Հայաստան

Գաղափարախօսութիւն՝ Թուղթի Վրայ…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Օլիգարխին պաշտպանութեան ելած են մարդիկ, որոնք սկզբունքով դէմ պէտք է ըլլան օլիգարխիային, մանաւանդ անոնց, որոնք կասկածելի գործունէութեամբ հարստութիւն դիզած են եւ հանրածանօթ են իրենց քրէական անցեալով:

Ահաւասիկ ասոնք են Հայաստանի մէջ գործող սուտլիկ ընկերվարականները, յեղափոխական անունը կրող կուսակցութեան, բայց յեղափոխականութենէ փարսախներով հեռու գտնուող օլիգարխիայի ծառաները: Այլ բան ի՞նչ կարելի է ակնկալել մարդոցմէ, որոնք իրենց քաղաքական գործունէութեան համար չունին ժողովրդային աջակցութիւն, եւ ֆինանսապէս սնուած են ու կը սնուին հայաստանեան-ռուսաստանեան օլիգարխներէ, որոնց համար ոչ յեղափոխութիւնը արժէք ունի, ոչ ընկերվարութիւնը, ոչ ալ ընկերային արդարութիւնը:

Ահաւասիկ այս է Հայաստանի մէջ գործող հին եւ նոր կուսակցութիւններու սկզբունքայնութեան եւ գաղափարականութեան մակարդակը:
Եւ յետոյ կը բողոքեն, որ այսօրուան իշխանութիւնները գաղափարաբանութիւն չունին: Իսկ թուղթի վրայ գաղափարաբանութիւն ունենալը, բայց այդ գաղափարախօսութեան հակառակ գործելը աւելի վատ չէ՞, քան գաղափարաբանութիւն ընդհանրապէս չունենալը:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *