Բարի Լոյս

«Ոչ մէկը իրաւունք չունի խախտելու կուսակցական կարգապահութիւնը» – Բայց «չէ՞ որ մենք բոլորս երդում ենք տուել»․․․

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ համար երդում տուած եւ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆը կառուցելու եւ հզօրացնելու, այլեւ ՄԱՔՈՒՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ ԿԱՌԱՎԱՐՈՂ իշխանութիւններով օժտելու մերօրեայ պայքարին ԱՆՁՆԱԶՈՀՈՒԹԵԱՄԲ զինուորագրուած ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ բոլոր ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ յանուն նոյն այդ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐի վերաթարմացման եւ նորովի ժողովրդականացման, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴի ցաւատանջ սրտերակին բաբախումով ոգորող եւ անվեհեր բազկերակով կռուի դաշտ նետուող ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ կը հարթեն ու ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ կը հունաւորեն, մանաւա՛նդ եւ կը ձերբազատեն ամէն կարգի ՄՈԼԱԽՈՏԵՐէ ու ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՏԱՐՐԵՐէ։

Այսօր ուշադրութիւնս գրաւեց Հայաստանի մէջ 30 տարուան դաշնակցական կուսակցականի ճամբայ անցած գրողի մը ԲԱՐԱՑՈՒՑԱԿԱՆ մէկ ակնարկութիւնը, որ Ազգին ու Հայրենիքին ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ համար ՆՈՐ ՈՒՂԻ որոնող դաշնակցականներուն դաս կու տայ՝ ըսելով․
– «Ոչ մէկը իրաւունք չունի խախտելու կուսակցական կարգապահութիւնը»։

Բարի լոյս՝ ՄԻՋՈՑը ՆՊԱՏԱԿի վերածած այսօրինակ ԿՈՒՍԱԿՑԱՄՈԼՆԵՐՈՒՆ հայրաբար նայող ու ԻՆՔՆԱՍՐԲԱԳՐՄԱՆ ուղին ցոյց տուող ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք անկասկած նաեւ մեղաւոր են ու պատասխանատու՝ այսպիսի՛ ՄՈԼՈՐԵԱԼՆԵՐու Հ․Յ․Դ․ ՏԱՃԱՐ ՄՈՒՏՔը ատենին արտօնած ըլլալու իրենց ԼԱՅՆԱՍՐՏՈՒԹԵԱՆ համար․․․
Մանաւանդ որ ամէնուր ցաւով կը նկատենք, թէ Հ․Յ․Դ․ կազմակերպութեան ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐԷ պարպուիլը այսօրինակ կուսակցականները ՆԱՐԳԻՍԱԿԱՆՕՐԷՆ կ՚արդարացնեն ըսելով՝
– «Չէ՞ որ մենք բոլորս երդում ենք տուել»․․․
Բայց ի՜նչ ԵՐԴՈՒՄի մասին է խօսքը։

Բարի լոյս՝ մոռացման ու մոլորումի գրկին մէջ ԵՐՋԱՆԻԿ ՆԻՐՀՈՂ ԵՐԱԶՈՂՆԵՐՈՒՆ։

Մենք երդում տուած ենք մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ համար, որուն անփոխարինելի ԵՐԱՇԽԻՔը Հայաստանի Հանրապետութեան ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՀԶՕՐ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՏՈՒՄՆ Է՝ ի հարկին առանց հայաստանեան այն կուսակցութեան, որ միայն անունով աղերս ունի Հ․Յ․Դ․ի հետ, բայց որուն ըստ երեւոյթին չի՛ յուզեր Հայաստանը պահող ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՑԱՒԱՏԱՆՋ ՍԻՐՏԸ։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *