20.4 C
Yerevan

Հայաստա­նի Եւ Արցա­խի Մէջ Թորոնթո­հայ Ներդրողներ. Զրոյց՝ Գործա­րար Մհեր Առա­քե­լեա­նի Հետ

Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Հայաստա­նի մէջ ներդրում մը ընե­լու գաղա­փա­րը խարսխուե­ցաւ ձեր մէջ։

— 2000 թուա­կա­նին առա­ջին անգամ ըլլա­լով ես ու կինս‘ Նայի­րին այցե­լե­ցինք Հայաստան եւ ուղղա­կի սիրա­հա­րուե­ցանք անոր։ Շատ լաւ տպաւո­րութիւննե­րով վերա­դարձանք Գանա­տա ու քանի մը անգամ եւս այցե­լե­լէ ետք որո­շե­ցի, որ Հայաստա­նը առօ­րեայ կեանքիս մէջ պէտք է աւե­լի ներկայ ըլլայ, ուստի զբօ­սաշրջիկ ըլլա­լու հանգա­մանքը շրջանցե­ցի եւ ծրա­գիր մը մշա­կե­լով հայրե­նի­քիս հետ աւե­լի առընչուե­ցայ։ 2002-ին նորա­շէն շէնքէ մը բնա­կա­րան գնե­ցինք ու այդ տունը մեզի յանձնուե­ցաւ 2004-ին։ Մինչ այդ աշխա­տանքա­յին մի քանի ծրա­գիրնե­րով վերա­դարձայ Երեւան։ Առա­ջին անգամ Արմաւի­րի մարզէն հողա­շերտ մը գնե­ցի ու ինծի խրա­խուսող գիւղատնտես տեղա­ցի ընկե­րոջս խորհուրդին ականջ տալով պտղա­տու ծառեր ցանե­ցինք։ Երկու տարի անցաւ ի զուր եւ գումարներ ծախսուե­ցան առանց արդիւնք ստա­նա­լու։ Յուսա­խա­բութիւն ապրե­ցայ, սակայն չյանձնուե­ցայ ու որո­շե­ցի ուրի­շին առաջնորդութեամբ ծրա­գիրներ չմշա­կել, այլ իմ մասնա­գի­տութեանս ծիրէն ներս մնալ ու անպայման յաջո­ղիլ։

Հարցում։ Ի՞նչ էր այդ նոր ներդրումը եւ ինչպի՞սի հանգրուաննե­րէ անցաք յաջո­ղութեան հասնե­լու համար։

— Ես մասնա­գի­տութեամբ ակնա­գէտ եմ, Թորոնթո­յի մէջ ունիմ ակնա­բուժա­յին կեդրոններ, որոնք նախնա­կան հոգա­տա­րութիւն primary care կ’ապահովեն հիւանդնե­րուն եւ որոնց մէջ կ’աշխատին վեց ակնա­բուժներ, իւրա­քանչիւր կեդրո­նի մէջ կայ optic-ական ակնոցներ վաճա­ռե­լու եւ contact lense պատրաստե­լու բաժին ու տարա­լուծա­րան։ Ուզե­ցի ասոր միեւնոյն պատճե­նը ձեռնարկել Հայաստա­նի մէջ եւ 2004-ին ձմրան Հայաստան մեկնե­ցայ ու զանա­զան պրպտումնե­րէ ետք անդրա­դարձայ, որ հոն արեւմտեան չափա­նիշնե­րով արդիա­կան ակնա­բուժա­րաններ եւ ակնա­յին ախտո­րոշման կեդրոններ չկան։ Ծրագրի իրա­կա­նացման  նախնա­կան աշխա­տանքնե­րը մշա­կած ժամա­նակ, Թորոնթո­յի ակնա­բոյժ ընկերնե­րէս մէկը, հանգուցեալ ակնա­բոյժ‘ Նատիա Ինճէեան,  խանդա­վա­ռուած ուզեց մաս կազմել անոր եւ 2005‑ի ամրան OPTOMED CANADA ակնա­յին ախտո­րոշման կեդրո­նի բացումը կատա­րե­ցինք Երեւա­նի Ալեք Մանուկեան փողո­ցին վրայ, Հայաստա­նի Ամե­րի­կեան Համալսա­րա­նի business կեդրո­նին երկրորդ յարկին մէջ, ուր պաշտօ­նա­վա­րող ակնա­բուժնե­րը վերա­պատրաստած էինք Գանա­տա­կան չափա­նիշնե­րով, նոյնիսկ հարկ եղած պարա­գա­յին Ամե­րի­կա ուղարկե­ցինք զանոնք՝ վերա­պատրաստման նպա­տա­կով։ 2005-էն սկսեալ ակնա­բուժա­րա­նը սկսաւ գործել եւ մենք սկսանք համա­գործակցիլ տեղւոյն ակնա­բուժա­կան հիւանդա­նոցնե­րուն հետ։

Արդեօ՞ք հեզա­սահ կ’ընթանար այդ համա­գործակցութիւնը եւ ինչպի՞սի պայմաններ կը պահաջնուէր ձեզմէ։

— Ախտո­րո­շում կայացնե­լէ ետք հիւանդա­նոց մտնե­լու կարիք ունե­ցողնե­րը կը ղրկէինք հոն, եւ փոխա­դարձա­բար, հիւնդա­նո­ցին մէջ ախտո­րո­շում պահանջող պարա­գա­նե­րը մեզի կ’ուղարկէին անոնք։ Սկիզբի շրջա­նը հեզա­սահ անցաւ, սակայն հետզհե­տէ դադրե­ցուցին համա­գործակցութիւնը, որովհե­տեւ «տակից» գումարներ, այսինքն՝ կաշառք կը պահանջէին հիւանդ ուղարկող բժիշկնե­րը եւ այդ մէկը շատ խոտոր էր ինծի համար ու դէմ էր սկզբունքնե­րուս, երբ որ մերժե­ցի, սկսան հարցե­րու տեղ տալ, հիւանդ չուղարկել եւ իսկոյն մեր ակնա­բուժա­կան կենդրո­նը դարձաւ ամա­յի։ Չյանձնուե­ցանք եւ հակա­ռակ այդ դժուա­րութիւննե­րուն շատ ուժեղ գովազդա­յին արշաւ մը սկսանք‘ հեռուստա­ցոյցի, ռատիո­յի եւ թերթե­րու միջո­ցաւ ու քանի մը ամի­սէն վերա­կանգնե­ցաւ մեր աշխա­տանքը։ Երկու տարի­նե­րու ընթացքին շարունա­կե­ցինք գովազդել։ Հայաստա­նի ժողո­վուրդին եկա­մուտին  համե­մատ պէտք էր յարմարցնէինք ախտո­րոշման սակա­գի­նե­րը, հետեւա­բար մեր ըրած ծախսե­րը, արդի եւ նորաոճ գործիքնե­րու գինե­րը  եւ ընդհանրա­պէս գործարկը շահ չէր ապա­հո­վեր, հետեւա­բար առա­ջին չորս-հինգ տարին բաւա­կան դժուար եղաւ մեզի համար ու անընդհատ ներդրումներ ընե­լով եւ համբե­րա­տա­րութեամբ յաղթա­հա­րե­ցինք այդ դժուա­րութիւննե­րը։

Որքա՞ն ժամա­նակ եւ ճիգ պահանջուե­ցաւ ձեզմէ մինչեւ եկամտա­բեր դարձնէք այս գործարքը։

—Անցեա­լին, բժշկուհի Նատիա Ինճէեա­նին մահուան առթիւ, Թորոնթո­յի մէջ մի քանի անգամ նշուե­ցաւ, որ մեր հիմնարկը բարե­գործա­կան էր. այդ ժամա­նակ յարմար չէր սրբագրութիւններ ընե­լը, սակայն հիմա առիթն է յայտնե­լու, թէ մեր հիմնարկը առա­ջին իսկ օրէն վճա­րո­վի եղած է եւ ոչ բարե­գործա­կան։ Առա­ջին հինգ տարի­նե­րը անցնե­լէ ետք Նատիան, որ 50% տոկո­սով գործընկեր էր, դուրս եկաւ ընկե­րութե­նէն եւ ես շարունա­կե­ցի առանձին պայքար մղել եւ սասունցիի կէներովս ու վճռա­կա­մութեամբս չյանձնուե­ցայ դժուա­րութիւննե­րուն։ Բարե­բախտա­բար, երկու տարի անցնե­լէ ետք ու նոր ծրա­գիրներ մշա­կե­լու արդիւնքով ցած եկա­մուտ ունե­ցող ու վնա­սող ընկե­րութիւնը սկսաւ շահա­բեր դառնալ եւ ատի­կա մեզի հնա­րաւո­րութիւն տուաւ յաւե­լեալ ներդրումներ ընե­լու։ Ահաւասի՛կ, այսօր, 15 տարին անցած է եւ փառք Աստուծոյ, ընդա­լայնած գործարքը շահա­բեր է եւ քլի­նիքի կողքին ունինք optic-ական ծառա­յութիւններ, որոնց արտադրութիւնը կ’ըլլայ Թորոնթո­յի մէջ եւ կ’ուղարկուի Հայաստան։ Այսօ­րուան դրութեամբ, մեր հիւանդնե­րը մէկուկէս-երկու ամիս պէտք է սպա­սեն մինչեւ, որ ախտո­րոշման համար իրենց կարգը գայ։ Ունինք երեք մասնա­գէտ բժիշկներ, որոնք հոյա­կապ աշխա­տանք կը տանին եւ բարձր աշխա­տա­վարձ կը ստա­նան։ Անցեալ տարի արդիա­կա­նա­ցուցինք կեդրո­նին գործիքնե­րը՝ նորաոճ ու այժմէա­կան սարքե­րով։ Արդիա­կա­նացնե­լու որո­շումիս միակ խթա­նը եղաւ Հայաստա­նի ներկայ իրա­վի­ճա­կը, երբոր նոր իշխա­նութիւնը գործի անցաւ եւ նոր հնա­րաւո­րութիւններ ստեղծուե­ցան մեզի համար։

  Նախքան նոր հնա­րաւո­րութիւն ստեղծուի­լը ինչպի՞սի դժուա­րութիւններ ունե­ցաք։

— Գործը շահ ապա­հո­վե­լէ ետք կառա­վա­րա­կան ճնշումներ սկսան բանեցնել մեր վրայ։ Հարկա­յին բաժնի պաշտօ­նեա­ներ, տարբեր պատճա­ռա­բա­նութիւննե­րով, կաշառք վերցնել կը ջանա­յին եւ մեր մերժումնե­րուն արդիւնքով տեղի ունե­ցած ճնշումնե­րը կը  շարունա­կուէին։ Մեր տնօ­րէ­նին եւ աշխա­տա­կիցնե­րուն շեշտած էի, որ որեւէ կաշառք չըլլայ տան անոնց, իսկ եթէ իսկա­պէս խախտում ըրած ենք, ապա՝ այդ խախտումին համա­պա­տասխան տուգանքը ստա­ցա­գիրնե­րով եւ օրի­նաւոր ձեւով վճա­րենք։ Այդպէս ալ եղաւ, պատկե­րա­ցուցէք, որ օր մը $30, 000 գումա­րի  խախտում ներկա­յա­ցուցին անոնք, այն ակնկա­լի­քով, որ մենք իրենց գրպաննե­րը կաշառքով լեցնենք ու զերծ մնանք այդ հսկայ գումա­րը վճա­րե­լէ, բայց մենք գումա­րը վճա­րե­ցինք օրի­նաւոր ձեւով, սակայն դատա­վա­րութեան դիմե­լով վերստա­ցանք զայն։ Օր մըն ալ առողջա­պա­հութեան նախա­րա­րը, որուն կինը տէրն էր հանրա­ծա­նօթ հիւանդա­նո­ցի մը, ինծի իր պետա­կան գրա­սե­նեա­կը կանչեց եւ յայտնեց, որ ժամա­նա­կը եկած է քլի­նիքս իրենց փոխանցե­լու եւ իրենց հետ աշխա­տե­լու։ Բուժկեդրոնս փակել պիտի տային, հիւանդնե­րուն թղթածրարնե­րը ստանձնէին եւ իբրեւ թէ ինծի ալ հոն տեղ մը պիտի յատկացնէին (մինչեւ որ շրջան մը վերջ դուրս հանէին զիս հոնկէ)։  Չհա­մա­ձայնե­ցայ, ուստի քանի մը անգամ հեռա­ձայնով կապուե­ցան տնօ­րէ­նութեան հետ ու անհա­ճոյ խօսակցութիւնննե­րով ուզե­ցին սպառնալ, սակայն ինծի միակ փրկո­ղը այն եղաւ, որ OPTOMED CANADA կեդրո­նը առա­ջին իսկ օրէն գրանցած էինք, որպէս Գանա­տա­յի մասնա­ճիւղ, հետեւա­բար երբոր տեղե­կա­ցան ուշա­դիր եղան եւ հեռաւո­րութիւն պահե­ցին, որովհե­տեւ գիտակցե­ցան, թէ այս անգամ իրենց գործը Գանա­տա­կան ընկե­րութեան մը հետ է։ Ուրիշ դժուա­րութիւն մը եւս կար‘ ամէն անգամ (ամի­սը մէկ կամ երկու), որ ապրանք ուղարկէին Թորոնթո­յէն, մաքսա­յին ահաւոր հարցեր կը ստեղծէին «Զուարթնոց» օդա­կա­յա­նին մէջ եւ մեծ գումարներ կը պահանջէին մեզմէ, եւ մենք ալ այլ ընտրանք չունե­նա­լով կը վճա­րէինք այդ գումարնե­րը։ Յեղա­փո­խութե­նէն անմի­ջա­պէս ետք կառա­վա­րաա­կան գրա­սե­նեակնե­րէն ու հարկա­յին տեսչութե­նէն մեզի պարտադրուած ճնշումնե­րը եւ կաշառքի փորձե­րը ակնյայտ վերա­ցան ու յանկարծ դիւրա­ցաւ Գանա­տա­յէն եկած ապրանքնե­րուն ներմուծե­լը, գինե­րը իջան, որուն արդիւնքով սկսանք յաճա­խա­կի ձեւով աւե­լի շատ ապրանք ներմուծել եւ անորմով օգտա­կար դառնալ հիւանդնե­րուն, ուստի մեր կեդրո­նին համար լաւ անդրա­դարձ ունե­ցան այս ամէ­նը, որովհե­տեւ մատչե­լի գինե­րով շարունա­կե­ցինք մեր աշխա­տանքը, ինչպէս նաեւ տրուած պատուէրնե­րուն աւե­լի շուտ ստա­նա­լը խրա­խուսեց հիւանդնե­րը։

Իսկ ապա­գա­յի ծրա­գիրներ ունի՞ք։ 

— Մենք բժշկա­կան անհրա­ժեշտ ծառա­յութիւններ կու տանք հիւնադնե­րուն, ուստի համա­վա­րա­կի պատճա­ռով միայն երկու ամիս փակե­ցինք մեր կեդրո­նը եւ այժմ շատ լաւ ձեւով կ’ընթանայ մեր աշխա­տանքը։ Ապա­գա­յի համար կը մտա­ծենք ընդլայնել բուժկեդրո­նը, որպէսզի մէկ կամ մէկուկէս ամիս սպա­սե­լու եւ դժկա­մե­լու փոխա­րէն՝ հիւանդնե­րը մէկ շաբթուան ընթացքին ընդունինք քննութեան։ Այս ուղղութեամբ նոր բժիշկ մը եւս կը պատրաստենք, որպէսզի կարե­լի եղա­ծին չափ արագ ընթա­նայ այս գործընթա­ցը։ Այլ ծրա­գիր մըն ալ կայ, որուն համար տակաւին գործնա­կան քայլեր չենք առած, սակայն մեր մտքին մէջ ունինք երկրորդ բուժկեդրոն մը հաստա­տե­լու ծրա­գի­րը Արցա­խի մէջ։

Ի՞նչ կ’ըսէք այն սփիւռքա­հա­յե­րուն, որոնք կը փափա­քին նախա­ձեռնութիւն մը կատա­րել Հայաստա­նի մէջ։

— Նախ շատ լաւ ծրագրուած պիտի ըլլայ նախա­ձեռնութի­նը, միեւնոյն ժամա­նակ ձեր սպա­սումնե­րը չըլլան շուտ շահ ապա­հո­վե­լու ուղղութեամբ, որովհե­տեւ բնակչութեան թիւը եւ եկա­մուտը քիչ է։ Երկա­րա­շունչ ծրա­գիրներ պիտի ըլլան անոնք, բարձր սպա­սումներ պիտի չակընկա­լէք եւ պիտի գիտակցիք, որ ամէն ինչ շատ դանդաղ պիտի ընթա­նայ։ Ամե­նէն կարեւո­րը, որ մեծ համբե­րութիւն պիտի ունե­նաք։ Ես, հակա­ռակ անոր, որ մեծ յաջո­ղութեան հասած եմ, սակայն մինչեւ այսօր մեծ շահոյթի սպա­սումներ չունիմ։ Հիմնա­կան նպա­տակս եղաւ հայրե­նի­քի հետ կապ ստեղծելն ու պահե­լը, որպէսզի յաճախ հայրե­նիք այցե­լեմ եւ գործ հայթայթեմ տեղի բնակչութեան։ Ժամա­նա­կին աջ ու ձախ նուի­րա­տուութիւն կու տայի Հայաստա­նի համար, սակայն գործերս դասաւո­րե­լէ ետք որո­շե­ցի, որ իմ նուի­րա­տուութիւնը պիտի ըլլայ գործիս միջո­ցաւ եւ մշտա­կան եկա­մուտի առիթ ստեղծե­լով տեղա­ցի հայրե­նա­կիցնե­րուս ու իրենց ընտա­նիքնե­րուն։ Փառք Տիրոջ, նպա­տակս յաջողցնե­լով հասայ Հայրե­նի­քիս օգտա­կար դառնա­լու նպա­տա­կիս եւ հոգե­կան մեծ գոհունա­կութեամբ կը շարունա­կեմ եւ պիտի շարունա­կեմ այս ճամբուն վրայ քալե­լու։

Աղբյուրը՝ torontohye.ca

Առնչվող Հոդվածներ