14.7 C
Yerevan

ԻՆՉՈ՞Ւ «ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ»

Ռուբէն Գարա­գա­շեան

«Մեր Ուղին» նախա­ձեռնութիւնն է խումբ մը դաշնակցա­կաննե­րու, որոնք այլեւս կուսակցութեան շարքե­րէն դուրս են, սակայն պահանջքը կը զգան հանրութեան լսե­լի դարձնե­լու Դաշնակցա­կան խօսքը. Խօսք մը, որ իր ներշնչումը կ՚առնէ Դաշնակցութեան պատմութե­նէն, ծրագրէն, գաղա­փա­րա­բա­նութե­նէն ու բարո­յա­կան արժէքնե­րէն, խօսք մը, որ կը մարմնաւո­րէ ազգա­յին արժա­նա­պա­տուութեան զգա­ցումը, եւ վերջա­պէս խօսք մը, որ կ՚ոգեւորէ, կը գօտէպնդէ եւ ողջ ազգի ներուժը կը համախմբէ ու կը լծէ իր առջեւ ծառա­ցած մարտահրաւէրնե­րը միասնա­բար յաղթա­հա­րե­լու գործին։

«Մեր Ուղին» ոչ ունի յաւակնութիւնը կուսակցութիւն դառնա­լու, ոչ ալ կուսակցութիւն քանդե­լու։ «Մեր Ուղին»ի կարիքն իսկ չէր ըլլար այսօր, եթէ կուսակցութիւնը հաւա­տա­րիմ մնա­ցած ըլլար իր առա­քե­լութեան եւ ինք փոխանցէր Դաշնակցութեան այս խօսքն ու պատգա­մը։ Դժբախտա­բար սակայն, պաշտօ­նա­կան ՀՅԴ‑ն ենթարկուած է կուսակցա­կաննե­րու նեղ խումբի մը կամքին, որը գրաւած է ղեկա­վար դիրքեր, կատա­րե­լա­գործած է այդ դիրքե­րուն վերընտրուե­լու նուրբ արուեստը, եւ կուսակցութիւնը պատանդ վերցուցած, զայն օտա­րած է իր գաղա­փա­րա­բա­նութե­նէն եւ բարո­յա­կան սկզբունքնե­րէն։ Այդ խումբը, իր վերջին աւե­լի քան քսան տարի­նե­րու վարած (յատկա­պէս) Հայաստա­նեան քաղա­քա­կա­նութեամբ եւ թոյլատրած բարքե­րով, բարո­յազրկած է ՀՅԴ‑ն, խորտա­կած անոր վարկը եւ արժեզրկած անոր խօսքը։ Երբ այնքան հսկայ է վիհը արտա­սա­նուած խօսքին եւ անհա­տա­կան օրի­նա­կին ու գործին միջեւ, այդ խօսքը կը վերա­ծուի լոզունգի եւ կը դադրի հանրութեան հաւատք ներշնչե­լէ։

Անցեա­լին անդրա­դարձած ենք շատ մը կոպիտ սխալնե­րու որոնք գործած է ՀՅԴ‑ն վերջին երկու տասնա­մեակնե­րուն, եւ տակաւին առի­թը կ՚ունենանք այդ մասին արտա­յայտուե­լու եւ այդ սխալնե­րու պատճառնե­րը վերլուծե­լու։ Այստեղ բաւա­րա­րուինք արձա­նագրել հետեւեա­լը. անընդհատ ազգա­յին արժէքնե­րէ ճարող եւ անընդհատ իշխա­նութիւննե­րը գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն եւ ոչ մէկ «իզմ»-ի հայե­ցա­կարգ չունե­նա­լու համար քննա­դա­տող պաշտօ­նա­կան ՀՅԴ‑ն, այսօր կը տեսնէ ճգնա­ժամ ամե­նուրէք, եւ ազգը այդ ճգնա­ժա­մե­րէն փրկե­լու համար որո­շած է համա­գործակցիլ Բարգաւաճ Հայաստան եւ Հայրե­նիք կուսակցութիւննե­րուն հետ, որոնք բոլո­րո­վին զուրկ են ոչ միայն որեւէ գաղա­փա­րա­խօ­սութե­նէ, այլ նաեւ որեւէ ազգա­յին եւ բարո­յա­կան արժէքնե­րէ։ Եթէ իսկա­պէս նպա­տակ ունէին ուղղել իշխա­նութեան սխալնե­րը, սատա­րել պետա­կա­նութեան ամրապնդման, համախմբել ազգը ու անոր ներշնչել պայքա­րի ոգի, կարող էին համա­գործակցիլ շատ մը առողջ ազգա­յին ուժե­րու հետ ինչպի­սին են Ազգա­յին Ժողովրդա­վար բեւե­ռը, Սասնայ Ծռե­րը, Քաղա­քա­ցու Որո­շումը, Հայաստա­նի Քրիստո­նեայ Դեմոկրատ Կուսակցութիւնը, եւայլն։ Բայց ոչ. անոնք ընտրե­ցին իրենց նմաննե­րը, եւ միասնա­բար կը դաւեն կեղծ օրա­կարգե­րով ապա­կողմնո­րո­շել հանրա­յին կարծի­քը, տկա­րացնել ներկայ իշխա­նութիւննե­րը, եւ իրա­կա­նացնել իշխա­նա­փո­խութիւն, երկի­րը վերա­դարձնե­լով իր անցեա­լի «քրէաօ­լի­կարխիք» եւ կատա­րեալ գաղութա­ցուած համա­կարգին։

Մենք յոյս ունինք, որ այս խումբը ուշ կամ կանուխ պիտի կորսնցնէ կուսակցութեան ղեկը իր ձեռքէն եւ առի­թը պիտի ստեղծուի կուսակցութեան՝ վերա­դառնա­լու իր առա­քե­լութեան։ Մինչ այդ, կը ստի­պուինք մենք ստանձնե­լու Դաշնակցա­կան խօսքը փոխանցե­լու անհրա­ժեշտ պարտա­կա­նութիւնը։

Առնչվող Հոդվածներ