26.4 C
Yerevan

ՀԱՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂԷՆ հեռու պահել ՀԱՅԱՀԱՒԱՔԻ ու ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ գաղա­փա­րա­կան պայքա­րը

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳՐԻ 100ԱՄԵԱԿԻՆ առի­թով Հայ Քաղա­քա­կան Միտքը իր ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆՑ առջեւ դնող գաղա­փա­րի բոլոր յառա­ջա­պահնե­րուն, որոնց կարգին Հայաստա­նէն ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ եւ Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգնե­րէն ԿԱՐՕ ՄՈՄՃԵԱՆ, ստո­րեւ ներկա­յա­ցուած իրենց հակիրճ գրա­ռումնե­րով, ուշա­դիր քննարկման արժա­նի այժմէա­կան՝ այլեւ հիմնա­կան խնդիրներ կը բերեն ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ վրայ։

Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի պետա­կան իշխա­նութիւննե­րէն եւ Հայ Դատի Պայքա­րին անունով երդուող հայ քաղա­քա­կան ուժե­րէն հաշիւ պահանջող բոլոր ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒՆ, որոնք թարգմա­նը կը հանդի­սա­նան ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԽՈՐ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ՝ ի տես Սեւրի Դաշնագրի հարիւրա­մեա­կին ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ոսկէ պատե­հութիւնը այսպէ՜ս մսխե­լու, սոսկ շրթունքի տուրք տալով Պիղա­տո­սի պէս իրենց ձեռքե­րը լուա­լու «ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ» ազգա­յին-քաղա­քա­կան անպա­տասխա­նա­տու վարքագծին։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի անունով ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԲԵՄԵՐՈՒ վրայ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀ հաստա­տած բոլոր շրջա­նակնե­րէն ԹԱՓԱՆՑԻԿ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ եւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ սպա­սող ու պահանջող ԱՐԴԱՐԱՑԻ ՁԱՅՆԵՐՈՒՆ, որոնք իշխա­նութեան ղեկին ամէն գնով տիրա­նա­լու ՀԱՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂԷՆ հեռու կը պահեՆ ՀԱՅԱՀԱՒԱՔԻ ու ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ գաղա­փա­րա­կան պայքա­րը։

Բարի լոյս՝ Հայ Քաղա­քա­կան Միտքը ամէն կարգի ՄԵՂԿՈՒԹԵՆԷ ձերբա­զա­տե­լու զօրա­շարժին լծուած ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՆ եւ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։

Ի խորոց սրտի…

Garabet Krikor Moumdjian

Քանի մը ամի­սէ ի վեր ՖՊի էջովս կը շեփո­րէի Սեւրի Դաշնագրի 100ամեակի մօտլա­լուտ ըլլա­լու իրո­ղութիւնը եւ հարց կու տայի, թէ այս պայմաննե­րուն մէջ կարե­լի պիտի ըլլա՞յ արժա­նաւո­րա­պէս տօնել այդ կարեւոր տoնը…

Խօսքին բացը շատ ալ կարծիքներ չստա­ցայ ստա­տուսնե­րուս վրայ…

Մէկ այլ առի­թով հարց տուի, որ արդեօք ակա­դե­մա­կան ու/կամ ժողովրդա­յին առցանցա­յին կամ այլ տեսա­կի տօնա­կա­տա­րութիւններ տեղի պիտի ունենա՞ն ու միայն հատ ու կենտ պատասխաններ ստա­ցայ:

Այսօր կրնամ խոստո­վա­նիլ, որ մենք՝ իբրեւ ազգ, պետութիւն եւ ժողո­վուրդ՝ շատ հարեւանցի անցանք այս կարեւո­րա­գոյն տօնը ոչ միայն ներ-հայկա­կան, այլ մանաւանդ համաշխարհա­յին ձեւով շեփո­րե­լու մէջ…

Մեղք եւ ամօթ մեզի…

Անկա­րեւոր հարցե­րու վրայ թոնե­րով ելեքտրո­նա­յին մելան կը հոսեցնենք, բայց կարեւո­րա­գոյն հարցե­րուն գծով անզգամ ու կրաւո­րա­կան կը մնանք…

Հայ ազգին յաջո­ղութիւն կը մաղթեմ իր այսօ­րուան ու ապա­գա­յի անզգա­մութիւննե­րուն առթիւ, որոնք գիտեմ, որ շատ պիտի ըլլան..․

Կեցցէ՛ բան-չունիա­կան միտքն ու գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը…

Օ՜ն առաջ…

Այսօր ՍԵՒՐԻ ստո­րագրման 100-ամեակն է:

Vladimir Harutyunyan

Ողջունում եմ բոլոր նրանց, ովքեր հաստատ ինձա­նից լաւ ու հանգա­մա­նա­լից կը ներկա­յացնեն ՍԵՒՐԻ արժէքն ու նշա­նա­կութիւնը:

Սակայն, իմ կարծի­քով, հայութեան անդրա­դարձն այսօր «առ ՍԵՒՐՆ» կ՚ունենար գործնա­կան ազդե­ցութիւն եւ կը բերէր իրա­կան սպա­սե­լիքնե­րի, եթէ արդէն 30 տարի ազա­տագրուած հողե­րի վրայ այլեւս բնա­կուե­լու տեղ չլի­նէր, իսկ Հայաստան ներգաղթողնե­րի հերթի ծայրն էլ չերեւար:

Խիստ չդա­տէք, եթէ մարե­ցի ինչ-որ մէկի ոգեւո­րութիւնը:

Մի անգամ էլ շեշտենք. 100 տարուց 30 տարին ունենք ազա­տագրած, բայց դատարկ հողեր…

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=3331743526916598&id=100002429502147

Առնչվող Հոդվածներ