Աւօ Պօղոսեան
Հայաստանի քաղաքական կեանքը, յեղափոխութենէն ետք կը շարունակէ մնալ եռուն. Ժամանակաւոր հանդարտութենէ մը ետք, ահա մէկ տարիէ ի վեր վերսկսած են տհաճ , շինծու եւ երկրի կայունութեան սպառնացող հանրահաւաքները։
Այս հանրահաւաքներէն ու բողոքի ելոյթներէն ոմանք էականօրէն արդարացի են, սակայն անոնց միացողները երբեմն որոշակի ուժերու հետեւորդներ են, ուժեր, որոնք նախապէս հիմքը դրած էին նոյն այդ բողոքի պատճառ երեւոյթներուն։ Անոնցմէ գլխաւորը օրինակ, Ամուլսարի թնճուկն է, միւսը արդարադատութեան ճգնաժամը , եւ այսպէս շարունակ։
Ահա այսպէս է որ հիմա ալ որոշուած է հանրահաւաք մը “Բարգաւաճ Հայաստան” ի “Հայրենիք” ի եւ “ՀՅԴ”ի կազմակերպութեամբ։
Առաջինի մասին ո՞վ չի գիտեր, որ նախկին իշխանութեանց մաս կազմող ըլլալէ անկախ, միանձնեայ կազմակերպութիւն է՝ տխրահռչակ անձի ղեկավարութեամբ։ Երկրորդի մասին բան չըսելը աւելի լաւ է։ Կը մնայ երրորդը`ՀՅԴն ։
Կան ոմանք, որոնք իրենց ծնողներէն ժառանգած հարստութիւնը մսխելով հասած են սնանկութեան, փոխանակ այդ հարստութեան վրայ, անդուլ եւ շարունակական աշխատանքով աւելցնելու ինչ որ բան ու այդ կտակելու յաջորդող սերունդներուն։ ՀՅԴն այդ ընթացքի մէջ է ահա երկար ժանանակ է ։ Դարու մը ընթացքին հաւաքած ահագին վաստակը մսխելով հասած է շատ աննախանձելի վիճակի։ Ո՞վ չի գիտեր որ Արցախեան պատերազմին իր գովելի աւանդէն ետք, այսօր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ընտրութիւններով արտացոլուած արդիւնքներէն անկախ, ցանկացած անձի` վարորդի, գիտնականի, բանուորի, վաճառականի, մուրացկանի կարծիքը հարցնես անոր մասին, պատասխանը կ՝ըլլայ բացասական ու երբեմն ալ լուտանքներով լի։ Այդ վերաբերմունքը հիմնականին մէջ, նախորդ արատաւոր յաջորդական իշխանութիւններուն հետ անոր գործընկերութիւնն է ( կոալիցիա), որովհետեւ ժողովուրդը հոգու խորքին մէջ գիտէ ինչը ճիշտ ու արդար է ինչը ոչ, թէկուզ պահի տակ կաշառուի հինգ հազար դրամով։
Հիմա հարց է թէ ինչու այսքանը վստահաբար գիտնալով հանդերձ, ՀՅԴն կը շարունակէ գործակցիլ նոյն այդ ուժերուն հետ ընդդէմ օրուայ իշխանութեանց, որոնք իրենց սխալներով հանդերձ, առնուազն ժողովուրդի կողմէ օրինական ձեւով ընտրուած են։ Պատասխանը շատերու համար կրնայ միայն ըլլալ աթոռն եւ ատոր հետ զուգահեռ ընթացող նիւթական բարօրութիւնը։
Իմ եւ շատ ուրիշներու կարծիքով այս “քաղաքականութեան ” հետ համաձայն չեն ոչ թէ միայն Սփիւռքի մեր ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը , այլ նաեւ կուսակցականներու կարեւոր տոկոս մը։ Այլ հարց է թէ ի տես այս ընթացքին ինչու կուսակցականներու գիտակից եւ գաղափարական մասը լուռ կը մնայ։
Կը մնայ միայն ափսոսալ այս մեր իրականութեան մէջ մեծ աւանդ ունեցած ու ամենատարածուն կուսակցութեան այսօրուայ աննախանձելի վարկին։
Միթէ՞ այս պիտի ըլլար ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։