20.4 C
Yerevan

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝ ՄԻՖԵՐ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Մաս 2 եւ վերջ)

Արտա­վազդ Տէր Մարկո­սեան

Ամիսներ առաջ, խումբ մը նախկին կուսակցա­կաննե­րու նախա­ձեռնութեամբ ստեղծուե­ցաւ «Մեր Ուղին» գաղա­փա­րա­կան շարժումը եւ ընկե­րա­քա­ղա­քա­կան հարթա­կը: Այդ օրէն ի վեր, ՀՅԴ անունով գործող կուսակցութեան հայաստա­նեան թեւի ապա­գա­ղա­փա­րա­կան «ղեկավարներ»ը բացա­յայտ ու գաղտնի քարոզչա­կան պայքար մը սկսան «Մեր Ուղին»ի դէմ: «Մեր Ուղին» գաղա­փա­րա­կան շարժումը վարկա­բե­կե­լու միտող այս արշաւի ընթացքին օգտա­գործուե­ցան եւ դեռ կ’օգտա­գործուին ոչ միայն կուսակցա­կան ժողովնե­րու ընձե­ռած հարթակնե­րը, այլեւ՝ բազմա­տե­սակ ֆէյքերն ու սոցիա­լա­կան տարբեր ցանցե­րը: 

Նախորդ յօդուա­ծով, գրե­ցինք երկու միֆե­րու մասին: Շարունա­կենք նոյն ձեւով, խօսե­լով միֆե­րու եւ իրա­կա­նութեան մասին:

ՄԻՖ ԵՐՐՈՐԴ՝ «Մեր Ուղին»ը կը ֆինանսաւո­րուի անյայտ աղբիւրնե­րէ, ունի եկա­մուտի կասկա­ծե­լի միջոցներ:

Իսկ ի՞նչ է ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Իրա­կա­նութիւնը այն է, որ «Մեր Ուղին» ո՛չ մեծ ծախսեր, ո՛չ պաշտօ­նէութիւն, ո՛չ աշխա­տա­կազմ, ոչ ալ մեծ գումարներ պահանջող ծրա­գիրներ ունի: «Մեր Ուղին»ի շուրջ հաւա­քուած դաշնակցա­կաննե­րը յօդուած գրե­լու, քննարկումներ կազմա­կերպե­լու եւ կայքէջ ու դիմա­տետրի էջ պահե­լու համար գումար չեն ստա­նար: Ընդհա­կա­ռա­կը, իրենց սեփա­կան միջոցնե­րով կը հոգան առցանց ներկա­յութիւն ապա­հո­վե­լու ծախսե­րը: Յանուն գաղա­փա­րա­կան աշխա­տանքի՝ կամաւոր հիմունքնե­րով գործե­լը «Մեր Ուղին»ի համար շատ բնա­կան երեւոյթ է, թէեւ շատ շատեր, մանաւանդ Հայաստա­նի մէջ, այս սկզբունքին չեն հաւա­տար եւ առանց փողի՝ յեղա­փո­խութիւն չեն պատկե­րացներ… Փանջունիին նման՝ «մի քիչ փող ուղարկե­ցէք» գրե­լով ժողովրդա­նուէր գործունէութիւն կը խոստա­նան դուրսի ընկերնե­րուն:

ՄԻՖ ՉՈՐՈՐԴ՝ «Մեր Ուղին»ի ետին կը կանգնին արտա­սահմա­նեան յատուկ գործա­կալներ, արեւմտա­մէտ մութ ուժեր, Դաշնակցութիւնը հարուա­ծել ուզող խորհրդաւոր շրջա­նակներ…

Իսկ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մասին արժէ՞ խօսիլ այստեղ: Հայաստա­նի մէջ Ստա­լի­նեան օրե­րէն ի վեր շատ սովո­րա­կան է հակա­ռա­կորդին օտա­րի գործա­կալ յայտա­րա­րե­լը: Այդպէս էր, որ խորհրդա­յին բռնա­տի­րա­կան կարգե­րը հազա­րաւոր մտաւո­րա­կաններ, գրողներ, գիտնա­կաններ եւ հասա­րա­կա­կան գործիչներ գնդա­կա­հա­րե­ցին, բոլո­րին օտա­րի գործա­կալ եւ ժողո­վուրդի թշնա­մի յայտա­րա­րե­լով: Այլա­խո­հութիւնը խեղդե­լու, այլա­կարծութիւնը արմա­տա­խիլ ընե­լու, ընդդի­մա­խօսնե­րը չէզո­քացնե­լու ստա­լի­նեան յայտնի այս ոճը բաւա­կան ազդու է, եւ միա­ժա­մա­նակ շարքե­րուն սաստե­լու համար կ’օգտա­գործուի: Ուրեմն ի՞նչ կ’ը­սեն այս միֆի հեղի­նակ, Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴի անունով հանդէս եկող երէ­կուան կոմե­րի­տա­կաննե­րը: Տեսէ՛ք, կ’ը­սեն անոնք շարքե­րուն, այդ մարդիկ դաւա­ճաններ են, քանի որ օտա­րի գործա­կալներ են, օտար մութ ուժե­րու կը ծառա­յեն, եւ եթէ գործ ունե­նաք անոնց հետ, դուք ալ դաւա­ճաններ եք, դուք ալ օտար գործա­կալնե­րու հետ համա­գործակցողներ կը դառնաք: Եկուր եւ դիմա­ցիր: Նիւթը փակուած է արդէն: Եթէ դաւա­ճան են, ինչպէս կ’ը­սեն մեր ղեկա­վարնե­րը, ապա ինչպէ՞ս խօսիլ դաւա­ճաննե­րու եւ օտար գործա­կալնե­րու բարձրա­ցուցած խնդիրնե­րու մասին, ինչպէ՞ս քննարկման դնել մեզի համար կարեւոր նիւթե­րը: Հապա՞ եթէ մեզի ալ դաւա­ճա­նի հետ գործակցող համա­րեն…

Այսուհանդերձ, զարմա­նա­լի չէ, որ Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴ անունը գործա­ծող հատուա­ծը իւրա­քանչիւր ընդդի­մա­խօ­սի մէջ ազգի եւ հայրե­նի­քի, կուսակցութեան ու գաղա­փա­րի դաւա­ճան կը տեսնէ: Այդպէս էր Ստա­լի­նի օրե­րուն, այդպէս էր Բրեժնեւի օրե­րուն, այդպէս սորված էին իրենց հայրե­րը սովե­տի «երա­նե­լի» օրե­րուն, այդպէս պիտի ըլլայ այսօր: Ուրիշ ի՞նչ ակնկա­լել խորհրդա­յին կեանքի դպրո­ցէն շրջա­նաւարտ մարդոցմէ:

ՄԻՖ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ՝ «Մեր Ուղին»ի շուրջ հաւա­քուածնե­րը կուսակցա­կան կարգա­պա­հութիւնը խախտածներն են, կուսակցա­կան աւանդութիւննե­րը արհա­մարհածնե­րը: Արդար է անոնց տրուած պատի­ժը:

Իսկ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը այն է, որ «Մեր Ուղին»էն առաջ եւ այս օրե­րուն, կանո­նա­գի­րը կամա­յա­կա­նօ­րէն կը գործադրուի կուսակցութեան մէջ «ղեկա­վար» դիրքե­րու հասած մարդոց կողմէ: Ո՞վ այսօր չի գիտեր, որ կան բազմա­թիւ ընկերներ, որոնք մեծ սխալներ գործե­լով հանդերձ, կը մնան շարքե­րու մէջ եւ առանձնաշնորհեալ վերա­բերմունքի կ’արժա­նան, եւ կան ուրիշներ, որոնք այլ կարծիք կամ տեսա­կէտ յայտնե­լու համար կը չէզո­քա­ցուին կամ կը հեռա­ցուին: Մէկը «մեզմէ» է, մեզի չի հակադրուիր, ուրեմն ամէն ինչ արտօ­նուած է իրեն… իսկ այն միւսը մեզի քննա­դա­տող է, «անոնցմէ» է, ուրեմն պէտք է չէզո­քացնել եւ դաւա­ճան հռչա­կել: Չէ՞ որ մենք ենք ղեկա­վա­րը եւ կանո­նա­գի­րը մեր ձեռքն է… ինչպէս կ’ուզենք, այդպէս ալ կ’ը­նենք. մէկուն դաւա­ճան կը հռչա­կենք ու կը պատժենք, միւսին գործած մեղքե­րը, նոյնիսկ եթէ կաշառք է եւ գողութիւն, աչք կը փակենք ու կ’անցնինք եւ…կեցցէ՛ մեր օրի­նա­պաշտութիւնը, երկա՜ր ապրի մեր շահե­րուն ծառա­յող կանո­նագրա­մո­լութիւնը…

ՄԻՖԵՐՈՒ շարքը կարե­լի է դեռ երկա­րել: Բայց այսքա­նով բաւա­րա­րուինք եւ յիշեցնենք, որ իմաստ չունի ամէն դատարկ խօսքին պատասխա­նե­լը:

Անգա­մուան մը համար յստա­կացնենք ու անցնինք: Հասկցո­ղը արդէն հասկցաւ, մնա­ցածներն ալ՝ օր մը կը հասկնան երեւի…

Առնչվող Հոդվածներ