Նամակ Երկրէն

ՊԱՏԵՐԱԶՄ Է ԵՒ ԱԶԳԸ՝ ԲԱՆԱԿ

Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէն

Անկարելի է բառերով բացատրութիւնը տալ Հայաստանի մէջ տիրող մթնորոտին: Պատերազմ է եւ ազգը ամբողջութեամբ՝ դարձած է բանակ:

Երեւանի փողոցներուն վրայ երիտասարդներ Արցախի տուժած ընտանիքներուն համար օգնութիւն կը հաւաքեն, ոմանք ծածկոցներ կը բերեն, ուրիշներ՝ սննդեղէն, շատեր դեղօրայք կը նուիրեն, ուրիշներ՝ ալիւր, կամ գումար:

Երիտասարդ ու նոյնիսկ տարեց քաղաքացիներ հաւաքուած են զինկոմիսարիատներուն առջեւ եւ կամաւոր գրանցուելու համար հերթի կանգնած են ու համբերութեամբ կը սպասեն, թէ երբ իրենց անունը պիտի կանչուի…

Անհատներ, գործարար մարդիկ, ընկերութիւններ, մանր ու միջին բիզնէսներ նուիրատւութիւն կը կատարեն Համահայկական Հիմնադրամին եւ Զինուած Ուժերու կարիքներուն, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան կամ սրտէն բխածին չափով: Ընկերութիւններ հասկացողութեամբ եւ ըմբռնումով կը մօտենան կամաւոր ռազմաճակատ մեկնող պաշտօնեայ երիտասարդներուն:

Ռազմական իրավիճակ է Հայաստանի մէջ բառին բուն եւ իսկական առումով: Ամէն մարդ, մեծով-փոքրով, իր մարմնին վրայ, իր հոգւոյն խորքը, իր գիտակցութեան ընդմէջէն կը զգայ ու կ’ապրի պատերազմական իրավիճակը: Պատերազմ է եւ հայաստանցին այսօր այլ օրակարգ չունի, այլ մտահոգութիւն եւ այլ խնդիր չունի, պատերազմը կը սկսի երբ ան կը բանայ իր աչքերը, եւ կը շարունակուի իր գիշերային երազին մէջ: Պատերազմը, պարզապէս, իւրաքանչիւրի էութեան մաս կը կազմէ այս օրերուն:

Կառավարութիւնը ընդհանուր զօրակոչ յայտարարած է եւ հազարաւոր մարդիկ կը սպասեն, թէ երբ պիտի հնչէ հայրենիքին նուիրուելու զանգը: Շատեր նոյնիսկ չեն սպասէր հրամանատարի կանչին եւ պատասխանատւութեան ամենաբարձր գիտակցութեամբ առանց տատամսելու կը ներկայանան զինկոմիսարիատ:

Մայրերը տխուր են ու… սակաւախօս: Քոյրեր, կիներ, ընկերուհիներ մտահոգ են եւ յուզուած: Հայրերն ու Պապերը չեն կրնար ցոյց տալ իրենց անհանգստութիւնը, զաւակ կամ եղբայր կորսնցնելու վախի առթած սարսափը: Պատերազմ է, եւ տղամարդիկ իրենք իրենց կը զրկեն յոյզ եւ տագնապ ցոյց տալու իրաւունքէն: Պատերազմ է, տղամարդիկ ուժեղ պիտի մնան, եւ պատրաստ պիտի ըլլան գերագոյն զոհողութեան: Սա՛ է Հայաստանի անգիր օրէնքը:

Օրս կը սկսի արտասահմանէն եկող անդադրում հեռախօսազանգերով: Զօհրապն է, Ամերիկայէն, մտահոգ է եւ «ի՞նչպէս օգնենք», կը հարցնէ: Յետոյ Յակոբը՝ ԱՄԷ-էն, գումար կ’ուզէ փոխանցել բանակի կարիքներուն, քիչ ետք՝ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործընկերս է, Յուսիկը, «Ռուսաստանից եւ ԱՄՆից մեր հետ են կապնուել, ուզում են գումար նուիրել», կ’ըսէ: Եւ այսպէս՝ շարունակ:

Եւ այս բոլորի ընթացքին՝ հեռուստացոյցի պաստառին վրայ լուրերը կը հաղորդեն մեր նահատակներուն անունները: Վիշտն ու չմարող ցաւը նոր բոյներ կը գտնեն հայկական ընտանիքներու մէջ… Քիչ յետոյ, հերոսական լուրեր՝ հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողը առիւծի կռիւով պաշտպանող մեր զինուորներու սխրանքներէն: Սիրտդ կ’ուզէ պայթիլ հպարտութենէն եւ ուրախութենէն: Եւ այսպէս՝ մահն ու կեանքը կը բռնկին հայկական էութեանդ մէջ, վիշտն ու հրճուանքը զիրար գրկած, կրակի բոցերու նման կը ճաթրտին հոգիիդ մէջ:

Օրս մօտեցած է իր աւարտին: Հեռախօսազանգ կը ստանամ: Միհրան Ասատրեանն է, երիտասարդ, կտրիճ ընկերներէս մին: «Ես վաղը գնում եմ Արցախ», կ’ըսէ սարնասրտութեամբ եւ կը բացատրէ, որ իր ընկերները կը շարունակեն օգնութիւններ հաւաքելու աշխատանքը: Կը խնդրէ, որ օգտակար ըլլամ: Կը խոստանամ օգնել եւ կը զգամ, թէ որքան քիչ է իմ ըրածս՝ իր նման տղոց նուիրումին բաղդատած: Աւելորդ խօսքեր ըսելու ժամանակը չէ: «Բարի ծառայութիւն, Աստուած պահապան», կ’ըսեմ, կարճ, կտրուկ եւ սրտաբուխ:

Գիշերը դիմատետր կը բանամ եւ պատերազմը կը շարունակուի այնտեղ: Լրահոսքին եւ գրառումներուն մէջ աչքիս կը զառնէ Միհրանի գրառումը: Միայն մէկ բառ՝ «գնացինք»…

Օրը հասած է իր աւարտին, պատերազմը՝ աւարտելէ շատ հեռու կը թուի: Հիմա արդէն պիտի շարունակուի երազներուս մէջ: Իսկ գիշերը, Արցախի ճակատներուն վրայ, իրական պատերազմը կրակ պիտի տեղայ անձրեւի պէս: Մայրեր անքուն գիշերներ պիտի անցնեն, տղաքը կրակին պիտի պատասխանեն կրակով եւ հայրենի իւրաքանչիւր թիզ հողի համար մինչեւ վերջին կաթիլ արիւն՝ կռիւ պիտի մղեն, ու պիտի հարուածեն ուժգին, ահարկու, վստահ, աննահանջ…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէնՊԱՏԵՐԱԶՄ Է ԵՒ ԱԶԳԸ՝ ԲԱՆԱԿԱնկարելի է բառերով բացատրութիւնը տալ Հայաստանի մէջ տիրող մթնորոտին: Պատերազմ է…

Posted by Raffi Doudaklian on Monday, September 28, 2020

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *