20.4 C
Yerevan

Ժառանգութեան անփա­ռունակ մսխումը

Աւօ Պօղո­սեան

Հայաստա­նի քաղա­քա­կան կեանքը, յեղա­փո­խութե­նէն ետք կը շարունա­կէ մնալ եռուն. Ժամա­նա­կաւոր հանդարտութե­նէ մը ետք, ահա մէկ տարիէ ի վեր վերսկսած են տհաճ , շինծու եւ երկրի կայունութեան սպառնա­ցող հանրա­հաւաքնե­րը։ 
Այս հանրա­հաւաքնե­րէն ու բողո­քի ելոյթնե­րէն ոմանք էակա­նօ­րէն արդա­րա­ցի են, սակայն անոնց միա­ցողնե­րը երբեմն որո­շա­կի ուժե­րու հետեւորդներ են,  ուժեր, որոնք նախա­պէս հիմքը դրած էին նոյն այդ բողո­քի պատճառ երեւոյթնե­րուն։ Անոնցմէ գլխաւո­րը օրի­նակ,  Ամուլսա­րի թնճուկն է, միւսը արդա­րա­դա­տութեան ճգնա­ժա­մը , եւ այսպէս շարունակ։

Ահա այսպէս է որ հիմա ալ որո­շուած է հանրա­հաւաք մը “Բարգաւաճ Հայաստան” ի “Հայրե­նիք” ի եւ “ՀՅԴ“ի կազմա­կերպութեամբ։ 

Առա­ջի­նի մասին ո՞վ չի գիտեր, որ նախկին իշխա­նութեանց մաս կազմող ըլլա­լէ անկախ, միանձնեայ կազմա­կերպութիւն է՝ տխրահռչակ անձի ղեկա­վա­րութեամբ։ Երկրորդի մասին բան չըսե­լը աւե­լի լաւ է։ Կը մնայ երրորդը‘ՀՅԴն ։

Կան ոմանք, որոնք իրենց ծնողնե­րէն ժառանգած հարստութիւնը մսխե­լով հասած են սնանկութեան, փոխա­նակ այդ հարստութեան վրայ, անդուլ եւ շարունա­կա­կան աշխա­տանքով աւելցնե­լու ինչ որ բան ու այդ կտա­կե­լու յաջորդող սերունդնե­րուն։ ՀՅԴն այդ ընթացքի մէջ է ահա երկար ժանա­նակ է ։ Դարու մը ընթացքին հաւա­քած ահա­գին վաստա­կը մսխե­լով հասած է շատ աննա­խանձե­լի վիճա­կի։ Ո՞վ չի գիտեր որ Արցա­խեան պատե­րազմին իր գովե­լի աւանդէն ետք, այսօր Հայաստա­նի եւ Արցա­խի մէջ ընտրութիւննե­րով արտա­ցո­լուած արդիւնքնե­րէն անկախ, ցանկա­ցած անձի‘ վարորդի, գիտնա­կա­նի, բանուո­րի, վաճա­ռա­կա­նի, մուրացկա­նի կարծի­քը հարցնես անոր մասին, պատասխա­նը կ՝ըլլայ բացա­սա­կան ու երբեմն ալ լուտանքնե­րով լի։ Այդ վերա­բերմունքը հիմնա­կա­նին մէջ, նախորդ արա­տաւոր յաջորդա­կան իշխա­նութիւննե­րուն հետ անոր գործընկե­րութիւնն է ( կոա­լի­ցիա), որովհե­տեւ ժողո­վուրդը հոգու խորքին մէջ գիտէ ինչը ճիշտ ու արդար է ինչը ոչ, թէկուզ պահի տակ կաշա­ռուի հինգ հազար դրա­մով։ 

Հիմա հարց է թէ ինչու այսքա­նը վստա­հա­բար գիտնա­լով հանդերձ, ՀՅԴն կը շարունա­կէ գործակցիլ նոյն այդ ուժե­րուն հետ ընդդէմ օրուայ իշխա­նութեանց, որոնք իրենց սխալնե­րով հանդերձ, առնուազն ժողո­վուրդի կողմէ օրի­նա­կան ձեւով ընտրուած են։ Պատասխա­նը շատե­րու համար կրնայ միայն ըլլալ աթոռն եւ ատոր հետ զուգա­հեռ ընթա­ցող նիւթա­կան բարօ­րութիւնը։ 

Իմ եւ շատ ուրիշնե­րու կարծի­քով այս “քաղա­քա­կա­նութեան ” հետ համա­ձայն չեն ոչ թէ միայն Սփիւռքի մեր ժողո­վուրդի ջախջա­խիչ մեծա­մասնութիւնը , այլ նաեւ կուսակցա­կաննե­րու կարեւոր տոկոս մը։ Այլ հարց է թէ ի տես այս ընթացքին ինչու կուսակցա­կաննե­րու գիտա­կից եւ գաղա­փա­րա­կան մասը լուռ կը մնայ։ 
Կը մնայ միայն ափսո­սալ այս մեր իրա­կա­նութեան մէջ մեծ աւանդ ունե­ցած ու ամե­նա­տա­րա­ծուն կուսակցութեան այսօ­րուայ աննա­խանձե­լի վարկին։

 Միթէ՞ այս պիտի ըլլար ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։

Առնչվող Հոդվածներ