26.7 C
Yerevan

ՍԱ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿՌԻՒՆ Է

Րաֆֆի Տուտագլեան

Թուրքիան եւ Ադրբե­ջա­նը Հայաստա­նի եւ հայ ժողո­վուրդի հետ վերջնա­կան հաշուե­հարդա­րի ելած են: Ալիեւն ու Էրտո­ղա­նը կը փորձեն իրա­կա­նացնել համաթրքութեան վաղե­մի երա­զը՝ ո՛չ Հայաստան, ոչ ալ հայութիւն՝ Հայկա­կան Բարձրաւանդա­կի վրայ եւ Կովկաս ու Անդրկովկաս կոչուած տարածքնե­րուն մէջ:

Այս պատե­րազմը ոչ թէ Արցա­խի դէմ է, ոչ թէ Հայաստա­նի դէմ է, այլ այս պատե­րազմը կը մղուի համայն հայութեան դէմ, հայկա­կան գոյութեան դէմ, հայկա­կան ամէն ինչի դէմ՝ հող, տարածք, մշա­կոյթ, ինքնութիւն եւ գոյութեան տարրա­կան իրաւունք:

Թէ՛ Էրդո­ղա­նը, թէ՛ Ալիեւը շատ բան ունին կորսնցնե­լիք՝ եթէ պարտուած դուրս գան այս պատե­րազմէն: Շատ բան ունի կորսնցնե­լիք թրքութիւնը, որ այսօր կը փորձէ վերա­կանգնիլ Էրտո­ղա­նի առաջնորդութեամբ՝ իբրեւ նոր Օսմա­նեան կայսրութիւն: Ուրեմն, Ալիեւն ու Էրտո­ղա­նը պիտի երթան մինչեւ վերջ, այս պատե­րազմը վերա­ծե­լով իրենց քաղա­քա­կան ամե­նա­մեծ խաղա­թուղթին, որ իրենց համար պէտք է դառնաձ յաղթա­թուղթ:

Եւ կասկած չունե­նաք: Այս պատե­րազմը վերջ պիտի չունե­նայ, այնքան ատեն որ Ալիեւեան եւ Էրտո­ղա­նեան ցեղա­պաշտ, հակա­հայ եւ նէո-օսմա­նեան քաղա­քա­կա­նութիւնն է, որ կ’իշխէ այս երկու բորե­նի­նե­րու մտա­ծո­ղութեան վրայ: Այս պատե­րազմը, եթէ նոյնիսկ հրա­դա­դա­րով կանգնի այսօր, պիտի վերսկսի ապա­գա­յին, այնքան ատեն որ Հայաստանն ու հայութիւնը կը փորձեն գոյա­տեւել հայ ժողո­վուրդի պատմա­կան հայրե­նի­քի այս վերջին բեկո­րին վրայ՝ Արցա­խէն մինչեւ Տաւուշ եւ Շիրակ:

Եւ այսօր, Հայաստա­նի սահմաննե­րուն եւ քաղաքնե­րուն վրայ հաւա­քուած է համաթրքութեան ամբողջ ներուժը՝ ծայրա­յեղ իսլա­միստա­կաննե­րով սկսած մինչեւ Թուրքիոյ զինա­նո­ցի ամե­նաարդիա­կան եւ ամե­նա­մա­հասփիւռ զէնքե­րը: Նպա­տա­կը մէկն է, մէջք կոտրող հարուա­ծով ծունկի բերել Հայաստանն ու հայութիւնը եւ միանգա­մընդմիշտ լուծել հայկա­կան խնդիր կոչուա­ծը՝ իր բոլոր շերտե­րով:

Թրքա­կան դամոկլեան սուրը կախուած է Հայաստա­նի ու հայութեան գլխուն: Հայ ժողո­վուրդի գոյութեան դէմ յայտա­րա­րուած կռիւ է տեղի ունե­ցա­ծը: Ուրիշ ոչինչ: Եւ այս պատե­րազմը սոսկ Արցա­խի պաշտպա­նութեան համար չէ: Այս կռիւը մեր գոյա­մարտն է, մեր կենաց մահուան կռիւն է:

Եւ ինչպէս միշտ, այսօր եւս հայ ժողո­վուրդը առանձին է իր գոյա­պայքա­րի այս հերթա­կան պատե­րազմի ընթացքին: Առանձին, ոչ թէ որովհե­տեւ չունի դիւա­նա­գի­տութիւն եւ չունի արտա­քին հաշուարկուած քաղա­քա­կա­նութիւն, այլ առանձին է որովհե­տեւ Էրտո­ղա­նով վերա­զարթնած համաթրքութիւնը, ուշ կամ կանուխ, պիտի գար հաշուե­հարդար կատա­րե­լու հայութեան պատմա­կան հայրե­նի­քին վրայ ապող վերջին բեկորնե­րուն հետ: Եւ ինչպէս անցեա­լին, այսօր եւս ոչ ոք պիտի գայ Հայաստա­նի սահմանն ու հայ ժողո­վուրդի կեանքը պաշտպա­նե­լու:

Մեզի կը մնայ միայն մէկ բան՝ համախմբել ուժե­րը եւ կռիւը մղել ոչ թէ սահմաննե­րը պաշտպա­նե­լու, այլ երեկ, այսօր եւ վաղը մեր վրայ սուր ճօճած ու մեզ սպաննող, մեր ցեղի կէսէն աւե­լին բնաջնջած, մեր գոյութեան իրաւունքը մերժող թշնա­միին դէմ կենաց-մահու պայքա­րը յաղթա­նա­կով աւարտե­լու անկոտրում կամքով եւ վճռա­կա­նութեամբ:

Մեր կեանքի, մեր ապրե­լու, մեր արա­րե­լու, հայրե­նի հողին վրայ մեր գոյութեան կռիւն է, որ տեղի կ’ունե­նայ այսօր, եւ որ կրնայ ինչ-որ միջամտութիւննե­րով կարճ դադար ունե­նալ, բայց անպայման պիտի կրկնուի մօտիկ թէ հեռու ապա­գա­յին: Սա թրքութեամբ շրջա­պա­տուած մեր երկրի, մեր ժողո­վուրդի դաժան ճակա­տա­գիրն է: Մեր խաչը, որ պիտի կրենք մեր գոյութեան ամբողջ ընթացքին:

Այս կռիւը մենք պիտի տանինք միասնա­բար: Ուժե­րու ամբողջա­կան լարումով եւ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ սկզբունքով:

Այս կռիւը մենք պիտի տանինք մեր մոլո­րա­կի բոլոր այն երկիրնե­րուն, քաղաքնե­րուն, գիւղե­րուն, թաղե­րուն եւ վայրե­րուն մէջ, ուր հայ մարդ գոյութիւն ունի:

Այս կռիւը մեր բոլո­րիս կռիւն է, անկախ կուսակցա­կան, դաւա­նա­կան, գաղա­փա­րա­կան եւ քաղա­քա­կան համո­զումնե­րէ:

Այս կռիւը մեր ժողո­վուրդի գոյութեան իրաւունքի կռիւն է, մեր նոր Սարդա­րա­պա­տը: Եւ մենք պարտուե­լու իրաւունք չունին:

Եւ, այո՛, ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Առնչվող Հոդվածներ