մամլոյ Դիւա­նի լրա­տուութեամբ կը բազմէր մեր մամուլի առա­ջին էջե­րուն վրայ․․․

Ինչպէս որ մտա­հան չեմ կրնար ընել 1992ի սկիզբը, Աթէնքի մեր գրա­սե­նեա­կին մէջ, ընկեր Հրայրի յանձնա­րա­րութեամբ ցուցադրուած եւ Բիւրո­յի Հայաստա­նի գրա­սե­նեա­կէն ստա­ցուած տեսե­րի­զը, ուր օտար լրագրողնե­րու հետ մամլոյ ասուլիս կ՚ունենար Արցա­խի Գերա­գոյն Խորհուրդի նորընտիր նախա­գահ ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆը, որուն կողքին իբրեւ քաղա­քա­կան խորհրդա­կան ներկա­յա­ցուած էր ընկեր Վարանդը․․․ Չեմ մոռնար ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆը ընկեր Հրայրին, որ կը կրկնէր, թէ ո՞վ իրաւունք տուաւ Վարանդին կամ ո՞ր գործի­չը իրաւունք ունի այդպէս կուսակցա­կա­նացնե­լու Արցա­խի նախա­գա­հա­կան հաստա­տութիւնը։

Անկախ ամէն ինչէ, չգիտցո­ղը պէտք է գիտնայ, որ ընկեր Վարանդ Փափա­զեան ոչ թէ Բիւրո­յի որո­շումով, այլ բացա­ռա­պէս իր սեփա­կան նախա­ձեռնութեամբ նուի­րուե­ցաւ Հայաստա­նի մէջ Դաշնակցութեան «վերընձիւղման» ԳՈՐԾին մաս կազմե­լու ԳՈՐԾԻՉԱՅԻՆ առա­քե­լութեան, իսկ ընկեր Հրայր վերջին հաշուով միայն յետ փաստի վաւե­րա­կա­նութիւն տուաւ անձնա­կան այդ յաջո­ղած նախա­ձեռնութեան։

*
* *

Ընկեր Վարանդ Փափա­զեա­նի մասին արժեւորման խօսք եւ յիշո­ղութիւններ հրա­պա­րա­կե­լու բարո­յա­կան պարտքին տակ ենք բոլորս, նոյնիսկ անոնք՝ որոնք նկա­րագրա­յին կամ բնաւո­րութեան գիծե­րով պատճառներ ունե­ցած են հեռաւո­րութիւն պահե­լու իրմէ։

Անձնա­պէս ես հինգ տարիէ ի վեր գրե­թէ ոչ մէկ կապ ունե­ցած եմ անմո­ռա­նա­լի Վարանդին հետ, որուն ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ու ԱՆՁՆԱԴՐՈՇՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆը օրի­նա­կե­լի պիտի մնան։

Վարանդին կապուած հրա­պա­րակման արժա­նի շատ նիւթ կայ յիշո­ղութեանս մէջ․ պահեր եւ խոհեր՝ որոնք միա­ժա­մա­նակ լոյս կը սփռեն վերջին կէս դարու Հ․Յ․Դ․ հոլո­վոյթին վրայ, որուն գլխաւոր հունաւո­րողնե­րէն է քանի մը օր առաջ վախճա­նած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆը։

Յուշա­պա­տումի այս առա­ջին էջը ինքնին շատ տարա­ծուե­ցաւ եւ հարկ է խօսուն պահուան մը վերյուշով, այսօ­րուան համար, եզրա­փա­կել Վարանդ Փափա­զեա­նի մտերմութեան լոյսին տակ մեր կուսակցութեան կտրած ճանա­պարհի ինքնա­ճա­նաչման նուի­րուած խորհրդա­ծութիւննե­րը։

2004ի Յունուա­րին էր, որ Ծաղկա­ձո­րի մէջ գումա­րուած Հ․Յ․Դ․ հերթա­կան Ընդհա­նուր Ժողո­վի աւարտին, աւտո­պիւսով, հասա­րակ մահկա­նա­ցու ժողո­վա­կաններս խմբո­վին կը վերա­դառնա­յինք Երեւան։

Վարանդին հետ կողք-կողքի նստած կը զրուցէինք։ Իր դէմքին արտա­հերթ ԲԱՒԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ զգա­ցում մը կ՚իշխէր, իսկ ես ծայր աստի­ճան սրտնե­ղած էի, որովհե­տեւ երկու տասնա­մեակ իր Բիւրօ ընտրութեան համար պայքա­րե­լէս եւ, ի վերջոյ, ժողո­վա­կաննե­րու քուէ­նե­րուն վրայ այս կամ այն ձեւով հակակշիռ ունե­ցող «ղեկա­վար» ընկերնե­րու համա­ձայնութիւնը ապա­հո­վե­լէս ետք, Վարանդ մերժած էր դրա­կա­նօ­րէն ընդա­ռա­ջե­լու իրեն մօտե­ցած Լիբա­նա­նի կազմա­կերպա­կան շրջա­նի պատգա­մաւո­րութեան միա­ցեալ դիմումին՝ Բիւրօ ընտրուե­լու առա­ջարկին:
Վարանդ չուզեց, որ երկար տեւէ․․․ տառա­պանքս։ Իր հանդարտ ոճով եւ բառե­րը հատիկ-հատիկ արտա­սա­նե­լով ըսաւ․
- Նազօ, կեանքիս ամէ­նէն ՈՒՐԱԽ ՊԱՀը կ՚ապրիմ։ Ի Վերջոյ Դաշնակցութեան աստուա­ծը հնա­րաւո­րութիւնը տուաւ ինծի, որ տասնա­մեակնե­րով իմ Բիւրօ ընտրուե­լուս դէմ պայքա­րած մարդիկ ոտքիս գան եւ պաշտօ­նա­պէս դիմեն, որ զիրենք ներկա­յացնեմ Բիւրո­յի կազմին մէջ եւ ես․․․ շնորհա­կա­լութիւն յայտնե­լով՝ ՄԵՐԺԵՑԻ։

Այդպի­սով Վարանդ Փափա­զեան վերջա­կէտ դրաւ Դաշնակցութեան ՈՒՂԻՆ հունաւո­րե­լու եւ առաջնորդե­լու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ իր երկա­րա­մեայ ոգո­րումին։
Բայց շարունա­կեց պատնէ­շի վրայ հաստա­տա­կամ կանգուն մնալ՝ իբրեւ յառա­ջա­պահ մը Հայկա­կան Յեղա­փո­խութեան Ազգա­յին Ազա­տագրումի Ռազմա­վա­րութեան Դաշնակցա­կան Գաղա­փա­րա­խօ­սութեան, որ կը հանդի­սա­նայ նաեւ իր ԿՏԱԿը։

Տես՝
Վարանդ Փափա­զեան․- «Ազգա­յին Ինքնութիւն Եւ Հ․Յ․ Դաշնակցութիւն» Azdagdaly.com

Առնչվող Հոդվածներ