24.7 C
Yerevan

Գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն՝ Թուղթի Վրայ…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Օլի­գարխին պաշտպա­նութեան ելած են մարդիկ, որոնք սկզբունքով դէմ պէտք է ըլլան օլի­գարխիա­յին, մանաւանդ անոնց, որոնք կասկա­ծե­լի գործունէութեամբ հարստութիւն դիզած են եւ հանրա­ծա­նօթ են իրենց քրէա­կան անցեա­լով:

Ահաւա­սիկ ասոնք են Հայաստա­նի մէջ գործող սուտլիկ ընկերվա­րա­կաննե­րը, յեղա­փո­խա­կան անունը կրող կուսակցութեան, բայց յեղա­փո­խա­կա­նութե­նէ փարսախնե­րով հեռու գտնուող օլի­գարխիա­յի ծառա­նե­րը: Այլ բան ի՞նչ կարե­լի է ակնկա­լել մարդոցմէ, որոնք իրենց քաղա­քա­կան գործունէութեան համար չունին ժողովրդա­յին աջակցութիւն, եւ ֆինանսա­պէս սնուած են ու կը սնուին հայաստա­նեան-ռուսաստա­նեան օլի­գարխնե­րէ, որոնց համար ոչ յեղա­փո­խութիւնը արժէք ունի, ոչ ընկերվա­րութիւնը, ոչ ալ ընկե­րա­յին արդա­րութիւնը:

Ահաւա­սիկ այս է Հայաստա­նի մէջ գործող հին եւ նոր կուսակցութիւննե­րու սկզբունքայնութեան եւ գաղա­փա­րա­կա­նութեան մակարդա­կը:
Եւ յետոյ կը բողո­քեն, որ այսօ­րուան իշխա­նութիւննե­րը գաղա­փա­րա­բա­նութիւն չունին: Իսկ թուղթի վրայ գաղա­փա­րա­բա­նութիւն ունե­նա­լը, բայց այդ գաղա­փա­րա­խօ­սութեան հակա­ռակ գործե­լը աւե­լի վատ չէ՞, քան գաղա­փա­րա­բա­նութիւն ընդհանրա­պէս չունե­նա­լը:

Առնչվող Հոդվածներ