ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ԻՆՉՈ՞Ւ «ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ»

Ռուբէն Գարագաշեան

«Մեր Ուղին» նախաձեռնութիւնն է խումբ մը դաշնակցականներու, որոնք այլեւս կուսակցութեան շարքերէն դուրս են, սակայն պահանջքը կը զգան հանրութեան լսելի դարձնելու Դաշնակցական խօսքը. Խօսք մը, որ իր ներշնչումը կ՚առնէ Դաշնակցութեան պատմութենէն, ծրագրէն, գաղափարաբանութենէն ու բարոյական արժէքներէն, խօսք մը, որ կը մարմնաւորէ ազգային արժանապատուութեան զգացումը, եւ վերջապէս խօսք մը, որ կ՚ոգեւորէ, կը գօտէպնդէ եւ ողջ ազգի ներուժը կը համախմբէ ու կը լծէ իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները միասնաբար յաղթահարելու գործին։

«Մեր Ուղին» ոչ ունի յաւակնութիւնը կուսակցութիւն դառնալու, ոչ ալ կուսակցութիւն քանդելու։ «Մեր Ուղին»ի կարիքն իսկ չէր ըլլար այսօր, եթէ կուսակցութիւնը հաւատարիմ մնացած ըլլար իր առաքելութեան եւ ինք փոխանցէր Դաշնակցութեան այս խօսքն ու պատգամը։ Դժբախտաբար սակայն, պաշտօնական ՀՅԴ-ն ենթարկուած է կուսակցականներու նեղ խումբի մը կամքին, որը գրաւած է ղեկավար դիրքեր, կատարելագործած է այդ դիրքերուն վերընտրուելու նուրբ արուեստը, եւ կուսակցութիւնը պատանդ վերցուցած, զայն օտարած է իր գաղափարաբանութենէն եւ բարոյական սկզբունքներէն։ Այդ խումբը, իր վերջին աւելի քան քսան տարիներու վարած (յատկապէս) Հայաստանեան քաղաքականութեամբ եւ թոյլատրած բարքերով, բարոյազրկած է ՀՅԴ-ն, խորտակած անոր վարկը եւ արժեզրկած անոր խօսքը։ Երբ այնքան հսկայ է վիհը արտասանուած խօսքին եւ անհատական օրինակին ու գործին միջեւ, այդ խօսքը կը վերածուի լոզունգի եւ կը դադրի հանրութեան հաւատք ներշնչելէ։

Անցեալին անդրադարձած ենք շատ մը կոպիտ սխալներու որոնք գործած է ՀՅԴ-ն վերջին երկու տասնամեակներուն, եւ տակաւին առիթը կ՚ունենանք այդ մասին արտայայտուելու եւ այդ սխալներու պատճառները վերլուծելու։ Այստեղ բաւարարուինք արձանագրել հետեւեալը. անընդհատ ազգային արժէքներէ ճարող եւ անընդհատ իշխանութիւնները գաղափարախօսութիւն եւ ոչ մէկ «իզմ»-ի հայեցակարգ չունենալու համար քննադատող պաշտօնական ՀՅԴ-ն, այսօր կը տեսնէ ճգնաժամ ամենուրէք, եւ ազգը այդ ճգնաժամերէն փրկելու համար որոշած է համագործակցիլ Բարգաւաճ Հայաստան եւ Հայրենիք կուսակցութիւններուն հետ, որոնք բոլորովին զուրկ են ոչ միայն որեւէ գաղափարախօսութենէ, այլ նաեւ որեւէ ազգային եւ բարոյական արժէքներէ։ Եթէ իսկապէս նպատակ ունէին ուղղել իշխանութեան սխալները, սատարել պետականութեան ամրապնդման, համախմբել ազգը ու անոր ներշնչել պայքարի ոգի, կարող էին համագործակցիլ շատ մը առողջ ազգային ուժերու հետ ինչպիսին են Ազգային Ժողովրդավար բեւեռը, Սասնայ Ծռերը, Քաղաքացու Որոշումը, Հայաստանի Քրիստոնեայ Դեմոկրատ Կուսակցութիւնը, եւայլն։ Բայց ոչ. անոնք ընտրեցին իրենց նմանները, եւ միասնաբար կը դաւեն կեղծ օրակարգերով ապակողմնորոշել հանրային կարծիքը, տկարացնել ներկայ իշխանութիւնները, եւ իրականացնել իշխանափոխութիւն, երկիրը վերադարձնելով իր անցեալի «քրէաօլիկարխիք» եւ կատարեալ գաղութացուած համակարգին։

Մենք յոյս ունինք, որ այս խումբը ուշ կամ կանուխ պիտի կորսնցնէ կուսակցութեան ղեկը իր ձեռքէն եւ առիթը պիտի ստեղծուի կուսակցութեան՝ վերադառնալու իր առաքելութեան։ Մինչ այդ, կը ստիպուինք մենք ստանձնելու Դաշնակցական խօսքը փոխանցելու անհրաժեշտ պարտականութիւնը։

    

One Response to “ԻՆՉՈ՞Ւ «ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ»”

  1. Ruben Amirian Reply

    A lot of effort and columns are devoted to preserve and bring the party back to it’s original and historical mission. Time has come to work and devote time to serve the motherland rather than the party.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *